
«Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ թրքական ոստիկանութիւնը բախում ունեցած է ցուցարարներու հետ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործած է զանոնք ցրուելու համար: Արձանագրուած են վիրաւորներ:
Ցուցարարները Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչած են:
Ռէյհանիյէի մէջ 11 մայիսին տեղի ունեցած եւ 51 զոհ պատճառած ականահարումներուն պատճառով թրքական հասարակութեան մօտ զայրոյթ յառաջացած է:
Շաբաթ օր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Ռէյհանիյէի մէջ: Ցուցարարները կառավարութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչած են եւ քննադատած քաղաքին մէջ ապահովութիւնը երաշխաւորելու առնչութեամբ իշխանութիւններուն արձանագրած ձախողութիւնը:
Հազարաւոր քաղաքացիներ ցոյց կատարած են նաեւ Անտիոքի մէջ եւ Էրտողանի ու իշխող կուսակցութեան կոչ ուղղած հրաժարելու:
Ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ Թուրքիոյ վարչապետին Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ակնարկելով գրուած էր «Էրտողա՛ն, ականահարումները Ռէյհանիյէի մէջ տեղի ունեցան, ոչ թէ` Ամերիկայի»:


