Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ. Ոչ Որպէս Աւուր Պատշաճի Խորհրդածութիւններ

May 28, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կառավարութեան անկախութիւնը եւ քաղաքական
իրաւունքները կը կազմեն ժողովուրդները, լեզուն
եւ հասարակաց ծագումը կը կազմեն ազգերը:

Ժան-Շարլ Լէոնար Սիսմոնտ տը Սիսմոնտի,
պատմաբան եւ տնտեսագէտ (ծն. 1773 Ժընեւ,
մեռած 1842-ին, Ժընեւ)

 

Գիտնալով հանդերձ, որ կարգ մը խորհրդածութիւններ մենախօսութեան սահմանէն դուրս պիտի չգան, պէտք է խօսիլ եւ գրել, որպէսզի անտեղի սնապարծութիւնը փոխարինուի ազգային իրաւ հպարտութեամբ:

Վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնները եւ մտաւորականութիւնը, ձերբազատելէ ետք խորհրդային շրջանի «պատմաշինական» կուտակումներէն, դեռ հաշուեկշիռը չըրին առաջին անկախ հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներուն: Արտասահմանի մէջ այդ մասին խօսուեցաւ, յաճախ` բանակռիւի մթնոլորտի մէջ: Կոթողական գործեր լոյս տեսան, ինչպէս` Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը եւ անգլերէնով Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի բազմահատոր գիրքերը: Ուրիշներ ալ գրած են: Պատմաբանը կամ հրապարակագիրը շատ բան չունին աւելցնելիք, եթէ քարոզչական եւ կողմնապաշտական միտումներ չունին: Բայց վառ մնաց անկախութեան գաղափարը` որպէս իրաւունքի եւ ինքնութեան գիտակցութիւն:

Պատմութիւնը ժողովուրդներու համար ինքնաճանաչման դարպաս է: Տարեդարձ-տարելից առիթ կը համարենք յիշելու եւ յիշեցնելու: Եթէ չենք ուզեր այդքանով բաւարարուիլ, օրը «ֆեթիշ» դարձնել, հարց պէտք է տանք, թէ ինչո՞ւ այսօ՛ր պէտք է խօսիլ «Մայիս 28»-ով յատկանշուող առաջին հանրապետութեան մասին, առանց խրելու ըսուածի եւ ըսուածի նմանող չըսուած կարծուածի բառակոյտերու մէջ: Երբ անցեալի մասին կը խօսինք, անկարելի է, որ անմիջական ներկան ուշադրութեան առարկայ չըլլայ: Դէպի անցեալը դառնալ ներկան հասկնալու եւ առաջնորդելու պէտք է ծառայէ, այլապէս անցելապաշտութիւնը մեզ կը խեղդէ:

Դար մը առաջուան եւ ժամանակակից «անկախութիւններ»-ը նմա՞ն են, թէ՞ տարբեր: Անցեալին եւ ներկայիս «ազգ»ը, զայն բաղկացնող հոսանքները, եւ քանի մը միլիոն անձերը ինչպէ՞ս ապրեցան եւ կ՛ապրին «անկախութիւններ»-ը: Անոնք իրենք զիրենք կը տեսնէի՞ն եւ կը տեսնե՞ն անկախութեան մէջ: Ի՞նչ կ՛ակնկալէին եւ կ՛ակնկալեն, ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է եւ տեղի կ՛ունենայ անկախութեան տիրութիւնը: Աւելի պարզ. հայկական զանգուածները, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), իրապէս տէր եղա՞ծ են եւ տէ՞ր են անկախութեան, առանց գնահատելու բաժակի լեցուն եւ դատարկ  մասերը միաժամանակ:

Այսպէս խորհրդածել տրամագծօրէն տարբեր է «զգացական-զբօսաշրջային-հանդիսաւոր» վերաբերումէ, կը մերժէ երէկի եւ այսօրուան կրկնուող ճառերը, խոհեմութիւնները, ի գին ամէն բանի մարդ սիրաշահելու ճապկումները, աղէտ-արտագաղթը «բացատրելու եւ հասկնալու» բարբաջանքները: Տարին անգամ մը խօսիլ եւ լսել անցեալի կամ ներկայի «անկախութեան» մասին, ճաշկերոյթներով կամ բարձրախօսներով ժայթքող փող ու թմբուկով, պարզապէս գետին դոփել է, «քոչարի» պարելու պէս: Եթէ այդ բոլորին ետին ազգային գաղափարախօսութեան կառչած հաւաքականութիւն չկայ, եւ բոլոր մակարդակներու վրայ մաշում կայ,  իրարանցումները անվաղորդայն հրավառութիւն կ՛ըլլան, երկինքին մէջ պայթող ու ակնթարթ մը տեւող պլպլացումներ:

Մեր ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայի դժուարութիւնները ըմբռնելու եւ յաղթահարելու համար երբեմն կանգ պէտք է առնել եւ ազգ գոյացնող ազդակները, առանց սեթեւեթի, դիրքապաշտական եւ մարդորսական ճապկումներու, միաժամանակ դնել սեղանի վրայ, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ կ՛ընենք, ո՞ւր կ՛երթանք, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընելու համար: Այս ընել` անհանգստացնելու եւ անհանգստանալու գնով: Առանց այս հարցումներուն մասին մտածելու` անկախութեան մասին խօսիլ դատարկ եւ անվաղորդայն հռետորութիւն է, նոյնիսկ եթէ հանրային կեանքի մէջ կրկներեւոյթի նմանող հանգամանաւորութիւններու տոնքիշոթեան հողմաղացները կը դարձնէ:

Անկախութիւնը հասարակ տեղիք քլիշէ չէ, ամբոխին հրամցուած անլիցք կարգախօս:

Անկախութիւնը մասնիկն է ազգային գաղափարախօսութեան, որ ամբողջութիւն մըն է, չի շերտուիր` մէկ մասը ընտրելու եւ միւս մասը լքելու համար: Անկախութիւնը էական է: Առանց անոր, լաւագոյն պայմաններու մէջ անգամ, այսինքն երբ կը յարգուին մարդկային եւ կրօնական իրաւունքները, երբ կարելի կ՛ըլլայ պահել ազգային լեզուն եւ մշակոյթը, ազգի ինքնութիւնը կը մնայ վիրաւոր: Պատմութիւնը, հին եւ նոր, կը վկայէ, որ տիրող ուժերը ամրացնելու համար իրենց դիրքերը անկախութեան ձգտումը միշտ արգելակած են զինուորական բրտութեամբ կամ մշակութային ինքնութեան դէմ նախայարձակումներով: Ինքնութեան տէր հաւաքականութիւններուն համար երկուքն ալ ըստ ամենայնի մերժելի են: Ամուր ինքնութիւն պահած ազգեր, առաւելաբար անոնք, որոնք չեն առաջնորդուած ամբոխային տրամաբանութեամբ, պայքար մղած են անկախութեան համար:

Այդ դեռ երէկ էր, երբ Խորհրդային Միութիւնը կը յայտարարէր, որ խորհրդային բոլոր քաղաքացիները պէտք է սորվին «ռուս մեծ լեզուն», որ միութիւն ստեղծելու շաղախ պիտի ըլլայ, հետեւաբար պիտի խեղդէ անկախութեան եւ անջատման երազանքը: Այդպէս վարուած էին բոլոր գաղութարարները: Անկախութիւնը կարենալ պահելու համար ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչները կենսունակ պէտք է ըլլան: Եթէ անոնց կենսունակութիւնը չքանայ, անկախութիւնը կը դառնայ ձեւական, կը վերաբերի հողամասի մը, ուր մարդիկ կ՛ապրին, կ՛արտադրեն եւ կը սպառեն:

Անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է, որուն իրականացումը տեղի կրնայ ունենալ հայրենիքով, մեր պարագային` այն հողամասով, ուր ազգը ապրած է դարերու ընթացքին` ստեղծելով տնտեսութիւն եւ մշակոյթ: Այդ հող-հայրենիքը եղած է ինքնութեան կռուան: Հետեւաբար ազգային անկախութիւնը հայրենիքով պայմանաւոր է: Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ ամերիկեան նահանգ մը, կամ Թասմանիան, տրուի հայերուն, այդ հողամասերը հայրենիք կ՛ըլլա՞ն: Թերեւս հոն մարդիկ լաւ եւ կուշտ կ՛ապրին, բայց անինքնութիւն եւ անանցեալ գոյութիւն մը կ՛ունենան, կ՛ըլլան ջերմանոցի հաւաքականութիւններ:

Անկախութիւնը լաւ է, մաղթելի, ցանկալի, բայց ազգի նպատակներու իրականացման վերջնական հանգրուանը չէ:

Հայրենիքի ամբողջացումով կը պայմանաւորուի ճշմարիտ անկախութիւնը: Մասնակիով գինովնալը անկարելի կը դարձնէ նոյնինքն անկախութիւնը: «Հողակտոր փրկել»-ու նահանջականութիւնը ազգը կը կանգնեցնէ կորստեան դարպասին առջեւ: Այդ նահանջականութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ արտագաղթով, երբ տոկալու եւ տեւելու համար հարկ է կենսագործել վերադարձի փիլիսոփայութիւնը, որպէսզի ազգային գաղափարախօսութիւնը տօնական առիթներու դատարկաբանութիւն չըլլայ:

Յաճախ կը յիշեմ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի դիպուկ սահմանումը, ըստ որուն, Հայաստանը հայերէն խօսողներով բնակուած աշխարհն է: Հայաստանի Հանրապետութիւն (հողակտոր) եւ սփիւռք(ներ), յաճախ կը մոռնանք այս ճշմարտութիւնը` պատշաճեցումներով, մարդորսական կամ «պիզնես»-ային ճապկումներով: Այս իմաստութեամբ հարկ է ըմբռնել նաեւ անկախութեան տիրութեան գաղափարը:

Բնակուած հողն է, որ հայրենիք է: Որպէսզի Հայաստանը հայոց հայրենիք չըլլայ, ցեղասպանութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ նոյնքան մեծ աղէտը, որ հայրենահանումն էր: Եթէ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրումը կը պահանջենք, այդ կը նշանակէ, որ հոն պիտի վերականգնենք բնակչութիւն, որ ըլլայ շարունակութիւն: Այս հաստատումը տեսութիւն չէ, կը բացատրուի համրանքով: Մոլորակի հեռու եւ մօտ աշխարհներու մէջ տարտղնուած համրանքով ո՛չ հայրենիք, ո՛չ ալ անկախութիւն կը պահուին: Եթէ ազգային գաղափարախօսութեան տրամաբանութեամբ ընթանան մեր որոշումները եւ նախաձեռնութիւնները, վերադարձի փիլիսոփայութիւնը վառ պէտք է մնայ, որպէսզի ազգի համրանքով իրաւունք հետապնդուի: Զբօսաշրջութիւնը համրանքի տեսանկիւնէ պղպջակ է, իսկ Հայաստանի Հանրապետութենէն տեղի ունեցող եւ շարունակուող արտագաղթը ազգային աղէտ է` անկախաբար ամէն կարգի արդարացման որձեւէգ արտայայտութիւններէ, ամբոխային թէ ղեկավարական մակարդակներու վրայ:

Մարդորսական (prosélytisme) ճապկումներէ հարկ է հրաժարիլ, քաղաքական իսկական առաջնորդող մտածում դարձնել այն, որ առանց մշակութային անկախութեան, հողատարածքի մը վրայ ապրող հաւաքականութեան մը անկախութիւնը, բախտաւոր պարագային, տնտեսական ազատ շուկայ կրնայ ըլլալ: Իսկ մշակութային անկախութիւն եւ ինքնութիւն եթէ խամրին, ըլլան այլ բան, նախկինի հաւատարմութիւնը լքած նորի սկիզբ, կարելի է հարց տալ, թէ ի վերջոյ ի՞նչ բան է անկախութիւնը: Երբ Հայաստանի մէջ կը հաստատուին օտարալեզու դպրոցներ, ինչպէ՞ս կը պահպանուի մշակութային անկախութիւնը: Այդ մշակութային անկախութիւն-ինքնութիւնը նաեւ ազգային լեզու է: Հայոց լեզուն նախնական լեզու մը չէ, որպէսզի հոն ներածուին հին եւ նոր բառեր, գիտական, արհեստագիտական, քաղաքական, եւ այլ: Այս արդիականացման մերժում չէ, այլ դիմադրական ճիգ` տիրող համարուած լեզուներու կայսերապաշտութեան դէմ: Անկախութեան եւ ինքնութեան այս պայքարը կարծէք դադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ բազմատեսակ սփիւռք(ներ)ի մէջ:

Նոյնիսկ հզօր տնտեսութեամբ ըմբռնուող անկախութիւնը սոսկ կճեպ է` առանց մշակութային անկախութեան: Ի վերջոյ, կոպիտ ձեւով պէտք է ըսել, որ անկախ հայրենիք մը նպարավաճառի խանութ չէ, նոյնիսկ երբ ան ցուցանակի վրայ երեւցող «սիւպյերդիւքյան» է կամ պսպղուն պողոտայի վրայ տեղ գտած պսպղուն «էպիլացիա»-յի սրահ… Առանց ազգային գաղափարախօսութեան եւ մշակութային անկախութեան` տնտեսութիւն եւ պետութիւն կը վերածուին շահակցական ակումբի:

Եթէ քիչ մը խորհինք պատմութենէն ժառանգուած արժէքներու մասին, մեր ներկային եւ վաղուան այլ լիցք կու տանք: Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն, երբ թշնամիներ կը ճնշէին սահմաններու վրայ, երբ սով կար, հայրենահանուած գաղթականութիւն, լուսաւոր միտքով նախարարը համալսարան հիմնեց, որպէսզի ապահովուի, քաղաքական անկախութեան հետ, մշակութային անկախութիւնը: Այդ իրականացուցած տեսիլք ունեցող իմաստունին անունը կու տանք, բայց օրինակով չենք առաջնորդուիր: Անո՞ւնը…

Աւելի պարզ. այսօրուան քաղաքական վերանկախացումը պիտի ըլլա՞յ նաեւ մշակութային վերանկախացում, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի պղպջակային շքեղութիւններէ եւ մարմարի սնափառութենէն անդին,  Խորենացին մեր մէջ մնայ: Մեր մէջ, ոչ միայն գրոց-բրոցներու, այլ մանաւանդ` զանգուածներու, որոնք տեղատուութեան սահնակին վրայ նստած` օտարալեզու դպրոցներ կը բանան, օտարալեզու թերթ կը հրատարակեն, օտարալեզու գրականութիւն կը մշակեն, եւ կը ծափահարուին չտեսութեամբ:

Անկախութիւնը երշիկ չէ, որ շերտուի գինեձօնի մը կամ փող-թմբուկի երեկոյի համար:

Կրկնենք. Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց մշակութային ամէն օր ապրուող անկախութեան, քաղաքական անկախութիւնը անհասցէ կրկներեւոյթ է:

Յիշել անցեալը, պահել ձեռքբերումները, բայց` տեղ քայլ չընել եւ չբաւարարուիլ մակերեսայնութեամբ: Երբեմն ալ յաճախել մեծերու դպրոցը: Ի՞նչ կ՛ըսէ զուիցերիացի մտածողը. «Կառավարութեան անկախութիւնը եւ քաղաքական իրաւունքները կը կազմեն ժողովուրդները, լեզուն եւ հասարակաց ծագումը կը կազմեն ազգերը»:

16 մայիս 2013
Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ. Եթէ 70 Տարի Չյիշէինք Մայիս 28

Յաջորդը

Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ.Ձօն Անկախութեան 28 Մայիս 1918

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։