ՀՐԱԿ Փ.
Քաղաքական-գաղափարական քննարկումներու տեղ տուող հայկական շրջանակներու մէջ, ըլլան անոնք ներգաղութային թէ համացանցի ճամբով միջգաղութային (ամենայն դէպս ցաւ ի սիրտ հետզհետէ աւելի հազուագիւտ), կարելի է գտնել շփոթ մը, թերի ընկալում մը, այն է` ընկերվարութեան եւ ազգայնականութեան անհամատեղելի եւ իրարու հակադիր ըլլալու մասին համոզմունքը, որ կը մղէ յղացքներէն մէկը գերադասել միասին:
Նոյն այդ համոզմունքէն մեկնելով` կանխատեսելի է, որ Չաւեզի գործունէութեան անդրադարձ կատարող եւ «Ընկերվարական ոսպնեակ» վերնագիրը կրող այս յօդուածաշարքը խորթ եւ անհեթեթ թուի նոյն այդ համոզմունքը կրող եւ իրենց նախընտրութիւնը բացարձակապէս ազգայնականութեան տուող անհատներու կամ շրջանակներու աչքին:
Սակայն նոյնինքն Չաւեզի փորձառութիւնն է, որ կու գայ ապացուցելու, որ վերոյիշեալ երկու գաղափարախօսութիւնները ո՛չ միայն իրարու հակադիր չեն ու կրնան ըլլալ միատե՛ղ, այլ նոյնիսկ ունին հասարակաց տրամաբանութիւն մը ու զիրար ամբողջացնելով է որ կրնան բարելաւել մարդկային ողջ դրութիւնը:
Հետեւեալ սեղմ ուսումնասիրութեամբ կու գանք ներկայացնելու Չաւեզի գործունէութեան մէջ տեղ գտած զոյգ ուղղութիւնները, կու գանք անգամ մը եւս փարատել փորձելու վերոյիշեալ թիւրիմացութիւնը:
Ա. Չաւեզի Գործունէութեան Մէջ
Ընկերային Ուղղուածութիւնը
Չաւեզի գործունէութիւնը ամէն բանէ առաջ նշանաւոր է իր ձախակողմեան ուղղուածութեամբ, իր բանաձեւած «21-րդ դարու ընկերվարութիւնով»: Չաւեզի ընկերվարական փորձին մասին կարծիքները բազմազան են: Այստեղ զանոնք մանրամասնօրէն ներկայացնելու եւ մանաւանդ Չաւեզի ընկերվարական տարբերակը արժեւորելու-դատելու, «Որքանո՞վ ընկերվարական» հարցումին պատասխաններ տալու յաւակնութիւնը չունինք. կը փորձենք սեղմօրէն թուել Չաւեզի իշխանութեան օրերուն իրականացուած աշխատանքներ, որոնք ամենայն դէպս յստակօրէն կ՛իյնան ընկերվարութեան արժէքներուն եւ սկզբունքներուն ուղղութեան մէջ:
Չաւեզի բեմական պատգամներուն եւ ամբողջ քարոզչութեան մէջ յստակօրէն առկայ եղած են շահագործուած աղքատ ժողովուրդի դատին պաշտպանութիւնը, երկրի հարստութեանց վերաբաշխումի անհրաժեշտութեան մասին բարձրաձայնումը, մենաշնորհեալ դրամատէր խաւի, դրամատիրական սպառողականութեան եւ սակաւապետական փտածութեան հանդէպ խիստ քննադատութիւնը: Բայց ընկերվարական արժէքները, քարոզչութենէ բացի, ունեցան նաեւ իրենց գործնակա՛ն դրսեւորումը, բազմաթիւ տնտեսական-ընկերային բարեկարգումներով, որոնցմէ կարելի է նշել հետեւեալները. 2005 թուականին հաղորդակցութիւններու, դրամատուներու, ելեկտրականութեան, հում նիւթերու շահագործման եւ այլ տնտեսական կարեւորագոյն մարզերու պետականացումն ու ծառայեցումը աղքատ ժողովուրդին` վերջ տալով այդ հարստութեանց շահագործման երկրի դրամատէր վերնախաւին ու արտերկրի ուժերու կողմէ. կրթական, ուտելիք, առողջապահական, գիւղատնտեսական մարզերուն մէջ աղքատ ու շահագործուած խաւի վերականգնումին նպաստող «ընկերային ծրագիրներ»-ը, որոնց համար կ՛օգտագործուէր պետութեան տարեկան դրամագլուխին մօտաւորապէս կէսը. անոնցմէ կարելի է նշել 2003-ին սկիզբ առած «Սիւքրէի միսիոն»-ը, որ ձրի եւ շարունակական կերպով բարձրագոյն ուսման դասընթացքներ կը հրամցնէր վենեզուելացի չափահասներուն: Տակաւին, բազմաթիւ տուներու ու բնակարաններու կառուցումը` աղքատ ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ` ձրի բուժարաններու հաստատումը: Մինչեւ իսկ անհատ գործարարներու պատկանող հողային տարածքներու պետականացումը եւ տրամադրումը` ժողովուրդին:
Նմանօրինակ բազմաթիւ ծրագիրներով Չաւեզի իշխանութիւնը կ՛աշխատէր իրականացնելու իր նպատակը` վերահաստատել ընկերային արդարութիւնը, սանձել սեփական հարստացումն ու անոր միջոցով ժողովուրդին կեղեքումը, կատարել հարստութեան արդար վերաբաշխում… յստակօրէն ընկերվարական առաջադրանքներ:
Վերջապէս հարկ է անդրադառնալ «21-րդ դարու ընկերվարութիւն»-ի այս քաղաքականութեանց ձեռքբերումներէն աչքառուներուն. Չաւեզի իշխանութեան ժամանակաշրջանին ընկերային անարդարութեան չափանիշը (GINI coefficient) տասը նիշի նուազում կ՛արձանագէ (48.8-էն իջնելով 39-ի). անգործութիւնը 14.5%-էն կը նուազի 7.6%-ի, մինչեւ 2009 թուական: «Չափաւոր աղքատութիւնը» Չաւեզի իշխանութեան ժամանակաշրջանին 50%-էն կ՛իջնէ 32%-ի, «ծայրայեղ աղքատութիւնը» 23.4%-էն 8.5%-ի: Անչափահասներու մօտ անգրագիտութեան տոկոսը մեծ նուազում կ՛արձանագրէ: Մինչեւ իսկ ՄԱԿ-ն ու ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը լաւ ու օրինակելի կը գնահատեն Վենեզուելայի մէջ իրականացուող ընկերային եւ իրականութեան մէջ ընկերվարական ծրագիրները:
Բ. Չաւեզի Գործունէութեան Մէջ
Ազգային Ուղղուածութիւնը
Նախքան Չաւեզի գործունէութեան ա՛յս երեսին ուսումնասիրութիւնը, լաւապէս հասկնալի դաձնելու համար մեր միտքը, հարկ է բանալ փակագիծ մը եւ յիշեցնել, թէ ազգայնականութիւնը կը տարբերի ծայրայեղ եւ այլամերժ ազգայնամոլութենէն, սեփական ազգը այլ ազգերէ եւ մարդկութենէն գերադաս նկատող հաւատամքներէն: Այս տարբերութեան ընկալումը անհրաժեշտ է հասկնալու համար ազգայնականութեան եւ ընկերվարութեան համատեղելիութիւնը: Որովհետեւ եթէ ազգայնականութիւնը տեսնենք վերոյիշեալ ծայրայեղ տարազներուն մէջ, բնական կ՛ըլլայ ընկերվարութեան հետ անոր բախումը. եթէ ազգային գերադասութեան մասին է խօսքը, ապա ազգը կը դառնայ այբն ու ֆէն, իսկ մարդկութիւնը` բոլորովին երկրորդական:
Այդ պայմաններուն մէջ, ընկերվարութեան նման յղացք մը, որ կատարելապէս մարդկայի՛ն է, ի՞նչ իմաստ կրնայ ունենալ, ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալի ըլլալ. փաստօրէն ծայրայեղ եւ այլամերժ ազգայնականութիւնն ու ընկերվարութիւնը տարբեր ալիքներու վրայ են. մէկուն բարձրագոյն առանցքը ազգն է, միւսինը` մարդկութիւնը: Սակայն տարբեր է պարագան ազգային գաղափարախօսութեան մարդկայի՛ն տեսակին: Տարբեր է, երբ ազգայնականութիւնը ընկալենք իբրեւ մարդկութեան պատկանող, մարդկային, այլ ոչ ի հեճուկս մարդկութեան տարուող պայքար: Ազգայնականութիւնը այլազան ազգերու պահպանումին, անոնց արդար եւ հաւասար համակեցութեան ձգտող գաղափարաբանութիւն է, ոչ թէ եզակի՛ ազգի մը աշխարհակալական ձգտումներու փիլիսոփայութիւն: Այս պարագային, թէ՛ ընկերվարութիւնը եւ թէ՛ ազգայնականութիւնը նո՛յն ուղղութեամբ կ՛երթան, երկուքն ալ գերազանցօրէն մարդկային են, ուստի իրարու չեն հակադրուիր, այլ ընդհակառակը, կ՛ամբողջացնեն զիրար: Ընկերվարութիւնը կը ջանայ մարդ անհատը ազատագրել այլ մարդ անհատներու սարքած շղթաներէն, ազգայնականութիւնը` ազատագրել ազգ կոչուած մարդկային խմբաւորումները ա՛յլ խմբաւորումներու սարքած շղթաներէն:
Փակելով փակագիծը եւ վերադառնալով Չաւեզին` փորձենք լոյս սփռել անոր գործունէութեան ազգայի՛ն մասին վրայ, որ ազգայնականութեան մեր նկարագրած այս վերջին տեսակէն է:
Չաւեզ հանրածանօթ է արդէն իր հակակայսերապաշտական յարձակողականութեամբ: Չաւեզի պատկերացուցած «Նոր Վենեզուելա»-ն պիտի կառուցուէր շնորհիւ պոլիվարեան յեղափոխութեան, որ ունէր երկու առանցքներ. ներքին ընկերային-տնտեսական բարեկարգումները եւ Վենեզուելայի ազատագրումը արտաքին գաղութատիրական շղթաներէն: Այսպէս, Չաւեզ փորձ կ՛ընէր Վենեզուելան ազատելու տարիներու ընթացքին ամրացած ամերիկեան տնտեսա-քաղաքական կապանքներէն: Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու յորդորով եւ օգնութեամբ վենեզուելացի որոշ սակաւապետներ ձեռք դրած էին երկրի բնական հարստութիւններուն, յատկապէս քարիւղին վրայ ու կը ծառայեցնէին այդ հարստութիւնները իրենց եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգների` խլելով զայն իսկական տիրոջմէ` վենեզուելացի ժողովուրդէն: Եւ ահա այս օրինակին մէջ կը կայանայ ընկերային եւ ազգային զոյգ շահագործումներու տրամաբանութեանց նոյնութիւնը: Վենեզուելայի սակաւապետ խաւի ներկայացուցիչները կը շահագործէին ժողովուրդը, անոր աշխատանքը. ահա զուտ ընկերային հարց: Բայց միաժամանակ, Միացեալ Նահանգները կը շահագործէին վենեզուելացի ժողովուրդն ու Վենեզուելան իր հարստութիւններով. ահա՛ եւ ազգային հարց: Եւ այս ազգամիջեան շահագործման վերջ տալու, ու Չաւեզի իսկ բառերով` «Վենեզուելայի ազատագրում»-ը յաջողցնելու պայքարը ազգային պայքար չէ՞ միթէ: Չաւեզի ջանքերով ՈՒՆԱՍՈՒՐ-ի ստեղծումը փորձ մըն էր Ամերիկայի հաստատած շրջանային տնտեսական դրութիւնը փոխարինելու անկախ հարաւամերիկեան կառոյցով մը: Վենեզուելայի քարիւղի եւ այլ բնական հարստութեանց հետզհետէ պետականացումը կը միտէր նաեւ ազատագրել երկիրը արտաքին տնտեսական կառավարումներէն: Իսկ 2002-ին Ամերիկայի կողմէ մշակուած Չաւեզի իշխանութիւնը բռնի ուժով տապալելու ձախող փորձը ինքնին բարացուցական է եւ փաստ` Ամերիկայի կայսերապաշտական լիազօրութիւններու խաթարուած ըլլալուն: Վերջապէս, արժէ նշել Չաւեզի հաստատած «Պոլիվարեան սահմանադրութիւնը» եւ Վենեզուելլայի վերանուանումը` «Վենեզուելայի Պոլիվարեան Հանրապետութիւն», որոնք կը միտին յաւերժացնել Պոլիվարի հակակայսերապաշտական գաղափարախօսութիւնը:
Չաւեզի հակակայսերապաշտական պահուածքին ու ազգային ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելու ծրագրին անդրադառնալէ ետք, արժէ տեսնել նաեւ անոր վարած ազգային ներքի՛ն քաղաքականութիւնը: Մերօրեայ համաշխարհային կարգերուն մէջ գաղութատիրութեան կողքին ազգային հաւաքականութեանց կը սպառնայ նաեւ ազգային նկարագրի աղաւաղման ու կորուստի վտանգը: Անոր անդրադարձած է նաեւ ինքը` Չաւեզ, որուն խօսքերուն մէջ յաճախ կարելի է գտնել Ամերիկայի կողմէ ստեղծուող միաբեւեռ եւ միատեսակ աշխարհի մը ստեղծման դէմ մղուող ազգային դիմադրութեան գաղափարը: Ակադեմական ուսումնասիրութիւններու վկայութիւնները ցոյց կու տան, թէ Չաւեզ յատուկ քարոզչական եւ կազմակերպչական աշխատանք տարած է վենեզուելացի ժողովուրդին ազգային նկարագիրը ամրապնդելու ուղղութեամբ: Կը նշուի Չաւեզի կողմէ «Վենեզուելացի Ժողովուրդը» զոյգ բառերուն առատ եւ դիտումնաւոր գործածութիւնը. «Իմ կեանքիս մնացած տարիները պիտի նուիրեմ վենեզուելացի ժողովուրդին համար կռուելու, (…) դուք հերոսական, գեղեցիկ , մեծ ժողովուրդ էք, հերոս եւ ազատագրող»: Չաւեզի բառերն են:
Կը նշուի նաեւ վենեզուելացիներուն մօտ ազգի անցեալին հետ ոգեղէն կապ մը ստեղծելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը, որ կ՛արտացոլայ նաեւ Չաւեզի հետեւեալ նախադասութեան մէջ. «Այնպէս` ինչպէս Միրանտան եւ Պոլիվարը, վենեզուելացի ժողովուրդին հետ երկու հարիւր տարի առաջ ազատագրեցին Վենեզուելան սպանական լուծէն, այսօր ալ դուք (ժողովուրդը) եւ մենք` բոլորս միասին կ՛ազատագրենք վենեզուելացի ժողովուրդը»: Պատմութեան, անցեալին ու ազգային մշակոյթին հետ կապը ամրապնդելու աշխատանքներուն մէջ կ՛իյնան նաեւ «Պատմութեան պետական կեդրոն»-ի ստեղծումը, ազգային պանթէոնի վերարժեւորումը, աւանդական ազգային տօներու վերաշխուժացումը (յատկապէս` բանակի օր, դրօշակի օր), մինչեւ իսկ` նոյնինքն Չաւեզի բերնէն յաճախ լսուող ազգագրական պատմուածքները, բանաստեղծութիւնները, ազգային երգերը, նաեւ` պետական կնիքին վրայ բնիկ վենեզուելացի ժողովուրդը խորհրդանշող նետ եւ աղեղի յաւելումը, գաղութատէր Քոլոմպոսի օրուան տօնը Բնիկներու դիմադրութեան օրով փոխարինելը (Day of Indigenous Resistance) եւ այլն…Վերջապէս, արժէ անդրադառնալ նաեւ Չաւեզի կողմէ Վենեզուելայի դրօշակին վրայ ութերորդ աստղ մը աւելցնելու առաջարկին, որ աւելի՛ եւս հեռու կը տանի ազգայնական պայքարը` հասնելով պահանջատիրութեան: Այդ աստղը կը խորհրդանշէ Պոլիվարի օրերուն Վենեզուելայի պատկանած, բայց այսօրուան դրութեամբ մասամբ Վենեզուելայէն անկախ Կուայանայի նահանգը, որուն հանդէպ Վենեզուելայի մէջ կայ որոշ պահանջատիրական կեցուածք…
Այսպէս, Վենեզուելայի բնակչութեան ազգային, ինքնիշխան եւ պահանջատէր նկարագիրի ամրապնդումը, ու Վենեզուելա պետութեան արտաքին ազդեցութիւններէ անկախացումը կը թուի, թէ նախագահ Չաւեզի ազգային ուղղուածութեամբ առաջադրանքներէն էին:
Եզրակացութիւն
Հիւկօ Չաւեզի փորձը կը փաստէ, որ ընկերվարութիւն եւ ազգայնականութիւն յղացքները անհամատեղելի չեն ու իրարու խոչընդոտ չեն հանդիսանար: Նշեցինք, ինչպէս Չաւեզ յաջողեցաւ երկիրը ուղղել դէպի ընկերվարական կարգեր ու միաժամանակ վարել ազգային շահեր հետապնդող քաղաքականութիւն, որ կը բաղկանայ ժողովուրդին մէջ ազգային նկարագրի ամրապնդման եւ Վենեզուելան արտաքին ուժերէ ազատագրելու առանցքներէն: Տեսանք նաեւ, թէ ինչպէս երկու գաղափարական յղացքները սերտօրէն կապուած են զիրար եւ կը բաժնեն նոյն տրամաբանութիւնը: Մէկը անհատներու շահագործումին դէմ դնող, իսկ միւսը աւելի մեծ ծաւալով` ազգերու շահագործումին դէմ դնող գաղափարախօսութիւն է: Աւելի՛ն. միջազգային մակարդակի վրայ ազգ-պետութիւններու շահագործումը բնականաբար կը տանի նաեւ անհատներու շահագործման, Վենեզուելայի օրինակով, ուր օտարին ծառայող սակաւապետը ամէնօրեայ շահագործումի կ՛ենթարկէր իր հայրենակիցները:
Ձերբազատուելէ ետք երկու յղացքներուն միջեւ հակասութիւն գտնելու շփոթէն, կը մնայ, որ աշխատինք երկուքն ալ ուսումնասիրել, ու Պոլիվարեան յեղափոխութեան նման փորձեր դարձնենք քննութեան առարկայ, օգտուելու եւ դասեր քաղելու համար անոնցմէ, հետագային մեր իրականութեան մէջ զանոնք գործադրելու յոյսով: Աշխատանք մը, որուն խիստ կարիքը ունինք այսօր, նկատի առնելով մէկ կողմէն Հայաստանի մէջ տիրող դրամատիրական կարգերու գործած աւերները եւ օտար գաղութատիրական ուժերու կողմէ բնական հարստութեանց շահագործումը, իսկ միւս կողմէն` մեր սփիւռքեան անմիջական շրջանակներուն մէջ հետզհետէ աւելի տարածուող ապազգային, դրամատիրական, նոր ազատական, նիւթապաշտական կարգերը եւ անոնց զուգահեռ` ազգային, ընկերվարական, մարդկային եւ բարոյական արժէքներէ մեր սրընթաց դատարկուիլը:
Օգտագործուած աղբիւրներ.-
The Missionary Politics of Hugo Chavez, Jose Pedro Zuquette
Hugo Chavez Oil Revenue Helped Venezuela’s Poor-But It May Soon Disappear, Mike Serfas (http://www.policymic.com/articles/28721/hugo-chavez-oil-revenue-helped-venezuela-s-poor-but-it-may-soon-disappear)
How did Venezuela change under Hugo Chոvez? Ami Sedghi (http://www.guardian.co.uk/news/datablog/2012/oct/04/venezuela-hugo-chavez-election-data#)
http://www.worldbank.org/en/country/venezuela/overview


