Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի Նորահաստատ Երիզաշարը

June 24, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻԳԷՆ ԱՒ. ՍՐԿ. ՔԻՒՐՔԼԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը կը գտնուի Պիքֆայայի բարձունքին, ուր զանազան հայագաղութներէ եկած հայ պատանիներ ու երիտասարդներ ուսում եւ հայեցի կրթութիւն կը ստանան, հոգեպէս եւ բարոյապէս կը թրծուին ու Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրուելու կը պատրաստուին:

Դպրեվանքը մեկուսացած պարզ գիշերօթիկ մը չէ, այլ ան 1930-էն ի վեր կը դարբնէ այնպիսի նուիրեալ մտաւորականներ եւ հոգեւորականներ, որոնք ամբողջական նուիրումով մեր ժողովուրդին կ՛երթան: Անոնք աշխատանքի եւ ծառայութեան ոգին կ՛առնեն դպրեվանքէն եւ մեր ազգին երթալով` հայ ժողովուրդը դէպի Աստուած կ՛առաջնորդեն:

Դպրեվանքին գլխաւոր նպատակը հայակերտումն է, որ երկու հանգրուաններով կ՛իրագործուի: Դպրեվանեցիներ, նախ ժառանգաւորաց բաժնին մէջ, մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ իմացական գանձերուն ժառանգորդը կը դառնան եւ ապա, ընծայարանի բաժնին մէջ, իրենց անձնդիր ընծայման նախաքայլերը կ՛առնեն:

Դպրեվանեցիներ արդէն իսկ իրենց առաքելութեան կը լծուին, երբ ընծայարանական կը դառնան: Ընծայարանականներ պարտաւոր կը զգան դպրեվանքէն իրենց ստացածը մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցելու: Անոնք հոգեւոր խորհրդածութիւններ կ՛ընեն, եկեղեցիներ ու հայկական դպրոցներ կ՛այցելեն եւ քարոզներ ու դասախօսութիւններ կու տան:

Վերջին երկու տարեշրջաններու ընթացքին, Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Մեծ պահքի օրերուն, աւարտական չորրորդ ընծայարանի աւագ սարկաւագներ քարոզեցին, իսկ սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ իրենց հոգեւոր խորհրդածութիւնները սփռեցին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն:

Դպրեվանքը Լիբանանէն անդին տանելու համար 2011-2012 տարեշրջանի տեսչութեան նոր նախաձեռնութիւններէն մին հանդիսացաւ դպրեվանքի երիզաշարի հաստատումը:

Անցեալ տարեշրջանին այս երիզաշարով մեր ժողովուրդին հրամցուեցան Տի. Վի. Տի. մը եւ Սի. Տի. մը: Տի. Վի. Տի.-ն կը կոչուէր «Դպրեվանք – կրօնի հուրն եւ ազգի սէրն» եւ կը ներկայացնէր դպրեվանքին մէջ ապրող, աղօթող, ուսանող եւ կազմաւորուող սաներուն առօրեան: Իսկ Սի. Տի.-ն կը ներառէր դպրեվանքի սաներուն կողմէ երգուած չորս ժամերգութիւններ եւ «Վանայ ձայն» կայանէն սփռուած «Քրիստոնէական աստուածպաշտութիւնը եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագը» շարքը, որ նաեւ ունէր իր համապատասխան գրքոյկը` պատրաստուած դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին կողմէ:

2012-2013 տարեշրջանի աւարտին Տի. Վի. Տի. մը եւ Սի. Տի. մը եւս կը տրամադրուին մեր ժողովուրդին: Տի. Վի. Տի.-ն դպրեվանքի սաներուն կողմէ կատարուած եւ «Վանայ ձայն» ռատիոկայանէն սփռուած շարք մըն է, որ Մեծ պահքի հասկացողութիւնը կը բացատրէ: Իսկ Սի. Տի.-ն կը փոխանցէ դպրեվանքի տեսուչին հետ Փարիզի «Այբ Էֆ Էմ» ռատիոկայանին հարցազրոյցը եւ դպրեվանքի սաներուն «Վանայ ձայն» ռատիոկայանի «Եկեղեցին հայկական» յայտագրի հարցազրոյցները, որոնք դպրեվանքի մասին դպրեվանեցիներուն ըմբռնողութիւնը կը պատմեն:

Դպրեվանքի երիզաշարի չորս Տի. Վի. Տի./Սի. Տի.-ները կարելի է ստանալ Անթիլիասի մայրավանքի գրատունէն կամ դպրեվանքի տեսչութենէն:

Ահա այսպիսով դպրեվանքը առաւել պիտի բացուի հայաշխարհին եւ մեր ժողովուրդի տուներուն մէջ պիտի մտնէ, որպէսզի հայորդիներ աւելի մօտէն շփում ունենան դպրեվանքին հետ եւ թերեւս փափաքին նաեւ դպրեվանեցիներ դառնալ:

Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայ ծնողներ իրենց ամէնէն ուշիմ զաւակը դպրեվանք ղրկէին այն հաստատ համոզումով, որ ան օր մը պիտի երթար մեր մեծ ընտանիքին` Հայ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան:

 

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի Ծաղկաստանէն 50 Աշակերտներ Ստացան Իրենց Վկայականները

Յաջորդը

«Բանաստեղծին Սիրտը» Նամակներ (Հեղինակ` Վահէ-Վահեան)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.