Նախորդ երկու տարիներուն Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը հովանաւորած «Սքոթ» ընկերութիւնը նոր` 4 տարուան (2013-2016) համաձայնագիր մը կնքեց ֆետերասիոնին հետ:
Այս համաձայնագիրը կնքողները հանդիսացան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան եւ Լիբանանի մէջ «Սքոթ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Իսամ Մուպարաք` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն եւ այս մարզով հետաքրքրուած անձերուն:


