Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ Օծում

May 20, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Այնճար ժամանեց հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը` կատարելու համար Այնճարի հայ կաթողիկէ վերանորոգուած եկեղեցւոյ խորանի օծումն ու պաշտօնական բացումը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանար բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, մինչ Այնճար ժամանած էին նախկին նախարարներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը, Հայաստանի դեսպանութեան հիւպատոսը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող անդամ մը, բազմաթիւ միութիւններու եւ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հաւատացեալներ: Ներկայ էին նաեւ Այնճարի հոգեւոր պետերը, քաղաքապետը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ այնճարցիներ:

Եկեղեցւոյ մուտքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ պաշտօնական հիւրերը դիմաւորուեցան աղ ու հացով եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբի խանդավառ կատարումներով: Հոգեւոր տէրը եւ պաշտօնական հիւրերը ուղուեցան դէպի ամբողջութեամբ վերանորոգուած Այնճարի հայ կաթողիկէ եկեղեցի. անոնց ի պատիւ կանգնած էին Այնճարի ՀՄԸՄ-ի տարազաւորները:

Հոգեւոր տիրոջ խօսքէն ետք խօսք առաւ Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ խորանի օծումը: Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Գրիգոր Ճապուրեան պարգեւատրուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին «Ս. Գրիգոր Մեծի ասպետ»  շքանշանով` ձեռամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ նուագահանդէս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ միջազգային ճանաչում ունեցող սրնգահար եւ տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեան` ընկերակցութեամբ խումբ մը նուագողներու:

Եկեղեցիէն դուրս գալով հոգեւոր տէրն ու ժողովրդապետը, ինչպէս նաեւ բարերարը` ճերմակ աղաւնիներ թռցուցին երկինք` ի նշան խաղաղութեան: Աւարտին ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Յայտնենք, որ ժողովուրդին մեծ մասը արարողութեանց հետեւեցաւ դուրսը զետեղուած պաստառի մը միջոցով, նկատի ունենալով, որ եկեղեցին նեղ կու գար հաւատացեալներուն: Յայտնենք նաեւ, որ եկեղեցւոյ վերանորոգումի ճարտարապետն է Վազգէն Նիւրբեթլեան, քանդակագործը` Պօղոս Թասլաքեան (Աղասի), իսկ եկեղեցւոյ սրբանկարները գեղանկարիչ Գրիգոր Սգայեանի գործերն են:

 

Նախորդը

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Ծառայող «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբերու Տպաւորիչ Ելոյթը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։