Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Մայրը Եղած Է Ու Պէտք Է Մնայ Սիւնը Հայ Ընտանիքին» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

May 18, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին հայ մայրը իր կեանքի վարքագիծով իբրեւ տիպար` բարոյական, կրօնական ու ազգային արժէքներու ու սրբութիւններու, ինչպէս նաեւ իր առանցքային դերակատարութեամբ եղած է սիւնը հայ ընտանիքին: Նոյնը պէտք է ըլլայ հայ մայրը այսօր: Երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, հայ ազգն է, որ կը քայքայուի: Ահա թէ ինչո՛ւ ճակատագրական է հայ մօր դերը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելով աւելի քան 200 հայ մայրեր, որոնք «Հայ մօր տարուան» առիթով Անթիլիասի մայրավանք եկած էին աջահամբոյրի: Շարունակելով իր խօսքը վեհափառը ըսաւ. «Ո՛չ միայն 2013 տարին «Հայ մօր տարի» է, այլեւ` ամէն տարի, ամէն ամիս, ամէն օր ու ամէն ժամ: Հայ մայրը մեր գոյութեան աղբիւրն է ու գոյատեւման երաշխիքը: Երախտապարտ ենք այն բոլոր հայ մայրերուն նկատմամբ, որոնք հաւատարիմ են իրենց նուիրական կոչումին: Սակայն խստապահանջ պէտք է ըլլանք այն բոլոր հայ մայրերուն նկատմամբ, որոնք հաւատարիմ չեն իրենց կոչումին եւ իրենց զաւակները հայ եկեղեցիէն, հայ դպրոցէն, հայ ակումբէն ու հայ կեանքէն հեռու կը պահեն»: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը եզրակացուց իր սէրն ու յարգանքը արտայայտելով բոլոր հայ մայրերուն:

Վեհափառին խօսքէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ Քրիստին Սարգիսեան-Դանիէլեան, որոնք խօսեցան «Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած տիկիններու յատուկ ընկերային-առողջապահական դասախօսութիւններուն մասին, որոնց շարքին երբեմն նաեւ կրօնական ու ազգային նիւթերու մասին դասախօսութիւն կը տրուի հայ տիկիններուն:

 

 

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Մանկավարժական Մշակման Վերաբերեալ Միօրեայ Սեմինար

Յաջորդը

«Այտա Մուրատեան» Եւ «Արսէն Չաղլասեան» Անունները Կրող Սենեակներու Բացում` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Յարկին Տակ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.