Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք այսօրուընէ սկսեալ վերստին առիթ պիտի ընծայէ լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու շրջագիծին մէջ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեն 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն:
Շարպել կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները` շեշտելով, որ ինք թեկնածութիւն առաջադրելու առիթը բաց պիտի ձգէ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ օր եւ կառավարութենէն պիտի պահանջէ, որ ան նիստ մը գումարէ եւ ապահովէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու ֆինանսաւորումը:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է 1960-ի ընտրական օրինագիծին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու, սակայն անհաւանական նկատեց այդ ընտրութիւններուն ճշդուած թուականին, այսինքն` 16 յունիսին կայացումը:


