Երէկ` ուրբաթ, 17 մայիսին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն, նուիրուած` մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ նոր մարզահամալիրի կառուցման հետ կապուած հարցերու:
Մարզահամալիրի նախագիծը ներկայացուց քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց նման դիւրութեան մը անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան մէջ մարզական յառաջխաղացքին:
Երկրին ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ նախագիծին կատարելագործման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ անիկա պէտք է իրականացուի պատշաճ մակարդակով եւ անթերի:
Նշենք, որ խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան պետական կոմիտէի նախագահ Ռազմիկ Յովսէփեան եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ:


