Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 56-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ՃՈՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ

May 25, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան եւ գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի մամլոյ 56-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Սփիւռք-Հայաստան կրթական գործակցութեան հեռանկարները»: Լսարանի զեկուցաբերն էր Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան:

Լսարանին բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ այսօր մեր կրթօճախները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման աշխատանքին մեծապէս կրնան նպաստել Հայաստանի իշխանութիւններն ու կրթական կառոյցները: Ան ըսաւ, որ Հայաստան- սփիւռք կրթական գործակցութիւնը պէտք է առաջնորդուի առարկայական եւ գործնական հեռանկարներով:

Րաֆֆի Տեմիրճեան
Դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան

Տեմիրճեան հաստատեց, որ դոկտ. Կիւլամիրեանի կողմէ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներ վարելը էապէս գնահատելի է եւ շնչող օրինակն է Հայաստան- սփիւռք կրթական գործակցութեան: Րաֆֆի Տեմիրճեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կիւլամիրեանի կրթական գործունէութիւնը:

Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը` դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, որ շեշտեց, թէ Հայաստանը իր ամէնէն ծանր տարիներուն երբեք երկրորդական չէ նկատած կրթութիւնը: Ան հաստատեց, որ խորհրդային տարիներուն արդէն սփիւռքահայ երիտասարդներ հայրենիքի մէջ կ’ուսանէին, եւ այս երեւոյթը Հայաստանի անկախացումով ստացաւ աւելի մեծ ծաւալ եւ կազմակերպուած բնոյթ:

Կիւլամիրեան խօսեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներուն մասին` աւելցնելով, որ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական համալսարանը ամէն տարի կ’ընդունի 100-120 ուսուցիչներ, որոնք կը հետեւին հայագիտական դասանիւթերու, եւ որոնց բոլոր ծախսերը կը ստանձնէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը: Ճուլիեթա Կիւլամիրեան շեշտեց, որ հայրենիքի մէջ վերաորակաւորման ծրագիրները կրթականին կողքին նաեւ ունին այլ կարելիութիւն, որն է հայրենիքին ծանօթացումն ու տարբեր գաղութներու եւ հայրենիքի ուսուցիչներուն միջեւ կապին ստեղծումը:

Զեկուցաբերը ըսաւ, որ երկրորդ խնդիրը մանկավարժական ներուժի պատրաստութիւնն է, եւ այս շրջագիծին մէջ Իրանի եւ Սուրիոյ հայագիտական հիմնարկներուն հետ համաձայնութիւնները կը նպաստեն, որ ուսանողները իրենց ուսումը շարունակեն Խ. Աբովեանի անուան համալսարանին մէջ: Անդրադառնալով Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ տարուած դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքներուն` ան նաեւ խօսեցաւ սփիւռքահայութեան դասագիրքերու խնդիրներուն եւ այս ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ կայացած արեւմտահայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան նուիրուած նիստերուն:

Զեկուցումէն ետք ներկաները զեկուցաբերին ուղղեցին հարցումներ ու արտայայտեցին իրենց կարծիքները: Կիւլամիրեան նաեւ անդրադարձաւ Երեւանի պետական համալսարանի արեւմտահայերէնի բաժանմունքին, «Արի տուն» ծրագիրին, Հայաստանի մանկավարժական կեդրոններու գործունէութեան եւ կրթական մարզին վրայ Հայաստանի ընկերային- տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն ունեցած ազդեցութիւններուն:

Ան յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ հայութիւնը կրթական առումով ունի ծանր պայմաններ, քանի որ նոյնիսկ գիրքերու մուտքը արգիլուած է, ուսուցչական առումով մարդուժ չկայ եւ դժուարութիւնները շատ են, հակառակ անոր որ հայութեան մօտ հայկական դպրոց ունենալու եւ հայերէն սորվելու ու սորվեցնելու կամքը ուժեղ է: Իսկ Ռուսիոյ իրավիճակին գծով Կիւլամիրեան ըսաւ, որ այդտեղ բոլոր պայմանները կան, բայց ընդհանրապէս չկան ամէնօրեայ դպրոցներ, ինչ որ շատ մտահոգիչ է:

Դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան ըսաւ, որ Ռուսիոյ մէջ հայութեան ցրուած ըլլալուն պատճառով գաղութը համախմբուած չէ: Իսկ Հայաստանի մանկավարժական մասնագիտական մակարդակին մասին խօսելով` Կիւլամիրեան վստահեցուց, որ Հայաստանի կրթական կառոյցները կազմակերպուած եւ մնայուն կերպով կը հետեւին բոլոր կրթական նորարարութիւններուն, որպէսզի քայլ պահեն բոլոր զարգացումներուն հետ:

Նախորդը

ՖՐԱՆՑ ՎԵՐՖԵԼԻ «ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐԸ» ՎԷՊԻ ԲԵՄԱԴՐՈՒՄ` ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

«ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔ»Ը ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.