Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ. ԾԱՐԱՒ Ե՜Մ…

May 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծարաւ ե՜մ…

Հայ աւանդական երգերու ծարաւը ունիմ: Ինչպէ՞ս պիտի յագեցնեմ այս ծարաւս: Ո՞վ կրնայ յագեցնել: Ե՞րբ կրնամ յագեցնել…

Օտար ափերու վրայ կ՛ապրինք հայօրէն եւ հետամուտ ենք այդպէս շարունակելու, որպէսզի չկորսուինք: Եւ որպէսզի մնանք մեր ազգային ինքնութեան վրայ, մշակոյթը միշտ կու գայ մեր ազգային ջիղը կազդուրելու: Մշակոյթը կրթութեան լաւագոյն միջոցներէն է, որուն վրայ հայ գաղութը իր շեշտը կը դնէ: Սակայն երբ մշակոյթը չքանայ, ո՞վ մեզ պիտի կազդուրէ…

Մեծապէս գնահատելի են անոնք, որոնք մեծ հպարտանքով ու հաճոյքով կը նուիրուին մեր աւանդական հին երգերուն եւ կը բաժնեկցին ժողովուրդին հետ: Սակայն որքանո՞վ կը գնահատուին անոնք… Ժամանակ մը զանոնք բեմին վրայ կը տեսնենք, ապա «կը համբառնան»: Ինչո՞ւ: Կարելի է հետեւցնել, թէ կա՛մ եկամուտ չեն ստանար այդ աշխատանքէն, կա՛մ ալ զիրենք քաջալերողներ չեն գտներ:

Ներկայիս մեր գաղութը ճոխ է իր յայտագիրներով: Յաճախակի կերպով երգիչներ, խումբեր կու գան Հայաստանէն: Բայց նկատած ե՞ն մարդիկ, թէ իրենց հարստութիւնները ճամբան ձգած` կը վազեն յառաջ: Բնաւ թերթատած ե՞ն մեր երգարանները, ուր որքա՜ն երգեր կան չերգուած: Իսկ եթէ չերգուին, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը: Ապագային` իբրեւ թանգարանի հարստութի՞ւն ցոյց պիտի տանք օտարներուն: Եթէ հիմա չերգուին, ապագային պիտի գտնե՞նք մէկը, որ գէթ լսած ըլլայ զանոնք: Մեր մանուկներուն ի՞նչ պիտի սորվեցնենք իբրեւ մեր ազգային մշակոյթ: Ներկայ հայաստանեան երգե՞րը, որոնց մէջ մեր ազգային զուտ մշակոյթը չէ պահպանուած: Իսկ եթէ պիտի սորվեցնեն, ուրկէ՞ պիտի գտնեն այդ ազգային ու ժողովրդական երգերը, որոնք մեր անցեալի տիպար հայուն նկարագիրն ու բարքերը կը ցոլացնեն: Իսկ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որոնք ներկայիս կ՛ուզեն գտնել, պրպտել ու սորվիլ. ո՞վ պիտի գոհացնէ այս անսանձելի ձգտումը…

Եթէ ուզենք օրինակ բերել  չներկայացուած երգերէն կրնանք յիշել` «Արազն Եկաւ» Յ. Յովհաննիսեանի հեղինակութեամբ(1), «Արօրի երգը»(2) , «Ո՞ւր ես դու» խօսք` Յ. Շիրազի եւ երաժշտութիւն` Ա. Մանդակունեանի(3),  «Իմ Անուշ Տաւիղ» խօսք` Վ. Յարութիւնեանի, երաժշտութիւն` Խ. Աւետիսեանի(4) եւ այլ բազմաթիւ երգեր: Հաւանաբար նշեալ օրինակներէն ոմանք կամ թերեւս բոլորը երգուած ըլլան, բայց գէթ իմ անմիջական շրջանակիս մէջ, հայ երաժշտութեան հասանելիութեան իմ սահմաններուն ծիրին մէջ եւ իմ շրջապատիս կը մնան անծանօթ:

Ինչո՞ւ լուսանցքէ հեռու կը պահուին անոնք, որոնք կ՛երգեն, հին երգերով ու մատչելի ներկայացումով նորութիւն կը բերեն մեր գաղութին մէջ: Ինչո՞ւ չեն քաջալերուիր կամ յատուկ աշխատանքներ չեն տարուիր այդ հին երգերը պահպանելու: Ապագային, երբ մոռցուին այդ գանձերը, ովքե՞ր պիտի նկատուին փճացման պատասխանատուները:

Շատ լուրջ հարց է: Պարզի կարելի չէ առնել: Մեր հնամեայ հարստութիւնները, որոնք մեզի աւանդուեցան, շատ հարազատ յօրինումներ են: Անոնք շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն, քան` ներկայ կարգ մը ստեղծագործութիւնները: Անոնք մեզի յանձնուեցան ոչ թէ մոռացութեան ամպին տակ ձգելու, այլ` հարստանալու, մենք մեզ հպարտ զգալու, զօրանալու եւ մեր յաջորդներուն յանձնելու: Այնպէս մը կ՛ընդօրինակենք օտարին մշակոյթը, որ կարծէք մենք չունինք մշակոյթ կամ ձիրքեր եւ աղքատ ենք: Հասկնալի է, որ ներկայ երիտասարդութեան հասնելու ձեւ մը կ՛որդեգրենք, բայց եւ այնպէս կարելի է նոր մը ստեղծել, մատչելի ներկայացումով մը հինը տրամադրել երիտասարդին:

Նահանջ մը սկսած է: Սակայն կարելի է դարմանել, քանի տակաւին ուշ չէ: Արդ, առիթը պէտք է օգտագործուի` լրջօրէն մօտենալով եւ գործի անցնելով: Ապա թէ ոչ կը կորսնցնենք մեծ արժէքները:

Յիշեցէ՛ք: Ծարաւ ե՜մ…

ԱՅՐՈՒՁԻ

 

1.- «Երգարան, խմբագրութեամբ Պ. Միքայէլեան, էջ 67:
2.- Նոյնը` էջ 68
3.- Նոյնը` էջ 318
4.- Նոյնը` էջ 319

Նախորդը

ՆԱՄԱԿ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՎԵԹԵԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԻՐ ՉՈՐՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.