Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հակառակ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն, Անոնք Վճռած Են Մնալ Միջին Արեւելքի Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

May 23, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 22 մայիս 2013-ի առաւօտուն, Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը» կարգախօսը կրող միջազգային համագումարին: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ: Անոր կը մասնակցին շուրջ 200 հոգի` Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:

Յիշեալ համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ, զոր կարդաց Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներուն ամուր կապուածութիւնը Միջին Արեւելքին եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան: Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Հաւաքուած էք աշխարհի բոլոր կողմերէն` միասնաբար խորհրդակցելու ընդհանրապէս շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ: Արդարեւ, քրիստոնէութեան պատմութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եղած է տառապանքի ու նահատակութեան, սակայն միշտ վկայութեան եւ հոգեւոր ու մարդկային արժէքներու եւ սկզբունքներու յաւերժացման ի խնդիր պայքարի պատմութիւն: Այս հաւատքով եւ յանձնառութեամբ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ գոյատեւած է` հաւատարիմ Ս. Գիրքի ճշմարտութիւններուն եւ արժէքներուն հաւատարիմ` Քրիստոսի պատգամին: Այսօր եւս եկեղեցիները կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Յուսահատութիւնը միշտ հեռու է մնացած մեր կեանքէն, մեր կեանքին ու գործին նշանաբանը եղած է եւ կը մնայ յոյսը: Ատելութիւնը երբեք տեղ չէ գրաւած մեր կեանքին մէջ, մեր կեանքի ճանապարհը եղած է եւ կը մնայ սիրոյ ճանապարհը: Պարտուողականութիւնը երբեք մաս չէ կազմած մեր կեանքին, հաւատքն է եղած եւ կը մնայ մեր կեանքին ու գործին առանցքը: Հաւատքով, յոյսով ու սիրով վերանորոգուած եւ գօտեպնդուած մենք պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:

«Դարեր շարունակ Միջին Արեւելքի մէջ մենք գոյակցեցանք իսլամութեան հետ: Ճի՛շդ է, երբեմն մեր յարաբերութեան եւ գործակցութեան մէջ որոշ զգայնութիւններ յառաջացան. սակայն հասարակաց արժէքներ ու սկզբունքներ ունեցող իսլամութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը միշտ գոյակցեցան ու պիտի շարունակեն իրենց խաղաղ գոյակցութիւնը նո՛յն ոգիով եւ փոխադարձ յարգանքով ու վստահութեամբ: Քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը կը պատկանին Միջին Արեւելքին: Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է միաստուածեան այս երկու կրօններուն: Իբրեւ նոյն շրջանին պատկանող կրօններ, իբրեւ համաքաղաքացիներ, մենք պիտի շարունակենք մեր գոյակցութիւնն ու գործակցութիւնը: Իբրեւ քրիստոնեաներ պիտի շարունակենք մեր պարտաւորութիւնները լիովին կատարել եւ միաժամանակ տէր կանգնիլ մեր քաղաքացիական, համայնքային, կրօնական ու ազգային իրաւունքներուն:

«Մենք կ՛ողջունենք արեւմտեան մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Մենք կ՛ողջունենք Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին շարունակուող զօրակցութիւնը շրջանի քրիստոնէութեան նկատմամբ: Սակայն, միաժամանակ կ՛ուզենք շեշտել, որ շրջանին մէջ քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւնը տալը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. եւ սա մեր եկեղեցիներուն առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է: Մեր սպասումն է, որ արեւմտեան եկեղեցիները միշտ մնան աջակից ու գործակից շրջանի եկեղեցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան աւելի ազդու միջոցներով իրենց քրիստոնէական առաքելութիւնը կատարել»:

Յայտնենք, որ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ վեհափառ հայրապետին պատգամը համագումարին կողմէ:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն Համահմըմ-Ական 9-րդ Մարզախաղեր

Յաջորդը

«Պիել»-ի Մէջ. «Մեր Բանաստեղծները` Հայաստանի Փառքի Կերտիչները» Գիրքի Գինեձօն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.