Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոն. Ակնաբուժական Հետազօտութեան Բաժանմունքի Բացման Հանդիսութիւն

May 13, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային բժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ակնաբուժական հետազօտութեան բաժանմունքի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Հանդիսութեան խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, թէ նորաստեղծ ակնաբուժական բաժանմունքը յաւելեալ թափ ու կորով պիտի տայ կեդրոնի գործունէութեան` ընդարձակելով աշխատանքի դաշտը: Ան ըսաւ, որ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը այլ կեդրոններու հետ գործակցելով կը փորձէ հասնիլ հայութեան կարիքներուն:

Եափուճեան աւելցուց, որ այսօր սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծումները եւս մաս կը կազմեն ընկերային եւ բժշկական կեդրոններու ծառայութիւններուն: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան նշեց, որ բաժանմունքը ստեղծուած է շնորհիւ «Ուվր տ՛Օրիան»-ի եւ «Քոնֆերանս Էփիսքոփալ Իթալիեն»-ի ջանքերուն եւ օժանդակութեան:

Ան յայտնեց, որ կարիքները շատ են եւ միջոցները սահմանափակ, եւ այս ամբողջ իրադրութեան մէջ կեդրոնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ իրականացնելու իր առաքելութիւնը:

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, որ նշեց, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ հայութիւնը առաւելագոյն չափով կարիքը ունի մեր օժանդակութեան, եւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը: Հայր Մուրատեան շեշտեց, որ հայութիւնը հաւաքական մօտեցումով պէտք է յաղթահարէ դժուարութիւնները: Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց նորաստեղծ կեդրոնի ծանօթացումն ու հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

«Ապրիլի Մանուկները» Եւ «Կօշիկներս Պոլիս Ձգեցի» Ժապաւէններու Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

Յիշատակի Ձեռնարկ` Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 21-րդ Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.