Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էմ.Էս.»-ի Օրուան Առիթով. Յոյսդ Ո՞ւր Է Կեանքի Փոթորիկներուն Մէջ

May 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՏԷԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

«Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես»:

Մրրկալից փոթորիկ մը, որ ամէն բան կը շարժէ ու կը քանդէ: Անիկա կայ ո՛չ միայն Լիբանանի բնութեան մէջ, այլ նաեւ մեր կեանքերուն: Կեանքը լեցուն է տարբեր տեսակի փոթորիկներով. օրինակ` երկարատեւ հիւանդութիւն, արկածի հետեւանքով անկար վիճակ, անգործութիւն,մահ, ձախողութիւն, պատերազմ… Կը լսենք վատ լուրեր, որոնք կարծես մէկզմէկու կը յաջորդեն: Դուն կրնայ ըլլալ շատ ճնշուած կը զգաս, ուրախութեան յոյս մը իսկ չես տեսներ: Զզուած ես ամէն ինչէ, ընտանեկան կեանքի նոյնութենէն եւ երկրի անյոյս վիճակէն ալ: Կարծես սառած կեցած ես, եւ կեանքի փոթորիկը ամէն մէկ փչելուն բան մը եւս կը խախտէ:Ուրախութիւնը բառ մը կը մնայ թուղթին վրայ միայն…

Կայ անբուժելի երկարատեւ հիւանդութիւն մըն ալ, որ մրրակալից փոթորիկ մը եղաւ եւ դեռ է, իմ եւ մեր ընտանիքի կեանքերուն մէջ: Չլսուած բան մըն էր, որուն պատճառը դեռ հասկցուած չէ: Ամէն տարի մայիս ամսուան վերջին չորեքշաբթի օրը «Էմ.Էս.»-ի օրն է: MS- Multiple Sclerosis ` հայերէնով «Բազմապատիկ կարծրախտ»- կը ներէք, որ ճշգրիտ հայերէնը չեմ գիտեր դեռ, այս` բառացի թարգմանութիւն է: Յստակ ըլլալու համար, կ՛ուզենք նշել, որ այս 13 տարուան պայքարողի մը պատմութիւնն է, որ կը ներկայացնենք եւ բժշկական լրագիր մը չէ այս:

Հիւանդութիւնը «auto-immune»  է, այսինքն` մարմնի ճերմակ գնդիկները փոթորիկ մը կը յառաջացնեն մարմնին մէջ, երբ իրենց ուզած ատեն եւ մարմնի ուզած ջիղերուն վրայ կը յարձակին, կարծելով, թէ մարմինը կը պաշտպանեն: Բայց կը քանդեն ջիղ-մարմին կապը եւ օրինակ` ոտքդ շարժելու հրամանը կրնայ ուշ գալ կամ չգալ: Անձը ժամանակի մը համար կրնայ կորսնցնել իր տեսողութիւնը, զգայնութիւնը, հաւասարակշռութիւնը, գրելու կարողութիւնը, կրնայ անբացատրելի յոգնածութիւն զգալ… «Էմ.Էս.»-ը ո՛չ մահացու, ո՛չ փոխանցիկ, եւ ո՛չ ալ ժառանգական հիւանդութիւն է, բայց ան յամրընթաց ձեւով անձը կը դարձնէ ֆիզիքապէս անկարող: Իսկ բժիկներ կ՛աշխատին հիւանդին անկար վիճակը թեթեւցնելու, ուշացնելու եւ ինչո՛ւ չէ օր մը բուժելու նպատակով: Հիւանդ անձը` փորձելով եւ կարդալով, կը հասկնայ, որ այսպիսի հիւանդութեան դեղերը ակնոցի մը նման են, որ աչքի տկարութիւնը չի բուժեր, այլ միայն` մեծապէս կ՛օգնէ տեսողութեան: Հիւանդին յոյսը այլեւս առաջուան պէս ո՛չ դեղերու, ո՛չ սննդական փորձերու, ո՛չ ալ գովազդային խոստումներու վրայ դրուած են: Թերեւս կը կարծէր, թէ յոյսը դեղերն են կամ ատակ օտարազգի բժիշկ մը… Այլեւս զզուած եւ յոգնած է երկարատեւ հիւանդութիւն ունեցող անձը:

Ուստի, հիւանդը դէմ յանդիման է նոր իրականութեան մը, զոր պէտք է ընդունի: «Էմ.Էս.»-է տառապող անձը կամ արկածի հետեւանքով անկար դարձած անձը կ՛անդրադառնայ, որ այլեւս մարդոցմէ կախեալ է: Ան պիտի ընդունի այս իրողութիւնը եւ անկախ ապրելու ձեւերու մասին խորհի:

Այլե՛ւս ընտանիքս եւ ես ստիպուեցանք թաղել նորածին երազները,օրինակ` ընտանիք կազմելու, ուսում շարունակելու… եւ ուրիշ պարզ բաներու, ինչպէս` մարզանք ընելու, քալելու, պտտելու, թատերասրահ երթալու, ինքնաշարժ վարելու, գործի երթալու…

Դեռ փոթորիկը կը շարունակուի: Կորսուածին համար իմ եւ մեր լացը բան մը չի փոխեր…: Բայց մէկ վայրկեան կանք առնենք ու խորհրդածենք:Հիմա, թերեւս, կրնանք գիտնալ, որ փոթորիկին մէջ եւ փոթորիկէն ետք, յոյսերնիս ո՛ւր է:

Վերը յիշուած Աստուածաշունչի համարը միայն առաջին տխուր կէսն է, փառք Աստուծոյ, որ հոն չի վերջանար: Եկէ՛ք ամբողջ համարը կարդանք:

«Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես: Աստուծո՛յ յուսայ, վասնզի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Իր երեսին փրկութեանը համար»: Սաղմոս 43.5:

Ուրեմն, Աստուծոյ յուսա՛նք: Փոթորիկներ, ցաւեր, նեղութիւններ պիտի ըլլան, եւ այո, մենք Քրիստոնեայ ենք… Բայց քրիստոնեայ հաւատացեալ ըլլալը չի նշանակեր, որ բնաւ նեղութիւն պիտի չունենանք, ինչպէս շատեր կը կարծեն:

Ահա 3 տարի է, որ տան մէջ եմ եւ միայն անհրաժեշտ ժամանակներուն,ընտանիքիս օգնութեամբ, տունէն դուրս կ՛ելլեմ: Այս երեք տարուան ընթացքին յոյս գտանք: Աստուած հասկցող եւ սիրող ընտանիք մը տուաւ, տան մէջ գործ հայթայթեց եւ հոգեւոր քոյրեր-եղբայրներով ընկերային շրջանակս զարդարեց: Պէտք է անդրադառնալ, որ մարմինդ կրնայ հիւանդ-անկար ըլլալ, բայց միտքդ առողջ ու արթուն է, եւ հոգիդ կը կենդանանայ Աստուծոյ խօսքով : Ամէն օր ըմբոշխնենք օրհնութիւններ` Աստուածաշունչը սերտելով: Հոն` յոյս գտայ, եւ կը գտնենք:

Գիտեմ, որ Տէրը թոյլ տուաւ, որ հիւանդութիւնը պատահի: Ահա Սաղմոսաց գիրքէն երկու համարներ, զորս վերջերս սկսայ հասկնալ եւ ամուր բռնել. «Քանի որ վշտացած չէի` կը սխալէի, բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ»: (Սաղմոս 119:67) եւ` «Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, որպէսզի Քու կանոններդ սորվիմ», (Սաղմոս 119:71):

Աստուած թոյլ տուաւ, որ «Էմ.Էս.»-ի անյոյս, փոթորկոտ վիճակը զիս տան  հանդարտութեան մէջ պահէ, որպէսզի Աստուածաշունչը սերտեմ եւ Քրիստոսը աւելի սիրեմ: Հաւատալով խօսքին` ընդունեցի Իր խոստումը.  «Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է` նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն` ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»: (Բ.Կորնթացիս 5.17): Շատ բաներ նոր եղան, ինչպէս հոգեւոր զարթօնք  հիւանդութեան-անյոյս վիճակի մէջ: Փրկութեան յոյս գտնուեցաւ:

Ծանօթացայ Աստուծոյ, որուն Անունը մանկութենէս գիտէի, բայց Իրեն չէի գիտեր: Նոյնիսկ իմ անձնաթուղթին վրայ գրուած է` քրիստոնեայ: Սկսայ Աստուծոյ ըսել. «Շնորհակալ եմ» :Տէր Աստուած սիրեց եւ կը սիրէ զիս երբ հիմա հիւանդ ու անկար եմ. այս հրաշալի Սէրը առանց պայմանի է: Իր Արիւնով զիս գնեց առանց հարցնելու, եթէ կրնայ քալել կամ ոչ: Չնախընտրեց ինձմէ աւելի հարուստ եւ առողջ մէկը, բայց սիրեց զիս, ինչպէս որ եմ:  Իր սէրը տեսնելով` այլեւս մակերեսային, անունով քրիստոնեայ պիտի չըլլամ ու չմնամ: Այլ` Իր ուզածին պէս, Իր փառքին համար պիտի ապրիմ: Եւ շատ բաներու համար կ՛ըսեմ Աստուծոյ. «Շնորհակալ եմ»:

Հիմա թերեւս կարծէք, թէ Աստուծմէ բժշկութիւն չեմ խնդրեր, ես կը փնտռեմ Իր կամքը: Աստուած հրաշքներ կը գործէ բժիշկներու, դեղերու միջոցով, աղօթքով եւ Իր զանազան ձեւերով: Աստուծոյ կը յուսանք եւ կը վստահինք, Իր ձեռքին գործն ենք, եւ բարի նպատակ մը ունի  մեր կեանքերուն համար, որ մենք մեր սահմանափակ մտքերով չենք կրնար հասկնալ: Մեր յոյսը Իր մէջն է եւ Իր վրան է:

Աստուածաշունչէն հետեւեալ թանկագին համարով կ՛աւարտենք. «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»: Հռովմայեցիս 12.12:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.