Նախանցեալ օր Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին, իրարու դէմ մրցեցան Փիւնիկ Երեւան եւ Հայաստանի նոր ախոյեան հանդիսացած Շիրակ Գիւմրի:
Տարօն Ոսկանեանի նշանակած կոլին շնորհիւ, Փիւնիկ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ տիրացաւ տիտղոսին:
Այսպիսով, Փիւնիկ 6-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին:


