Չորեքշաբթի, 15 մայիսին «Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Զոհրապի անհատական ցուցահանդէսի բացումը` «Երգիչը եւ իր երգը» խորագիրով:
Ներկայացուած էին զանազան չափերու 36 կտոր աքրելիք պաստառներ` 50-60 մ մինչեւ 5 մեթր: Գոյները եւ գիծերը այլազան էին, իսկ նիւթերը` վերացական:
Իւրաքանչիւր պաստառ տարբեր էր միւսէն: Պաստառները կը խօսէին մարդկութեան, մանկութեան եւ անցեալի մասին` ներկայ ըմբռնումով: Ներկայացուած բոլոր գործերը նոր էին` 2012 թուականին գծուած:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 31 մայիս եւ բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 10:00-7:00:


