Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օժանդակութիւն Այնճար Ապաստանած Գաղթական Սուրիացիներուն` Թորոսեան Ընտանիքին Կողմէ

May 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող քանի մը օրերուն դարձեալ աշխուժ աշխատանքի մէջ էր Այնճարի մէջ հոկտեմբեր 2012-էն գործող «Սուրիահայ գաղթականներու  օժանդակութեան Յանձնախումբը: Օրին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին յառաջացուցած այս յանձնախումբը պարտականութիւն վերցուցած էր իր օժանդակութիւնը տրամադրելու Այնճար ապաստան գտած բոլոր սուրիացիներուն:  Յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Այնճարի երեք համայնքներու եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, կը փորձէ մեղմել գաղթականներուն դժուարութիւնները` անհրաժեշտ օժանդակութիւններով:

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Լեւոն եւ Վալդրաուր Թորոսեանները իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին Այնճար ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն: Անոնք, օժանդակութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ համագործակցութեամբ «Սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան Յանձնախումբ»-ին,  անցնող երեք օրերուն ընթացքին անհրաժեշտ ուտեստեղէն  եւ պիտոյքներ (20 տեսակ) տրամադրեցին 60 սուրիահայ եւ նոյնքան սուրիացի ընտանիքներու: Ընդհանուր արժողութեամբ` շուրջ 10,000 տոլար:

Յայտնենք, որ Լեւոն եւ Վալդրաուր Թորոսեանները կ՛ապրին Վիեննա, ոչ կառավարական ընկերութեան մը սեփականատէրերն են եւ ունին պետական արձանագրութիւն ներքին գործոց նախարարութեան մօտ (MTCS- Mrs. Torossian’s Community Support):

Օժանդակութեան գումարները կը հաւաքուին աշակերտներու ձեռային աշխատանքներուն վաճառքէն: Այս տարի անոնք յաջողած են հանգանակել 30 հազար տոլարի գումար մը, որուն 10 հազարը տրամադրուած է անմիջական օգնութեան, մինչ մնացեալ բաժինը պիտի յատկացուի Թէքէեան եւ Այնճարի երեք վարժարաններուն` իբրեւ սուրիահայ աշակերտներու կրթանպաստ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

www.mousaleranjar.com
http://www.facebook.com/Mousaleranjar.net

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութ – Մութթահետ` 1-0

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Է. Իւնեսքոյի «Ճաղատ Սոփրանոն» Թատերախաղի Ներկայացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.