Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատաւոր Քրիստոֆըր Եունկ Խօսեցաւ Հենրի Լինչի Եւ Մարտիրոս Պալումեանի Կեանքին Ու Գործերուն Մասին

June 14, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեամբ նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեանի եւ անոր զաւկին` Արա Չուխատարեանի ու արուեստագէտ Արա Ազատի եւ մշակութասէր հայ թէ ոչ հայ հոծ բազմութեան, երէկ` հինգշաբթի, 13 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Ժմմեյզէի «Վիլլա Փարատիսօ»-ն ապրեցաւ եւ ապրեցուց մշակութային բացառիկ երեկոյ մը:

Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ «Վիլլա Փարատիսօ» ժամանող մշակութասէր հանդիսատեսները նախ շրջեցան վիլլայի զանազան բաժինները, ուր զետեղուած էին երիտասարդ արուեստագէտ գեղանկարիչ Թոմ Եունկի գործերը: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին անոր հայրը` դատաւոր Քրիստոֆըր Եունկ շուրջ մէկուկէս ժամ խօսեցաւ Մարտիրոս Պալումեանի եւ Հենրի Լինչի կեանքին ու գործերուն մասին: Ապա Մարտիրոս Պալումեանի ծոռը` ամերիկացի, այժմ երեւանաբնակ` Րաֆֆի Վարդանեան, լիբանանահայ հանրածանօթ սիրուած երգչուհի Այլին Խաչատուրեանի հետ, կիթառի եւ ուտի վրայ նուագելով երգեցին հայերէն ու օտարալեզու երգեր` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:

Նախքան իր դասախօսութեան սկիզբը, «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին բրիտանացի դատաւոր Քրիստոֆըր Եունկ խօսեցաւ Պալումեան ընտանիքին հետ իր կապին մասին, թէ ինչպէ՛ս նախքան լիբանանեան պատերազմը բնակած էր «Վիլլա Փարատիսօ»-ի մէջ եւ 1975-ին ստիպուած հեռացած էր: Իսկ հայութեան եւ յատկապէս Լինչի գծով իր հետաքրքրութեան մասին, դատաւոր Քրիստոֆըր Եունկ ըսաւ, թէ ինք նախապէս եղած է դատաւոր, ապա վերադարձած է ուսման եւ մասնագիտացած է բիւզանդական պատմութեան մէջ, որուն ճամբով խորացած է նաեւ Հենրի Լինչի եւ հայոց առնչուող անոր «գործ»-ին մէջ:

Նախքան դասախօսութիւնը, արուեստագէտ Թոմ Եունկ բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ անգլերէնով հակիրճ ձեւով նշեց,  թէ ինչպէ՛ս ինք արուեստագէտ դարձաւ, եւ ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը` իր հայրը, դատաւոր Քրիստոֆըր Եունկը:

Արուեստագէտ Թոմ Եունկ գեղանկարչութեան մարզին մէջ ծանօթ դէմք է, ան 18 տարիներէ ի վեր կը ստեղծագործէ եւ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Լոնտոնի, Փարիզի, Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Պէյրութի մէջ այս իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսն է` «Կառուսել» խորագրեալ, որ պիտի տեւէ մինչեւ 19 յունիս 2013: Անոր գործերը բնութեան գաղտնիքն ու  հմայքը կ՛արտացոլեն: Հոն դրոշմուած են նաեւ իր տպաւորութիւնները Պալումեան ընտանիքին մասին, ինչպէս` Մարտիրոս Պալումեանի դիմանկարը եւ այլն:

Հայրը` դատաւոր Քրիստոֆըր Եունկ սահիկներու, նկարներու եւ քարտէսներու օգնութեամբ շուրջ մէկուկէս ժամ խօսեցաւ Հենրի Լինչի մասին (1862-1913), որ 1893-ին եւ անկէ ետք կ՛այցելէ նախ Արեւելեան, ապա` Արեւմտեան Հայաստան, մանրամասն նօթագրելով իր տպաւորութիւնները եւ հրատարակելով զանոնք «Հայաստան. ճամբորդութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ»

խորագրեալ գիրքին մէջ: Դատաւոր Եունկ խօսեցաւ Լինչ գերդաստանին եւ անոր զաւակներուն` Հենրիի եւ Թոմասի ձեռնարկած առեւտրական գործառնութեանց մասին: Հենրի Լինչ, որ մօր կողմէ հայկական ծագում ունի, լայնօրէն կը նկարագրէ հայութեան կեանքը, կենցաղային ապրելակերպն ու սովորութիւնները հայկական նահանգներուն մէջ: Լինչ նաեւ կ՛անդրադառնայ Արեւմտեան Հայաստանի, յատկապէս Սեբաստիոյ (Սվազի նահանգ) Զարա եւ Կովտուն գիւղերուն, ուր ծնած էր Մարտիրոս Պալումեան: Ան կը խօսի Սեբաստացի Մուրատի մասին: Նաեւ կը նկարագրէ Սասնոյ ապստամբութեան պայմաններն ու Սուլթան Համիտի կազմակերպած համիտեան ջարդերը` բուռն կերպով քննադատելով ու «վայրագութիւն» որակելով զանոնք, որուն համար ալ միշտ հետապնդումի ենթակայ էր թրքական իշխանութեանց կողմէ: Բանասէր Լինչ գիտակցելով թրքական իշխանութեանց կողմէ իր «անբաղձալի» տարր ըլլալը, կը «մնայ» Բրիտանիոյ հիւպատոս Կրէյի մօտ: Դատաւոր Եունկ երկարօրէն խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս Լինչ հետաքրքրուած է Սեբաստիոյ, յատկապէս Զարա եւ Կովտուն գիւղերու բնակիչներու վիճակով եւ հետաքրքրուած փոքրիկն Մարտիրոս Պալումեանին կրթութիւն ապահովելու կարելիութեամբ: Լինչ նաեւ անդրադարձած է Կարինի «Սանասարեան» վարժարանին, որուն մէկ տնօրէնին հետ իր նկարը ցոյց տուաւ դատաւոր Լինչ:

Լինչ նաեւ կը խօսի 1909-ի Ատանայի ջարդերուն մասին:

Նոյեմբեր 1913-ին կ՛անցնի Պոլիս, ուր սակայն կը հիւանդանայ եւ իր մահկանացուն կը կնքէ Պոլսոյ մէկ պանդոկին մէջ:

Մարտիրոս Պալումեան, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայորդիներէն մէկը` երկար քաշքշուքէ ետք կը հաստատուի Լաթաքիա, ապա` Պէյրութ:

1960-ական թուականներուն կը գնէ «Վիլլա Փարատիսօ»-ն, ու Պէյրութի օդակայանի ազատ շուկային մէջ յատուկ գործառնութեան կը ձեռնարկէ: 1975-ին սակայն, իր զաւկին հետ Պէյրութի օդակայան մեկնած պահուն զինեալ յարձակման կ՛ենթարկուի իրենց ինքնաշարժը եւ կը զոհուի Մարտիրոսի միակ որդին: Այնուհետեւ ան կը հեռանայ Լիբանանէն: Երէկ, դատաւոր Եունկ, իր հաճելի զրոյցով թարմացուց Պալումեան ընտանիքի յիշատակը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Մուշեղ Մխիթարեանի «Խաղաղ Պատմութիւն, Հաց Ու Գինի» Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։