Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն` «Ոսկրային Հիւանդութիւններու» Նիւթով

May 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիս 2013-ին կեդրոնի Թնճուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրային հիւանդութիւններու» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց բեկաբոյժ վիրաբոյժ` տոքթ. Փետրօ Նախլէն:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը` նշեց, թէ մարդու մարմնի ոսկրային համակարգը, առողջութիւնը կենսական են` աւելցնելով, որ կեանքի տեւողութեան ընթացքին ոսկորները առողջ պահելու համար պատանեկութենէն պէտք է սկսիլ քալսիումի պահեստը միշտ բարձր պահելու, եւ այդ` մինչեւ յառաջացած տարիք: Առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչը յիշեց նաեւ կիներու մօտ ամէնէն աւելի տարածուած հարցը` ոսկրափտութիւնը, որուն կանխարգիլումն ու դարմանումը նախադրեալներ են ունենալու առողջ ծերութիւն` ապահով ոսկրային կառոյցով:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ իր դասախօսութիւնը կեդրոնացուց ձեւափոխուած ոտքի մատներուն վրայ` բացատրելով ոտքի ոսկրային կառոյցը, ան նշեց, թէ անիկա բաժնուած է երեք մասերու` վերին, միջին եւ առջեւի մասեր: Առջեւի մասին մէջ կը գտնուին ոտքի մատները: Դասախօսը մանրամասնօրէն նկարագրեց մկանային ու յօդակապերու կառոյցն ու աշխատելաձեւը:

Ապա տոքթ. Փետրօ Նախլէ խօսեցաւ ոտքի բթամատի ձեւափոխութեան մասին: Յաճախ պատահող այս երեւոյթը, յատկապէս կիներու պարագային, ունի տարբեր պատճառներ:

Առաջին պատճառը ժառանգական ազդակն է, մարդոց 60 առ հարիւրը կը տառապի ոտքի բթամատի ձեւափոխութենէն:

Երկրորդը ոչ աւելի նուազ կարեւոր պատճառը կօշիկն է, յատկապէս կիներու պարագային այն կօշիկները, որոնք ունին բարձր կրունկ եւ սրածայր քիթ: Այս ոճի կօշիկները կը նպաստեն ոտքի մատներու ու յատկապէս ոտքի բթամատի ձեւափոխման` դէպի ներս թեքման: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ ոտքի առջեւի մասի կառոյցը/ կազմը, որ կը տարբերի անձէ անձ, առաջինը յունական ոճի է, երբ երկրորդ ոտքի մատը աւելի երկար կ՛ըլլայ, բաղդատմամբ այլ մատներու, երկրորդ` քառակուսի, ու երրորդը եգիպտական ձեւը, ուր բթամատը ըլլալով ամենաերկարը ու վերջին մատը ամենափոքրը: Քառակուսի ձեւի ոտքերը յարաբերաբար ամէնէն աւելի կը վնասուին վերոնշեալ կօշիկներէն:

Այլ ազդակ մը, որ կրնայ ապագային պատճառ դառնալ առհասարակ ոտքի մատներու ու յատկապէս բթամատի ձեւափոխութեան, տափակ ոտքերու առկայութիւնն է:

Ախտաճանաչման միջոցներու մասին խօսելով` տոքթ. Փետրօ Նախլէ նշեց, թէ ամէնէն արագ ու գործնական միջոցը շողանկարումն է տարբեր կողմերէ. ասիկա ոտքի ոսկորներու, մատներու պատկերը յստակօրէն կը ներկայացնէ:

Դասախօսը բուժման միջոցները բաժնեց երկու հիմնական մասերու.-

ա- Դեղերու ու տարբեր փոքր կազմածներու օգտագործում:

բ- Վիրահատութիւն:

Ան նշեց, թէ ընդհանրապէս կանխարգիլման սկզբնական հանգրուանին մասնագէտը կը դիմէ դեղերու ու փոքր կազմածներու օգտագործումին, իսկ յառաջացած հանգրուանին` վիրահատութեան:

Աւարտին տոքթ. Փետրօ Նախլէ տարբեր օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք` 1-0

Յաջորդը

Համշէնահայութեան Նուիրուած Ժողովրդային Հաւաք Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.