Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ն Ու Հայ Մայրը

June 8, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատահականութեան մը արդիւնքը չէր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ծնունդը, այլ` ազգին բիւր կարիքները հոգալու անմիջական հրամայականը, որ հայ կինը լծեց նուիրական առաքելութեան մը, որ կ՛իմաստաւորուի լոկ երկու բառով` «Ծառայել ազգին»:

Իսկութեան մէջ հայ կինը հայ մօր տիպարն է, որ կոչուած է սերունդներ կերտելու. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2013 թուականը հռչակեց «Հայ մօր տարի»` նշելով, թէ

– Հայ մայրով հայը հայ մնաց պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց:

– Հայ մայրով հայը հայ մնաց ներկայ ժամանակներու ինքնութեան ապականող հոսանքներու դիմաց:

– Հայ մայրով հայը հայ մնաց գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Ուստի հարկ է ըլլալ զգաստ` մեզ շրջապատող խաբուսիկ պատրանքներուն դիմաց, հայ մայրը եղած է եւ կը մնայ անխորտակելի կռուանը հայ ընտանիքին, միշտ յանձնառու եւ առաքինի: Ան գաղթականութենէն ցայսօր հաւատացած եւ պայքարած է յանուն ազգի գոյատեւման` պահելով իր մայրենի քաղցրահունչ լեզուն, իւրայատուկ մշակոյթն ու աւանդութիւնները:

Արդարեւ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը քաջ գիտնալով, թէ ինք մայրն է ազգին, իսկական մայրական հոգածութեամբ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ հայ կարօտեալին` առանց խտրութիւն դնելու իր զաւակներուն միջեւ. գաղտնիք չէ այսօր, որ ԼՕԽ-ի ուսերուն աւելցած են նաեւ մեր սուրիահայ քոյր-եղբայրներուն ծովածաւալ կարիքները: Արդ, չտատամսինք մեր այս աննման կանացի կազմակերպութեան առաքելութեան սատարելու, որ անկարելին կը դարձնէ կարելի`  ժողովուրդէն առնելով, ժողովուրդին տալով:

Այո՛, Հայ մօր տարի է, այս առթիւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբը մայիս 16-ին յատուկ ձեռնարկով մը պատուեց լիբանանահայ մայրերը:

Հայ մայրն ու ԼՕԽ-ականը ըլլալով նոյն դրամին տարբեր երեսները` աներեւոյթ եւ անքակտելի կապով մը միացած են իրարու, եւ այս կապէն է, որ ծնունդ կ՛առնեն ԼՕԽ-ի պատմութեան հրաշքները:

Ուստի բիւր յարգանք եւ բիւր պատիւ` հրաշք ծնող մեր հրաշագործ մայրերուն, որոնց շնորհիւ հաստատ ու աննահանջ սլացքով ԼՕԽ-ը պիտի թռչի վեր` նուաճելու նոր գագաթներ:

ԼՕԽ-ԱԿԱՆ

Նախորդը

«Մեղրի» Մասնաճիւղին Գունաւոր Ծաղկեփունջը

Յաջորդը

Ըստ Սպանական Մամուլին. Ռէալ Մատրիտի Համակիր Խուլիօ Իկլեզիաս Օգնեց Նէյմարի, Որ Մեկնի Պարսելոնա

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.