Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոիսարձակի Տակ. Արտագաղթի Դիմաց Ձեռնածալ Մնալը Հաւասարազօր Է Ինքնասպանութեան

June 28, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ.Շ.

Արտագաղթի հարցը դարձեալ հրատապօրէն կ՛արծարծուի մեր հայրենիքի մէջ, իր վրայ կեդրոնացնելով հայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ուշադրութիւնը:

Իրաւացիօրէն այսօր արտագաղթը կը համարուի մեր մայր հայրենիքը` Հայաստանը ճգնաժամի մատնող ամենահրատապ եւ ամենամտահոգիչ հիմնախնդիրներէն, որ անպայման եւ ամէն գնով պէտք է սանձել, ընդմիշտ կասեցնել, որովհետեւ ուղղակիօրէն կը սպառնայ մեր ազգային անվտանգութեան, մեր գոյութեան:

Մեր երկրէն արտագաղթի ծաւալները այնքան մագլցած եւ ահագնացած են, որ Ազրպէյճան սկսած է իր հետագայ քաղաքական հաշուարկները կառուցել այս ուղղութեամբ ցնորական երազներ որոճալով եւ դէպի արտասահման հայերու հսկայազանգուած հոսքին մեծ յոյսեր կապելով:

Արդարեւ, 29 մայիս 2013-ին, Ազրպէյճանի անկախացման տարեդարձին առիթով իր արտասանած ճառին ընդմէջէն Իլհամ Ալիեւ յայ-տարարած է. «Եթէ Ազրպէյճանի բնակչութեան աճի կշռոյթը պահպանուի ներկայ համեմատութեամբ, ապա 5-7 տարի ետք մեր երկրի քաղաքացիներուն թիւը տասնապատիկ աւելի պիտի ըլլայ, քան Հայաստանինը: Իսկ նման տարբերութիւն մը ինքնին մեծ ներուժ կը պարունակէ»:

Ալիեւ կրտսերի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը պէտք է զետեղել ներքին եւ արտաքին ճակատներու սպառման համար նախատեսուած հնարքներու շրջագիծին մէջ:

Ալիեւ աւելի ճիշդ պիտի ընէր, եթէ Հայաստանէն արտագաղթող հայերու մասին արտայայտուելէ առաջ անդրադառնար իր երկրէն հեռացող ազրպէյճանցիներու հարցին: Յիրաւի, այսօր մեծաթիւ ազրպէյճանական համայնք գոյութիւն ունի Ռուսիոյ մէջ: Կատարուածը, ինչպէս կանխանշեցինք, պարզապէս քարոզչական նպատակներով հրապարակուած յայտարարութեանց շրջածիրին մէջ պէտք է տեղադրել: Յստակ է նաեւ, որ եթէ խաղաղութիւն հաստատել կը ցանկանք, պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի, ամրակայենք մանաւանդ մեր անվտանգութեան եւ ռազմական ենթակառոյցները:

Պէտք է ընդունիլ, որ Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը հայութեան համար ճշմարտութեան բաժիններ եւ օգտակար յղումներ կը ներփակէ: Թշնամի պետութեան ղեկավարը մեծապէս կարեւորելով Հայաստանէն արտագաղթը իր երկրի ռազմավարութեան համար` արդէն մեր հայրենի իշխանութիւններուն կը յուշէ իրենց առաջնահերթ պարտականութիւնները:

Շարունակուող արտագաղթը թէեւ նոր երեւոյթ չէ մեր հայրենիքին համար, սակայն տակաւ կը զգենու մղձաւանջի հանգամանք, որովհետեւ ժողովրդագրական անվտանգութիւնը լուրջ եւ համալիր խնդիր է:

Անառարկելիօրէն, հայրենի հայութեան արտագաղթի գլխաւոր դրդապատճառներէն կը նկատուին երկրին ընկերատնտեսական թշուառ կացութիւնը, աղքատութիւնը, գործազրկութիւնը, աշխատաւորի սահ-մանափակ ու անբաւարար եկամուտը, կեանքի յարատեւ սղաճը… Անհանդուրժելի նման իրավիճակի իբրեւ հետեւանք` բազում հայրենակիցներ կը պարտաւորուին վերցնել պանդխտութեան ցուպը` օտար երկրակամարներու տակ իրենց կեանքը շարունակելու, տաժանակիր աշխատանքով եւ դառն վաստակով իրենց ընտանիքի ապրուստը հոգալու համար:

Սակայն վերոյիշեալները ճշմարտութեան մէկ երեսը կը ներկայացնեն միայն: Որովհետեւ, բացի ընկերատնտեսական դժուարութիւննե-րէն, արտագաղթի գլխաւոր հիմնապատճառներ կը հանդիսանան նաեւ իրաւազրկութիւնն ու ընկերային անարդարութիւնը: Արհամարհելի չէ թիւը այն քաղաքացիներուն, որոնք տեւաբար պետական ատեաններու եւ պատկան մարմիններու մօտ արդար ու սրտցաւ վերաբերմունքի չհանդիպելով` անպաշտպանուածութեան զգացողութեան անձնատուր կը դառնան, կը խորշին եւ կ՛արտագաղթեն իրենց հայրենիքէն:

Հայաստանի մէջ «պիզնըս» ծաւալելու, առեւտրական կամ ձեռնարկատիրական ծրագիրներ մշակելու եւ յաջողցնելու մենաշնորհը վերապահուած է միայն պետական պաշտօնեաներուն ու անոնց զաւակներուն, երբեմն ալ` անոնց դրամատէր ազգականներուն, իսկ հանրութեան մեծամասնութեան առջեւ դռները առհասարակ փակ են:

Սփիւռքահայ գործարարներ ու դրամատէրեր յաճախ գանգատած են, որ Հայաստանի մէջ իրենց տնտեսական նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս անպաշտպան մնացած են, պետական պաշտօնեաներ եւ տեղական հեղինակութիւններ արհեստական խոչընդոտներով ու սպառնալիքներով ահաբեկող եւ անապահով մթնոլորտ ստեղծած են երկրի մէջ եւ ձախողութեան մատնած` իրենց առեւտրաարդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական ծրագիրները, որոնք այլապէս օգտակար եւ փոխշահաւէտ կրնային ըլլալ թէ՛ ձեռնարկատիրոջ, թէ՛ հայաստանցի աշխատաւորին եւ թէ՛ հայրենի պետութեան:

Յիշեալներուն զուգահեռ, մտահոգիչ տարողութեամբ բազմացած են նաեւ երկրէն հեռացող արհեստավարժ, զարգացած, մտաւորական եւ արդիւնաբերող տարիքի քաղաքացիները, որոնք իրենց աշխատանքային ասպարէզի լաւագոյն մասնագէտները ըլլալով հանդերձ, տարիներ շարունակ ըստ արժանւոյն գնահատուելու, ընկերային համապատասխան վարկ եւ դիրք գրաւելու հնարաւորութիւն չեն ունեցած պարզապէս ընկերային արդարութեան բացակայութեան պատճառով:

Սեփական քաղաքացիներու դէպի արտասահման արտահոսքէն բացառուած չէ որեւէ երկիր: Քաղաքացին իր երկրին մէջ պէտք է բարօր, ուրախ, երջանիկ ու արժանապատիւ կեանք ապրի, որպէսզի չմտածէ պանդխտանալու մասին:

Սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնք, լաւ թէ վատ, ի՛նչ պայմաններով ալ ապրին, կը ցանկան անպայման դուրս գալ իրենց երկրէն, որովհետեւ սեփական ապագան ու յաջողութիւնը կը տեսնեն միայն օտար երկնակամարներու տակ:

Մարդիկ կը հեռանան իրենց երկրէն, որովհետեւ օտար ափերու վրայ կը յաջողին կեանքի աւելի նպաստաւոր պայմաններ ապահովել, բար-գաւաճ գալիքի առնչութեամբ լուսաւոր տեսլական ուրուագծել: Մեր հայրենակիցները կը գաղթեն Հայաստանէն` առանձին կամ իրենց ընտանիքներով, մշտական թէ առժամեայ դրութեամբ:

Պատմութեան ողջ տեւողութեան մեր երկրէն արտագաղթը եղած է անպակաս: Հաւանաբար պատճառները եղած են համանման, նոյնատեսակ: Հայը այն հազուագիւտ ժողովուրդներէն է, որուն գրականութիւնը կ՛ընդգրկէ պանդխտութեան երգեր: Հարազատներու եւ հայրենի կարօտը իր սրտին` օտարութեան մէջ ապրող պանդուխտներու կեանքն ու դժուարութիւնները յաճախ դարձած են մեր բանաստեղծներուն եւ ստեղծագործ արուեստագէտներուն ներշնչանքի կենարար, հարուստ աղբիւր:

Անցեալին մեր հայրենակիցները առհասարակ օտար երկիրներ կը ճամբորդէին դրամ վաստկելու, ապա իրենց ծննդավայր կամ հայրենիք վերադառնալով` սեփական ընտանիքի կենսամակարդակը բարելաւելու համար:

Արտագաղթը այսօր հսկայական ծաւալներու հասած է, ահագնացած, որուն դէմ յանդիման ձեռնածալ մնալը հաւասարազօր է ինքնասպանութեան:

Համաձայն վիճակագրական պաշտօնական տուեալներու, ընթացիկ 2013 թուականի առաջին չորս ամիսներուն օդային ճանապարհով Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը 15 հազարով կը գերազանցէ անցեալ տարուան նոյն ամիսներուն ճամբորդածներու քանակը: Ասոնց պէտք է գումարել նաեւ տուեալ ժամանակամիջոցին ցամաքի ճամբով երկրէն հեռացած քաղաքացիները, որոնք եւս նկատառելի թիւ կը կազմեն:

Այս տարի տասը հազարով նուազած է Հայաստանի տարբեր կրթական հաստատութիւններէն շրջանաւարտ աշակերտներուն քանակը, ինչ որ դարձեալ մտահոգիչ եւ ուսանելի պարագայ է:

Իսկ ամենաանհանգստացնող երեւոյթը կը մնայ այն, որ հայրենիքը լքելու հնարաւորութեան տէր ոչ արհամարհելի թիւով քաղաքացիներ, որոնք կը շարունակեն տոկալ եւ կը մերժեն հեռանալ սեփական բնօրրանէն, համապատասխան գնահատականի, դրական վերաբերումի չեն արժանանար, չեն խրախուսուիր:

Անցնող քսան տարիներուն մեր հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ ապրած ու գոյատեւած է գրեթէ մեկուսի` առանց շօշափելիօրէն զգալու պետութեան օժանդակութիւնը: Անոր կեանքը եղած է դժուար, ցաւոտ ու զրկանքներով յագեցած:

Մեր երկրի քաղաքացիները անտէր ու լքուած պէտք չէ մնան: Պետութիւնը պէտք է կիսէ անոնց մտահոգութիւնները, տեւաբար պէտք է փութայ յաղթահարելու անոնց դժուարութիւնները: Նման դրական եւ յուսատու վերաբերումի ականատես դարձանք վերջերս, երբ մեր հայրենի իշխանութիւններ չուշացան հինգ տասնեակ գիւղական համայնքներ պատուհասած կարկուտէն տուժածներուն անմիջականօրէն օգնութեան ձեռք երկարելու:

Յուսադրող ու գօտեպնդիչ է միանգամայն այն հանգամանքը, որ վերոնշեալ բնական աղէտէն վնասուած գիւղացիներուն աջակցելու նպատակով ստեղծուած ֆոնտին իրենց յատուկ միջոցներէն գումարներ կամ նպաստներ տրամադրեցին ու կը շարունակեն տրամադրել պետական տարբեր կառոյցներ եւ նախարարութիւններ, ինչպէս նաեւ` առանձին գործարարներ:

Ճիշդ է, որ կարելի չեղաւ աղէտեալ բերքը փրկել, սակայն անհրաժեշտ է անյապաղօրէն օգնութեան հասնիլ տուժած գիւղացիներուն:

Անշուշտ պետութիւնը կարկուտի եւ բնական աղէտի պիտի չսպասէ, որպէսզի կանգնի քաղաքացիներու կողքին: Բարենպաստ եւ արեւոտ եղանակին եւս մեր երկրի հասարակութեան զգալի մէկ զանգուածը օժանդակութեան կարիք ունի: Առ այդ, համապարփակ միջոցներու պէտք է ձեռնարկուին շարունակ` բնական պայմաններու տակ թէ արտակարգ իրավիճակներու պարագային: Պետութեան ներկայութիւնը զգալի պէտք է դառնայ երկրի ողջ տարածքին` ամէնօրեայ դրութեամբ: Այլապէս, արտագաղթի կենսունակութենէն օգտուող ճամբորդական ընկերութիւններու գործունէութիւնը առաւել պիտի բարգաւաճի:

Մեր հայրենի պետութեան կը մնայ համընդհանուր զօրաշարժով, ընձեռուած կարողականութեանց ու հնարաւորութիւններու անմնացորդ տրամադրումով արտասովոր աշխատանքի ձեռնարկել եւ արդիւնաւոր լուծումներու հասնիլ: Այլապէս երկիրը վտանգուած է:

ԳԱՆՁԱՍԱՐ

Նախորդը

Մորթային Հիւանդութիւններ

Յաջորդը

Գաղտնի Հայեր Անատոլիայում (Արեւմտեան Հայաստանում – Խմբ.) Եւ Սղերդում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.