Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն 18

May 1, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Աշխարհով շրջապատուած, միշտ իմ աշխարհս ունեցած եմ` պատրանքը հակադրելով իրականութեան, որ ինքնախաբէութիւն կը կոչուի «արթուն» մարդու լեզուով: Այսօր ալ պատրանքը կը փրկէ զիս: Այդ է պատճառը, որ իմ` հայու բոլոր արհաւրալից տագնապներուս, իմ` սուրիահայուս վտանգուած գոյութեան առկայութեամբ, կը շարունակեմ ժպտիլ աշխարհին: Այս դժնդակ ու մերկ տգեղութեան մէջ կը ստեղծեմ իմ գեղեցկութիւններս` ինքզինքս առոյգ պահելու ու մարդոց սէր տալու համար (ուրիշ ոչինչ ունիմ տալիք): Ու սակայն կայ խոցելի տեղս` Սասնայ Դաւիթի թիակամէջի կէտը: Իմ հայրենիքս, զիս հիւծող իր տագնապներով, մեր գիւղացիներու մաշած, անժպիտ ու անյոյս դէմքերը ու հազարաւոր կղպուած դռները հայոց գիւղակներու: Ու ահա` կու գայ անոր գումարուիլ սուրիահայոց փոշիացումը: Տակաւ պատրանքիս փարած` կը ժպտիմ գարունին ու հայոց յաւերժութեան, երբ եկեղեցւոյ բակին մէջ կը հանդիպիմ ծանօթի մը: Ի զուր կը հարցնեմ Հայաստան ուսանելու գացած անոր զաւկին մասին. ի զո՛ւր:

– Ինքը լաւ է, իր կարելին կ՛ընէ, բայց Հայաստանը լաւ չէ, այդ երկրին հետ յոյս կապել չ՛ըլլար…

– ….. (Կը մերժեմ այս, այդ դաւաճան դերանունները, երկիրս մէկ դերանուն կ՛ընդունի` ի՛մս, Ի՛մ Երկիրս🙂

– Եղբօրս տղան ընտանիքով անցաւ Գերմանիա, ըսաւ, որ Արմէնն ալ կրնայ տանիլ, միայն լեզու թող սորվի: Մինչ այդ ան Ֆրանսերէն կը սորվէր, հիմա անցաւ գերմաներէնի…

– ….(Վաղն ալ կ՛անցնի շուէտերէնի, ճափոներէնի եւ այլն, լեզու` շա՜տ,- կը լռեմ ես:)

– Դուն կը ցաւիս, կը նեղուիս տղուդ հեռանալուն, թերեւս ալ անգամ մըն ալ չես տեներ զինք, բայց ի՞նչ կ՛ընես, եթէ վաղը հոն ալ պատերազմ ըլլայ, արդէն բան մը չէ, աւելի գէշ կ՛ըլլայ: Եղբայրս կ՛ըսէր, որ միայն խեղճ մարդոց զաւակները սահմաններու վրայ կը հսկեն, օրական դէպքեր կան….

-……………..:

– Աւելի լաւ չէ՞, որ տղադ դուրս ելլէ ու հանգիստ ապրի, քան թէ օր մըն ալ մարմինը բերեն…

(Հազար ներողութի՛ւն, իմ զոհուած սուրբ զաւակներ ու պատնէշի վրայ հսկողներ🙂

Կը լռէի` ճնշուած իր անհերքելի ճշմարտութիւններուն դէմ, սակայն շունչս սկսաւ նեղուիլ, կոկորդս կը սեղմուէր. բաժնուեցայ` մոռցած գարուն ու կապոյտ երկինք: Կարծես Հայաստան ալ պատերազմ սկսած էր… Քայլերս հոգիիս ծանրութիւնը հազիւ կը քաշէին: Դառնահամը կը կուտակուէր հոգիիս մէջ:

Մեր (յուսախաբուա՛ծ հայու, պատրանթա՛փ հայու, հայրենի հողը զինք չշալկո՛ղ հայու) մերկ ու առարկայական տրամաբանութիւնը:

Մեր մեծամասնութեան անընդունակութիւնը «յանուն»-ի, զոհելու մեր նուազագոյնը, ո՜ւր մնաց թանկագինը` զաւակը:

Մեր նսեմագոյն կարգախօսը` «Ուր հաց, հո՛ն կաց»:

Մեր շնորհ-սէրը` Հայաստանը 2-3 ամսուան համար ամարանոց նկատելու պատիւին արժանացնելով…

Մեր ազգը` ոչխարի հօտ դարձած, մոլոր ու շուար աջ ու ձախ վազելով,

մեր հովիւները` քեպապի սեղաններու շուրջ:

Իսկ լուսածին, իտէալակիր փոքրամասնութիւնը ունա՞կ է փրկելու վիճակը: Իսկ մնացեալ մեծամասնութիւնը լուսաւորելու, իտէալ ներշնչելու առաքելութիւնը որո՞նց վրայ կ՛իյնայ ու անոնք գիտա՞կ են իրենց առաքելութեան:

Այսօր ապիլ 24 է, հայոց կառավարութիւնը ամբողջ կազմով հանդիսաւորութեամբ կը քալէ դէպի զոհերու յուշարձան: Ճամբայ մը` խորապէս խորհելու սեփական առաքելութեան մասին: Ամբողջ հոգիով կ՛ուզեմ հաւատալ, թէ անոնք մտահոգ են ընդհանրականով: Քանի՞ գաղափարական նուիրեալ ղեկավար պէտք է ունենանք` մեր ազգը այս վիճակէն փրկելու համար: Պատմութիւնը փաստած է` մեր ուժը քանակի մէջ չէ, այլ` ոգիի:

………………

Այսօրուան Հալէպը ոչ մէկ առիթ կու տայ ժպտելու` մարդկային արեան ճապաղիքը, մարդու, մանաւանդ քրիստոնեայ տարրի դամոկլեան սուրի տակ ապրելու պարտադրանքը ծանրագոյն իրականութիւններ են, տրամաբանութենէ դուրս, ու սակայն անոնք կան, միլիոնաւոր սուրիացիներու «իրական կեանքն են»: Նման պարագայի պատրանքն է, որ զմեզ կը կապէ այս կեանքին ու գոյութիւնը յաւերժական հայրենիքին:

Հայրենիք` մեր «ցաւին անտեղեակ, դաւին անտարբեր»:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.