Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ. «Պիտի Չհրաժարիմ»

May 20, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ արժանթինեան «Քլարին» օրաթերթի եւ «Թելմա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կ՛ողջունէ սուրիական տագնապին գծով ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը, հակառակ անոր որ ատոր արդիւնքներուն շուրջ կասկածներ ունի:

Ան ըսաւ, որ «մենք ողջունեցինք ռուս-ամերիկեան մերձեցումը եւ կը յուսանք, որ սուրիացիները տագնապէն դուրս գալու օժանդակելու միջազգային հանդիպում մը ըլլայ… սակայն կը կարծենք, որ արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներ Սուրիոյ մէջ լուծում մը չեն ուզեր… ուստի անոնք ռուս-ամերիկեան ժողովին անմիջապէս հակադարձեցին` մերժելով Սուրիոյ պետութեան հետ որեւէ երկխօսութիւն»` աւելցնելով, որ «մենք կ՛աջակցինք եւ կ՛ողջունենք այս ջանքը, սակայն պէտք է իրապաշտ ըլլանք, որովհետեւ գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք քաղաքական լուծում մը չեն ուզեր եւ ճնշում կը բանեցնեն որեւէ երկխօսութիւն եւ քաղաքական լուծում ձախողեցնելու համար»:

Ասատ յայտարարեց, որ զինեալ ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւնը կը մերժէ` աւելցնելով, որ «ատիկա միակ նախապայմանն է»:

Ան ըսաւ, որ «սուրիացի ժողովուրդը Սուրիոյ ապագային շուրջ պատկերացում մը ունի… բոլոր ուժերը խորհրդաժողովի կու գան… երկխօսութիւն կը կատարեն եւ կ՛որդեգրեն այն, ինչ որ յարմար կը նկատեն` սկսելով սահմանադրութենէն հասնելով նոր օրէնքներու եւ որեւէ միջոցառման, որ առնչուած է քաղաքական վարչակարգին, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ վարչակարգին, ըլլայ այդ խորհրդարանական, նախագահական կամ այլ վարչակարգ մը»:

Ասատ Իսրայէլը ամբաստանեց «ուղղակի կերպով ահաբեկչական կազմակերպութիւններու երկու ձեւով աջակցելով… առաջին ձեւը այդ ուժերուն գումակային օժանդակութեան տրամադրումն է… առնուազն այդ կը տեսնենք մեր աչքերով Կոլանի մէջ սուրիական ճակատին վրայ վիրաւոր ահաբեկիչներուն տրամադրուած օժանդակութենէն… միւս կողմը… անոնց ցուցմունքներ տալն է»:

Ինչ կը վերաբերի իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի եւ Հըզպալլայի իր ուժերուն կողքին կռուելու մասին տեղեկութեանց, Ասատ յայտնեց, որ «մենք մեր փոխարէն Սուրիան պաշտպանելու համար ոչ ոքի պէտք ունինք, ո՛չ Իրանի, ո՛չ ալ Հըզպալլայի… անշուշտ մեր եւ Հըզպալլայի ու Իրանի յարաբերութիւնները շատ հին ու հրապարակային են եւ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը շարունակուին… Հըզպալլայէն եւ Իրանէն անհատներ Սուրիա կը գտնուին եւ անոնք տագնապէն տասնեակ տարիներ առաջ Սուրիա կու գան ու կ՛երթան»:

Ասատ պնդեց, որ ինք յառաջիկայ տարի իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ պիտի չհրաժարի, որովհետեւ «հրաժարիլ փախուստ տալ կը նշանակէ»: «Չեմ գիտեր, եթէ Քերրի կամ ուրիշ մէկը սուրիացի ժողովուրդէն լիազօրուած է անոր անունով խօսելու, թէ ո՛վ պէտք է հեռանայ եւ ո՛վ` մնայ: Ատիկա պիտի վճռուի սուրիացի ժողովուրդին կողմէ` 2014-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին»:

Նեթանիահու Հըզպալլային Զէնքի
Մատակարարումը Կասեցնելու
Վճռակամութիւն
Կը Յայտնէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլ Սուրիոյ տագնապին մէջ «բոլոր դիպաշարերուն կը պատրաստուի»:

Ան նշեց, որ Իսրայէլ արդիական զէնքերու Հըզպալլային եւ ահաբեկչական կազմակերպութեանց փոխանցումը կարելի եղածին չափ կանխարգիլելու քաղաքականութիւնը որդեգրած է: «Ապագային եւս Իսրայէլի քաղաքացիներուն ապահովական շահերը երաշխաւորելու համար պիտի գործենք», ըսաւ ան` իր կառավարութեան քայլերը նկատելով «պատասխանատու, վճռակամ եւ հաւասարակշռուած»:

Ապահովական Զարգացումներ

Ռուսական «Ռոսպլաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ վարչակարգը Թել Աւիւի ուղղութեամբ լարած է «Էմ600-Թըշրին» տիպի հրթիռներ, որոնք պիտի արձակուին, եթէ Իսրայէլ անգամ մը եւս Սուրիան հարուածէ:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, զինեալներ առեւանգած են Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հայրը: Անոնք 84-ամեայ ծերունին «ծեծելէ» ետք զայն Տարաա տարած են:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակը երէկ ներխուժեց լիբանանեան Հերմել քաղաքէն շուրջ 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ ռազմավարական կարեւոր դիրք ունեցող Քուսէյր քաղաք, ուր, ըստ «Լեպանոն Տիպէյթ» կայքէջին, կը գտնուին 10-ական զինեալներէ բաղկացած լիբանանեան երկու խմբակներ:

Յայտնենք, որ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Դամասկոսի Ռուքնէտտին շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որ առնուազն 7 զոհ խլեց:

 

Նախորդը

Ռէյհանիյէի Ականահարումներուն Պատճառով. Թրքական Քաղաքներուն Մէջ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։