
Թուրք հասարակական գործիչ, հրապարակախօս Պասքըն Օրան քանի մը օր առաջ Զմիւռնիոյ մէջ յայտարարած էր, որ 1915 թուականի հայկական կոտորածներէն ետք Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ հարց լուծուած է: Թուրք գործիչին այդ յայտարարութեան խստօրէն արձագանգած էր Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելին, որ Օրանը «հայրենիքի դաւաճան» կոչած էր:
Թրքական «Հապեր Թուրք» պատկերասփիւռի կայանի «Խօսքը քուկդ է» ծրագիրին ընթացքին Պ. Օրան կրկնած էր Զմիւռնիոյ մէջ կատարած իր յայտարարութիւնը` նշելով, որ` «տխրեցնող է, երբ այդ ձեւով կ՛արտայայտուի պետականամէտ մտածելակերպով կուսակցական գործիչը»:
«1915 թուականի հայկական կոտորածներէն ետք մենք Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ հարց լուծած ենք: Բոլոր դիակները լեցուցած ենք դարակները: Այժմ մենք կը վախնանք, որ այդ դիակները մեր վրայ կը թափին, քանի որ մենք զանոնք չենք թաղած», յայտարարած է Պասքըն Օրան:
Ան պառակտիչ կը նկատէ Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած այն դրոյթը, որուն համաձայն, բոլոր քաղաքացիները թուրք կը կոչուին: «Երբ կ՛ըսենք` ազգային պետութիւն, ատիկա հասկնալի է, իսկ երբ կ՛ըսենք` ազգ-պետութիւն, այդ մէկը Աստուծոյ պատիժը կը դառնայ մեզի համար: Առաջնակարգ պէտք է ըլլայ ոչ թէ թրքական ինքնութիւնը, այլ` Թուրքիոյ քաղաքացիութիւնը, քանի որ բոլորին միեւնոյն ինքնութիւնը վերագրելով` երկրին մէջ ապրող միւս ազգերուն ձուլում կը պարտադրուի: Պարզ է, որ այս մէկը անոնց կողմէ չընդունուի եւ դառնայ պառակտիչ», յայտնած է Օրան:
