Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

May 23, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրուան առիթով, երէկ` կիրակի, 22 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ, Ռաուտայի ուխտատեղիին շրջափակը ողողուած էր մեծ թիւով հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ օրհնուած վարդերը իրենց տուները տանելով աւելի եւս ամրապնդուելու իրենց հաւատքին մէջ:

Այս առիթով Ս. պատարագը մատուցեց Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան, որ իր քարոզին մէջ վեր առաւ անշահախնդիր եւ անփոխարէն հաւատալու ու մնայուն կերպով աղօթելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան խօսեցաւ Սրբուհի Ռիթայի ապրած կեանքին, անոր մղած քրիստոնէական պայքարին, ամուր հաւատքին եւ իր ամէնէն սիրելիներն իսկ զոհաբերելու պատրաստակամութեան մասին` դիտել տալով, որ կարելի է արդարօրէն ըսել, թէ Սրբուհի Ռիթա Մարիամ Աստուածածինի հետեւորդն է: Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան հաստատեց, որ Սրբուհի Ռիթա ապրեցաւ եւ տառապեցաւ իբրեւ մայր ու կին` իր կեանքով հերոսական առաքելութիւններու տիպար հանդիսանալով:

Ուխտի եւ Աստուծոյ ու սուրբերուն դիմելով ֆիզիքական բուժում հայցելու երեւոյթին անդրադառնալով` քարոզիչ վարդապետը հաստատեց, որ թէեւ ամէն տեսակի հրաշք կարելի է, սակայն պէտք է մնայուն կերպով հաւատանք, աղօթենք, մեր ուխտաւոր ըլլալը միայն առիթներով չդրսեւորենք, այլեւ մեր առօրեան ապրինք իբրեւ տիպար քրիստոնեաներ, որոնք լաւապէս կը գիտակցին, թէ իրենք աշխարհի քաղաքացի չեն, այլ` երկինքի: Ան դիտել տուաւ, որ մարդուն ուղին խաչին ճամբան է, որուն պէտք է ձգտի մարդ իր կեանքին ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն` հաւատալու առանց ակնկալութեան, միշտ վստահելու Աստուծոյ ու սուրբերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց զօրութեան դրսեւորման եւ հրաշքներուն արժանի ըլլալ: Իր խօսքը աւարտելով ան դիտել տուաւ, որ օրհնուած վարդերուն վրայ Աստուծոյ օրհնութիւն կ՛իջնէ եւ զանոնք մեր բնակարանները տանելով այդ օրհնութիւնը կը տարածուի նաեւ հոն:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն:

 

 

 

Նախորդը

ՉԵՄՊԵՐՃԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼՈՎ

Յաջորդը

«ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ. «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄՈՅԹԻ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՀԱՄԵՐԳ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.