Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 20, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԻՈՅ հանրապետութեան միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն անցեալ շաբաթավերջին ընդառաջելով Հըզպալլայի հրաւէրին այցելեց հարաւային Լիբանանի Մլիթա շրջանը, ուր կը գտնուի Դիմադրութեան թանգարանը: Միւֆթի Հասսուն ընդգծեց Դիմադրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն Կոլանի ճակատին բռնկումին, որուն պարագային կրօնաւորները իրենց գլխուն յատուկ ամամաներով պիտի ըլլան Կոլան մուտք գործող առաջին անձերը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատու մը հաստատեց, որ Սուրիա իր խոստումը կատարած է Հըզպալլային տեսակաւոր զէնքեր մատակարարելու իմաստով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն որեւէ խառն օրէնք, որուն մէջ ընտրաշրջանները բաժնելու յստակ մէկ չափանիշ չ՛որդեգրուիր: Ան ըսաւ, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քաղաքական կերպով տապալած է, սակայն ոչ խորհրդարանին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան նկատմամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի յատուկ սէրը

կուրցուցած է անոր սիրտը եւ պատճառ դարձած, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը ձախողի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յառաջիկայ ուրբաթ օր իր բնակարանին մէջ ընթրիք մը պիտի սարքէ ի պատիւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի, Օմար Քարամէի եւ Սելիմ Հըսի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ մարոնի ղեկավարներուն միջեւ մօտիկ ապագային կատարուելիք հանդիպում մը նախատեսելի չէ` նկատի ունենալով անոնց միջեւ ներկայիս տիրող սուր լարուածութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգելու որոշումը սահմանադրական վարչակարգին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին փլուզումը կը նշանակէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի քրիստոնեայ իր հիմնական գրաւը կը դնէ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան վրայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր զգուշացուց որեւէ ելքէ մը, որ կրնայ ընտրական օրէնքին կամ կառավարութեան կազմութեան առումով երկրին մէջ անիշխանութիւն ստեղծել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք համաձայն չեն խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգելու, բացի եթէ անիկա ուղղակիօրէն առնչուի ընտրական օրինագիծի մը վաւերացումին:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը` Բրիտանիոյ առաջարկով, պիտի քննարկէ Հըզպալլան ահաբեկիչներու ցանկին մէջ նկատի ունենալու կարելիութիւնը:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Ժիհատի կողմնացոյցը մնայուն կերպով ուղղուած պիտի ըլլայ դէպի Պաղեստին` զայն ազատագրելու համար իսրայէլեան բռնագրաւումէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, Հըզպալլա եւ անոր քաղաքական դաշնակիցները կը փափաքին ունենալ ընտրական օրէնք մը, որ իրենց յարմարութեամբ չափուած ու ձեւուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ կոչ ուղղեց վերջ տալու անձնասիրութեան ու համայնքայնութեան եւ աշխատելու ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն:

 

Նախորդը

Ասատ. «Պիտի Չհրաժարիմ»

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Իրաւունքը Վերադարձնելը Կարելի Է` Զայն Ուրացողին Չքուէարկելու Ընդմէջէն»

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։