Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 21-րդ Տարելիցին Առիթով

May 13, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 21-րդ տարելիցին առիթով երէկ` կիրակի, 12 մայիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ- ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Այս առիթով խօսք առաւ Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան, որ լիբանանահայ իրականութեան մէջ Վիգէն Զաքարեանը բնութագրեց իբրեւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի, «Զաւարեան» պատանեկան միութեան եւ «Դրօշակ» մասնաճիւղի պատմութեան մէջ փայլուն էջեր գրած ու այդ պատմութեան ժառանգորդ նոր սերունդներուն սրտերուն մէջ հաստատօրէն փորագրուած անուն մը, կենդանի հերոս մը, որուն անմահութեան 21-րդ տարելիցը կը նշուի: Անոր համաձայն, Վ. Զաքարեան իւրաքանչիւր հայու կը փոխանցէ ազգասիրութեան, ազատասիրութեան ու Դաշնակցութեան ամուր կառչած մնալու շունչ:

Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան դիտել տուաւ, որ Վիգէն Զաքարեան հայրենիքին նկատմամբ այնքան մեծ սէր ունէր, որ նոյնիսկ իր կեանքը նուիրեց անոր բագինին: Լիբանանահայ իրականութեան մէջ ընդմիշտ ծառայելու պատրաստ, պատնէշի վրայ ըլլալու վճռականութեամբ լի այդ երիտասարդը ուզեց անպայման հասնիլ հայրենիք, հասնիլ Արցախ, Շուշի, որոնք զինք կը կանչէին: Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան յայտնեց, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականով ապրողներն ու վիգէններու պայքարին եւ գաղափարին հաւատացողները այսօր ներկայ են ամէնուրեք, նոյն թափով, նոյն վճռականութեամբ` միշտ հայրենիքին կողքին ըլլալու երբ կարիքը կը զգացուի: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ երբ զինեալ պայքարի փողը հնչէ, նոր սերունդները նոյն գաղափարով եւ ոգիով մկրտուած դուրս պիտի գան արդարութեան մարտադաշտ:

Գեղարուեստական բաժինով Հայկ Քէշիշեան նուագեց «Հիմի էլ լռենք»¬ը` շուիով, իսկ Նարեկ Քէշիշեանի (տհոլ) ընկերակցութեամբ անոնք նուագեցին «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»-ը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:

 

Նախորդը

«Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոն. Ակնաբուժական Հետազօտութեան Բաժանմունքի Բացման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Փունջ Մը Անմոռանալի Երգերու Մենահամերգ` Գէորգ Պեպեճեանի Ձայնով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.