Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համշէնահայութեան Նուիրուած Ժողովրդային Հաւաք Այնճարի Մէջ

May 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 5 մայիսի երեկոյեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Այնճարի հայութիւնը համախմբուած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու մայր հողին վրայ տակաւին գոյատեւող եւ իր ինքնութեան վերադարձող Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած իր քոյր-եղբայրներուն: Սովորականէն տարբեր բնոյթի ձեռնարկ մըն էր, որ տեղի կ՛ունենար` ներկայութեամբ Այնճարի հոգեւոր հովիւներուն, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, Այնճարի մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ մեծաթիւ հայրենակիցներու:

Լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին  բացումը կատարեց, յանուն ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, Լալիկ Խօշեան, որ անդրադարձաւ  ձեռնարկի բնոյթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, որուն գործակցութեամբ կարելի դարձած էր այս ձեռնարկը: Ան անդրադարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ գոյատեւող հայութեան բեկորներուն` բարձր գնահատելով այս գծով Հայկազ Ալվրցեանին տարած աշխատանքը` որպէս ՀՅԴ Բիւրոյի Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայոց հարցերու երեւանեան գրասենեակի տնօրէն: Լ. Խօշեան նաեւ անփոփ ձեւով ներկայացուց Հայկազ Ալվրցեանին կենսագրականը:

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը համշէնահայութեան մասին, որմէ ետք ծաւալուն բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ Հայկազ Ալվրցեան:

Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց համշէնահայութեան պարզած վիճակը, իսլամացած եւ մայր հողին վրայ ապրող հայութեան տարբեր հատուածները, անհրաժեշտ տուեալներ ներկայացնելով իւրաքանչիւրին մասին: Ալվրցեան յայտնեց, որ հայութեան այս հատուածը ոչ թէ միայն կրցած է պահել իր ինքնութիւնը, յատկապէս` աւանդութիւններու եւ մշակոյթի պահպանումով , այլ այդ հատուածը կը ներկայացնէ գիտակից հայութեան մէկ բաժինը, որուն մասին պէտք է ոչ միայն մտածել, այլ նաեւ` այցելել, կապեր հաստատել եւ ի հարկին օժանդակել: Ան յայտնեց, որ հայութիւնը բաղկացնող հիմնական չորս հատուածներուն վրայ (Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ սփիւռք) պէտք է աւելցնել նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի իսլամացած հայութիւնն ու համշէնահայութիւնը, որոնք անբաժան մասն են հայ ժողովուրդին: Ան կոչ ըրաւ ներկաներուն այցելելու այս շրջաններու հայութեան, մօտէն ծանօթանալու անոնց նիստ ու կացին եւ մանաւանդ հաղորդակցելու հայու կարօտ այս հատուածին հետ:

Բանախօսութենէն ետք ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երգիչներ` Ալիս Իբրաճեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Գօգօ Արոյեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Անոնք կատարեցին համշէնահայութեան երգերէն իւրայատուկ նմուշներ եւ շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգեր` խանդավառելով ներկաները:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգի կատարումով:

 

 

Նախորդը

Դասախօսութիւն` «Ոսկրային Հիւանդութիւններու» Նիւթով

Յաջորդը

Յասմիկ Շահինեանի «Նշանս» Գիրքի Գինեձօն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.