Կազմակերպութեամբ Ազգ. իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 17 մայիսի առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ բոլոր ազգային վարժարաններու ուսուցչակազմերուն եւ տնօրէններուն:
Ուսումնական խորհուրդին անունով ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ սոյն սեմինարը կը միտի համախմբել ուսուցիչները, տնօրէններն ու Ուսումնական խորհուրդի անդամները` ուսուցման փորձառութիւններ բաժնեկցելու նպատակով, նաեւ ստեղծել դրական գործակցութեան միջավայր մը, ուր ուսուցիչները, տնօրէններն ու խորհուրդի անդամները իրարու կը մատուցեն եւ իրարմէ կը ստանան շինիչ անդրադարձ:
«Մանկավարժական մշակման օր»-ուան յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Լենա Կարապետեան: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կազմուեցաւ յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ իւրաքանչիւր վարժարանէ ներկայացուցիչէ մը, եւ խօսեցաւ յանձնախումբին աշխատելաձեւին մասին:
Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն դոկտ. Ռիմա Քարամէ-Աքքարի: Ան խօսեցաւ մասնագիտական դասաւանդման մասին եւ տուաւ ցուցմունքներ, թէ ինչպէ՛ս ուսուցիչներ կրնան աւելի զարգացնել մասնագիտացած դասաւանդումը վարժարաններուն մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ մասնագիտացած ուսուցիչներ պատրաստելու գաղափարին, որպէսզի անոնք լաւ առաջնորդներ ըլլան 21-րդ դարուն եւ կարենան մեր վարժարաններուն մէջ արձանագրուելիք փոփոխութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ դնել: Անհրաժեշտ է մասնագիտացած ուսուցիչներ ունենալ, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին պատրաստեն մասնագիտացած սերունդ մը:
Այնուհետեւ ազգային վարժարաններէն խումբ մը ուսուցիչներ իրենց մասնագիտութեան համեմատ ներկայացուցին իրենց նիւթերը: Այս բաժինը կը նպատակադրէր, որ իր մարզին մէջ յաջողած իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր փորձը փոխանցէ եւ բաժնէ զայն միւս ուսուցիչներուն հետ:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Հայկազեան համալսարանի եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ռիթա Մրհեժ: Ան խօսեցաւ աշակերտի մը «ածական» ունենալու ժխտական ազդեցութեան մասին իր անհատականութեան, ընկերային գետնի եւ դպրոցական արդիւնքներուն վրայ: Ան ներկայացուց միտքեր եւ գաղափարներ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան աշակերտին վրայ` դպրոցին կամ տան մէջ:
Այնուհետեւ դոկտ. Ռիմա Քարամէ-Աքքարի աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ տնօրէներուն հետ:
Ճաշի դադարէն ետք երրորդ զեկուցաբեր` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Մարալ Պոյաճեան անդրադարձաւ այն աշակերտներուն, որոնք կեդրոնացումի դժուարութիւն ունին եւ դասարանին մէջ չեն կրնար կեդրոնանալ:
Ան ցուցմունքներ տուաւ, թէ ուսուցիչներ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին եւ ի՛նչ պէտք է ընեն` օգտակար դառնալու համար նման աշակերտներու:
Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, որ Ուսումնական խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ զեկուցաբերներուն:


