Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թրքական Հասարակութեան Ցեղապաշտութիւնը Ծածկելու Թրքական Իշխանութեանց Դեղատոմսը

May 9, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի Պոլսոյ Կետիկփաշա թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ արտաքին դրան առջեւ ատրճանակով եօթը փամփուշտ արձակուեցաւ` խուճապի մատնելով եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի արարողութեան մասնակիցները, որոնք եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հոգեկան խաղաղութիւն գտնելու համար:

Թրքական ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, որ ձերբակալած է երկու անչափահաս տղաք, որոնցմէ մէկը «հայկական ծագում ունի»: Ատրճանակը կրակողը, որ ըստ ոստիկանութեան 16-ամեայ թուրք մըն է, իր արարքին ընթացքին պոռացած էր` «Դուք այլեւս շատ եղաք»: Անոնք եկեղեցւոյ պատերուն վրայ ալ «շղթաները թող կոտրուին, Այա Սոֆիան թող բացուի» գրութեամբ թղթիկներ փակցուցած էին: Ուստի անհեթեթ է թրքական լրատուամիջոցներուն շրջանառութեան մէջ դրած այն վարկածը, թէ յանցագործները պարզապէս իրենց նոր գնած ատրճանակը կը փորձէին:

Ասիկա «տեժա վիւ» մըն է: Թրքական ոստիկանութիւնը Սամաթիոյ եւ Շիշլիի մէջ հայ տարեց կիներու դէմ կատարուած յարձակումներու հարցով եւս 4 մարտին ձերբակալած էր հայ մը` Մուրատ Նազարեանը եւ զայն ներկայացուցած`  ոչ իբրեւ կասկածեալ, այլ` յանցագործ: Նպատակը յարձակումներուն ցեղապաշտական բնոյթը ծածկելն ու զանոնք իբրեւ հասարակ ոճիրներու շարք ներկայացնելն էր: Այս պարագային եւս նպատակը եւ գործելաոճը նոյնն են: Երկու դէպքերուն հասարակաց գիծերը ցոյց կու տան, որ թրքական իշխանութիւնները կը թուին համոզուած ըլլալ, թէ թրքական հասարակութեան ցեղապաշտական բնոյթի արարքները ծածկելու կախարդական «դեղը» գտած են: Այդ ախտին համար անոնց դեղատոմսը հետեւեալն է. առաջին հերթին հնարել հայ «յանցագործ» մը, ապա դէպքը այլափոխելով` ներկայացնել իբրեւ հասարակ յանցագործութիւն մը: Սակայն թրքական իշխանութեանց դժբախտութիւնն այն է, որ ո՛չ մարդիկ իրենց կարծածին չափ միամիտ են եւ, ըստ երեւոյթին, ո՛չ ալ իրենք` այդքան իմաստուն: Ի վերջոյ ո՞վ մէկէ աւելի անգամ կ՛օգտագործէ հնարք մը, այդ ալ այսքան ձախող:

 

 

 

Նախորդը

Յասմիկ Շահինեանի «Նշանս» Գիրքի Գինեձօն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.