
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին Գորիսի մէջ տեղի ունեցած դէպքին պատճառով վիրաւորուած գնդապետ Արտակ Բուդաղեանի վիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ, գրեթէ փոփոխութիւն չկայ: Կրկին վիրահատական միջամտութեան հաւանականութիւնը մեծ է:
Ինչ կը վերաբերի հակառակորդին, ըստ մամլոյ բանբերին, ան այս օրերուն ինքզինք դրսեւորած է նոյն ձեւով. միշտ ալ կը փորձէ սահմանին վրայ նոր լարումներ յառաջացնել, սակայն կը ստանայ արժանի հակահարուած եւ ետ կը շպրտուի: «Եղածին պատասխանատուութիւնը կը կրէ հակառակորդը: Հայաստանի զինեալ ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը, ոչ մէկ կորուստ ունինք», աւելցուց ան:


