Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դպրեվանքի Մատենաշար»-ի Հրատարակութեան Առթիւ

June 21, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Անեղծելի փաստ է, որ հայ ժողովուրդի վաղնջական պատմութեան ընթացքին վանքերն ու վանական համալիրները եղած են գիտութեան, կրթութեան, լուսաւորութեան կեդրոններ եւ  համալսարաններ, ուր լոյս` ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգ մը, դառնալով հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրաները:

Բաւ է առ մի նուագ աչք նետել պատմութեան եւ համոզուիլ: Իսկ այս օրերուն, երբ համբակ միջակութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք, դժուար է այդ չափորոշիչ հանգամանքը վերընձիւղել հասարակութեան ընդհանուր գիտակցութեան եւ դատողութեան մէջ: Այդ իսկ պատճառով նոյնպէս դժուար պիտի ըլլար գիրքի մը գրախօսականը կատարել, երբ գիրքի ընթերցանութիւնը տակաւ առ տակաւ կը դադրի ժողովուրդ դաստիարակող իր  երբեմնի գործօն դերակատարութենէն: Այսուհանդերձ, տակաւին կան եւ պիտի մնան նուիրեալ  հեղինակներ, գրողներ եւ հրատարակիչներ:

Այս առիթով ի դէպ է  խօսիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Դպրեվանք մատենաշար»-ին, եւ անոր երկու հրատարակութիւններուն մասին:

Մեծ յանդգնութիւն եւ գնահատանքի արժանի գործ է տեսչութեան եւ առաւելապէս տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ձեռնարկած` մատենաշար հաստատելու ազգանուէր գործը, որ իր իսկ բառերով, կը միտի` «Դպրեվանքէն անցած սաներու անտիպ կամ մամուլի մէջ ցրուած գրութիւնները հատորով լոյս ընծայել եւ դպրեվանքի առաքելութեան մասնակից ընթերցողներուն հասցնել»:

Ահաւասիկ` այս մատենաշարին արգասիքը հանդիսացող երկու հատորներ:

Առաջին հատորը մեծ ուսուցիչ, վաստակաւոր եկեղեցական եւ ուսանողներու շրջանակին մէջ «շրջուն համայնագիտարան» յորջորջուած` Արտաւազդ արք. Թրթռեանին գործն է, լոյս տեսած 2012-ին, որուն առաջին մասին մէջ կը հանդիպինք տասնեակ քարոզներու` պարզ, հասկնալի եւ տրամաբանական ոճով:

Երկրորդ բաժինը կը պարփակէ ուսումնասիրութիւններու շարան մը, որոնք ակնյայտօրէն ցոյց կու տան հեղինակին հայագիտական եւ միջեկեղեցական շարժման մասին հմտութիւնը:

Երրորդ բաժինով կը տեսնենք սրբազան հօր տեսչական տեղեկագրերն ու հուսկ-ուղերձները, որոնք ցոլացումն են հմուտ մանկավարժ, բազմերախտ եւ իտէալասէր տեսուչի մը գործունէութեանց:

Ի վերջոյ հատորը կ՛աւարտի յօդուածներու շարքով, որ երբեմն յուշագրութիւններու տպաւորութիւն կը թողու ընթերցողներուն վրայ` կապուած զանազան մեծանուն մարդոց հետ, ինչպէս` Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Շահան Պէրպէրեանին եւ Խորէն Գաբիկեանին:

Ինչ կը վերաբերի հատորի անուանումին, միայն Արտաւազդ արք. Թրթռեանը ճանչցողը գիտէ «Հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ աշխատասիրութիւն» բառերուն իմաստն ու մարմնացումը:

Մատենաշարին երկրորդ արգասիքը երկար տարիներու կրթական մշակ` Սարգիս Փանոսեանին «Ազգային եւ միջազգային ընդհանուր զարգացման հարցումներ եւ պատասխաններ» հատորն է` լոյս տեսած 2013-ին, որ ունի հանրագիտակ տիպի բառարաններու տեղեկատու ոճի հարց-պատասխանի ձեւ եւ կը բովանդակէ զանազան նիւթերու շուրջ հայ աշակերտին միտքը յուզող հարցումներ եւ պատասխաններ:

Վարձքը կատար` այս հատորներուն հրատարակման մաս եւ բաժին ունեցող բոլոր աշխատակիցներուն եւ մեկենասներուն, նորանոր յաջողութիւններ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Դպրեվանք մատենաշար»-ին, դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն: Թող հայ գիրքը մնայ բոլորին հասանելի, սիրելի եւ ընթերցելի մեր բոլորին կողմէ, որովհետեւ կրթութիւնն ու լուսաւորութիւնն  են հայ ժողովուրդի գոյութեան երաշխիքը:

 

 

Նախորդը

Մեր Վարժարանները, Մեր Ապագան. Սա Մեր Դպրոցն Է

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Մանուկներին…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.