
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երկուշաբթի օր խոստացած է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ջանքերը:
Ան Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իր ունեցած հանդիպումէն առաջ յայտնած է, որ «ասիկա, ինչպէս կ՛ըսենք, սառեցուած տագնապ մըն է, որ կը սպառնայ շրջանի կայունութեան եւ պէտք է զայն լուծելու համար աշխատինք»:
«Երբեք պատերազմի եւ տագնապի վերադարձ մը չենք ուզեր», ըսած է Քերրի` աւելցնելով, որ «կը հաւատամ, որ յառաջընթացի ուղի մը գոյութիւն ունի, եւ մենք պիտի շարունակենք լռելեայն եւ համբերատարութեամբ ջանք թափել կողմերը քաջալերելու կամ որդեգրելու վստահութեան կառուցման քայլեր, որոնք առաւել յառաջընթացի կ՛առաջնորդեն, կամ ալ այս հարցով լուծումի մը ուղին գտնելու»:
Մամետեարով յայտնած է, որ ինք կը հաւատայ, թէ Ազրպէյճան կրնայ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ մարտահրաւէրները շրջանցել: «Տագնապին ամբողջ ժխտական արդիւնքը անցեալին պիտի պատկանի, եւ մենք յաջող համագործակցութեան եւ իբրեւ լաւ դրացիներ իրարու կողքին ապրելու պայծառ ապագային պիտի նայինք», աւելցուցած է ան:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ «Քերրի շեշտած է, որ Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր գործընկեր մըն է` մատնանշելով Աֆղանիստանի մէջ Ապահովութեան օժանդակութեան միջազգային ուժին (ԻՍԱՖ) Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը, Եւրոպայի ուժանիւթային ապահովութեան եւ Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորութիւն ներկայացնող այլ հարցերու մէջ Պաքուի կարեւոր դերակատարութիւնը: Յայտնելէ ետք, թէ Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապը շրջանային կայունութեան սպառնալիք մըն է, արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, պիտի նպաստեն տագնապի լուծման եւ շեշտած, որ Միացեալ Նահանգները այս տագնապին լուծման հարցով շահագրգռուած են»:
Մամետեարով իր կարգին նշած է, որ Ազրպէյճան յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի յարաբերութեանց եւ վստահութիւն յայտնած, որ տնտեսութեան, ներդրումի եւ ուժանիւթի մարզերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ յաջող համագործակցութիւնը առաւել եւս պիտի ամրապնդուի:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Մամետեարով դիտել տուած է, որ սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: Ան նաեւ շեշտած է, որ բանակցութեանց մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար նախ եւ առաջ Հայաստան իր ամբողջ ուժերը պէտք է հեռացնէ «բռնագրաւեալ հողերէն»:
Հանդիպումին ընթացքին Մամետեարով Քերրին հրաւիրած է Պաքու: Քերրի պատասխանած է, որ այդպիսի այցելութիւն մը զինք կը հետաքրքրէ եւ «հաճոյքով» ընդունած է հրաւէրը:


