Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվարական Ոսպնեակ. Յեղափոխութիւնը Պիտի Չպատկերասփռուի…

May 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Վենեզուելայի հանգուցեալ նախագահ Հիւկօ Չաւեզ անկասկած պիտի մնայ համաշխարհային ժամանակակից պատմութեան ամէնէն խնդրայարոյց, բայց նաեւ գերազանցապէս տիրական անձնաւորութիւններէն մէկը, որ իր դրոշմը ձգեց Վենեզուելայի եւ հարաւամերիկեան իրադարձութիւններուն վրայ` 14 տարի շարունակ, 1999-2013:

Քաղաքական գաղափարախօսութեան իմաստով, Հիւկօ Չաւեզ մշակեց առանձին գաղափարական համակարգ, որ կը կոչուի պոլիվարիանականութիւն կամ «21-րդ դարու ընկերվարութիւն»: Վերջին եզրին հեղինակն է գերմանացի յայտնի ընկերաբան Հայնց Տիթրիխ: Եզրը հրապարակուեցաւ 1996-ին, եւ անոր գաղափարական հասկացողութիւնները իրենց գործնականացումը գտան գլխաւորաբար լատինամերիկեան երկիրներուն մէջ: Ե՛ւ պոլիվարիանականութեան, ե՛ւ «21-րդ դարու ընկերվարութեան» ընդմէջէն Չաւեզ իր իշխանութեան հաստատման առաջին օրէն իսկ կեդրոնացաւ երկրին մէջ ընկերվարական բարեկարգումներու իրագործման վրայ` իբրեւ անբաժանելի մասը գերազանցապէս խաղաղ ու ժողովրդավարական հոլովոյթի մը, ընկերային ծրագիրի մը, որ կը կոչուի Պոլիվարեան յեղափոխութիւն:

Այս խաղաղ եւ ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը նախ եւ առաջ կը նպատակադրէր քաղաքացիները ուղղակիօրէն մասնակից դարձնել երկրի ղեկավարման աշխատանքին, երեւոյթ մը, որուն մանրամասնօրէն անդրադարձած էր Յովիկ Յովհաննէսեան իր նախորդ յօդուածով` խօսելով Պոլիվարեան շրջանակներուն մասին եւ նշելով, թէ այդ ապակեդրոնացեալ եւ անկախ շրջանակները ինչպէ՛ս շատ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կրցան կերպարանափոխել Վենեզուելայի ժողովուրդին կեանքը: Բնականաբար այս կերպարանափոխումը հաճելի պիտի չթուէր երբեք նախապէս երկրին քաղաքական ղեկը իր ձեռքերուն մէջ պահած քաղքենիական սակաւապետութեան, որ, ի դէպ, Չաւեզի իշխանութեան օրերուն ալ շարունակեց իր լծակները ունենալ երկրին տնտեսական կեանքին եւ մասնաւորաբար լրատուութեան մարզին մէջ: Եւ հոս անհրաժեշտ է նշել փաստ մը. Վենեզուելայի ժամանակակից պատմութեան մէջ չէ եղած ուրիշ իշխանութիւն մը, որ հանդուրժած ըլլար լրատուամիջոցներուն կողմէ այդքան ծանր քննադատութիւն, ընդհուպ մինչեւ անձնական անարգանքի հասնող, որքան` նախագահ Չաւեզի իշխանութիւնը:

Յենելով ամերիկեան քաղաքական զօրակցութեան վրայ` նշեալ քաղքենիական սակաւապետութիւնը 2002 թուականին իրագործեց յեղաշրջում, բանակի կարգ մը միաւորներ ձերբակալեցին նախագահ Չաւեզը եւ զայն բանտարկեցին կղզիի մը մէջ: Յեղաշրջումին իբրեւ արդիւնք ինքզինք նախագահ հռչակեց Առեւտուրի գրասենեակներու վենեզուելական համադաշնակցութեան նախագահ Փետրօ Քարմոնա, որուն իշխանութեան կարճ ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ Վենեզուելայի Ազգային ժողովին եւ Գերագոյն դատարանին լուծարումով, ինչպէս նաեւ` 1999 թուականին ընդունուած սահմանադրութեան գործադրութեան կասեցումով: 11 ապրիլ 2002-ին տեղի ունեցած զինուորական եւ գործարարամէտ ընտրանիին այս յեղաշրջումը արդէն վիժած էր իր սաղմին մէջ, որովհետեւ տեւեց միայն 47 ժամ: Յեղաշրջումը պատճառ դարձաւ չաւեզամէտ ժողովրդային մեծ ըմբոստութեան մը, զոր ընկճելու անյաջող փորձ մը կատարեց Քարաքասի քաղաքային ոստիկանութիւնը: Յեղաշրջումէն հազիւ ժամեր անց չաւեզամէտ նախագահական պահակագունդը իր հսկողութիւնը վերահաստատեց Միրաֆլորեսի նախագահական պալատին վրայ` առանց մէկ փամփուշտ իսկ արձակելու, ինչ որ յանգեցուց Քարմոնայի դրածոյ կառավարութեան ինքնըստինքեան փլուզման: Զինուորական կարգ մը միաւորներու եւ գործարարական շրջանակներու մտայղացումը եղող ու ամերիկեան աննախադէպ զօրակցութիւն վայելած այս ձախողած յեղաշրջումը օրին հարաւամերիկեան բոլոր երկիրներուն դատապարտումին արժանացաւ:

2002 թուականի այս ձախող յեղաշրջումին վերաբերեալ կայ շատ հետաքրքրական վաւերագրական ժապաւէն մը, որ ցայժմ Պոլիվարեան յեղափոխութեան փաստագրումը կատարող ամէնէն վաւերական տեսանիւթը կը նկատուի նաեւ այն պատճառով, որ անիկա իր տեսակին մէջ առաջինն է. անգլերէնով պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնին խորագիրն է `«Յեղափոխութիւնը պիտի չպատկերասփռուի» («Տը ռեւոլիուշըն ուիլ նաթ պի թելեվայզտ») կամ` «Չաւեզ. յեղաշրջումին մէջ» («Չաւեզ. Ինսայտ տը քուփ»): 2003-ին հրապարակուած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուին 2002-ի յեղաշրջման առաջնորդող եւ անոր ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Իրլանտացի շարժապատկերի արտադրողներ Քիմ Պարթլիի եւ Տոննաչա Օ Պրայընի բեմադրած այս ժապաւէնին նկարահանումը մօտ եօթը ամսուան ժամանակ խլած է, հոն շեշտադրում կը կատարուի տնտեսական սակաւապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցներու դերին վրայ` յեղաշրջումին առաջնորդած իրադարձութիւնները խեղաթիւրելու առումով: Բեմադրիչները իրենց հրապարակած ժապաւէնին մէջ նաեւ լուսարձակները կը սփռեն Հիւկօ Չաւեզի ղեկավարման անհատական յատկանիշներուն վրայ` իբրեւ իր ժողովուրդին կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն:

Անոնք կը խօսեցնեն պարզ քաղաքացիները իրենց երազներուն եւ սպասելիքներուն մասին, նկարահանած են համաժողովրդային ըմբոստութեան ամէնէն լուրջ պահերը, երբ քաղաքային ոստիկանութիւնը եւ քրէական տարրեր փորձեցին արեան մէջ խեղդել ժողովրդային ցասումը: Սակաւապետութեան կողմէ վերահսկուող լրատուամիջոցներուն կողմէ այս դէպքերը ներկայացուեցան իբրեւ չաւեզամէտ ցուցարարներուն շարքերը սպրդած սադրիչներու վայրագութիւններ, մինչդեռ ժապաւէնին մէջ յստակօրէն կ՛երեւին, տեսախցիկի տարբեր անկիւնէն դիտուած, թէ իրականութեան մէջ խաղաղ ժողովուրդին վրայ կրակողները յեղաշրջումին կողմնակից քրէական տարրերն էին:

Հոսկէ ալ կը տեսնենք ժապաւէնին փոխանցած միտք բանին. Ֆինանսական սակաւապետութեան սեփականութիւն, եղող անձնական լրատուամիջոցներուն կողմէ յեղափոխութիւնը պիտի չպատկերասփռուի այնպէս, ինչպէս որ է, այլ պիտի խեղաթիւրուի անոր ընթացքը, պիտի ծաղրուին ու անարգուին անոր արժէքները. բայց միեւնոյնն է, յեղափոխութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի յաղթէ: Դիտուելու արժանի վաւերագրական գլուխ գործոց մը իրապէս…

Նախորդը

Ընկերվարական Ոսպնեակ. Հայկական Սփիւռքի «Քարիւղ»-ի Վերաբաշխման Անհրաժեշտութիւն

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ Երիտասարդական Հսկում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.