Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Անկիւնէն. 2015-ը` Անկիւնադա՞րձ

April 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ կը խօսուի Մեծ եղեռնի մօտալուտ հարիւրամեակին մասին, մեծ ակնկալութիւններ կը ցուցաբերուին ոմանց կողմէ: Չ՛ըսուիր սակայն, թէ ինչի՞ վրայ կը հիմնուին այդ ակնկալութիւնները:

Ոմանք կը դատեն, որ անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուինք, ու մեր պայքարի յաջողութեան համար նոր կարելիութիւններ կը բացուին մեր առջեւ: Բայց այդ կարելիութիւնները ուրկէ՞ կը ծագին, եւ ի՞նչ են, դարձեալ շատ յստակ չէ: Կարծես միայն այն իրողութիւնը, որ հարիւր տարի անցած պիտի ըլլայ հայոց դէմ գործուած Մեծ ոճիրին` Ցեղասպանութեան վրայ, բաւարար է արդարացնելու համար այդ յուսադրումը:

Պարզ ակնարկ մը մեր պատմութեան վրայ, սակայն, ցոյց կու տայ, որ ցեղասպանութիւնը սկսած էր 1915-էն շատ առաջ, սկսած էր բազմաթիւ կողմերէ, բազմաթիւ պետութիւններու մեղսակցութեամբ ու մասնակցութեամբ: Հայերը մաքրագործելու, Հայաստանը հայաթափելու եւ Հայկական Բարձրաւանդակին տիրանալու նկրտումները հինէն, շա՜տ հինէն կու գան, ու դարերու ընթացքին այնտեղ մեր թիւի շատնալուն տեղ նուազած ըլլալը հետեւանք է այդ փորձերուն: Հետեւանք է նաեւ մեր ունեցած (կամ չունեցած) ազգային ռազմավարութեան, որ հողին կառչելու, զայն ամէն գնով պաշտպանելու եւ անոր տէր կանգնելու փոխարէն, սեփական գլուխը ազատելու եւ սեփական գոյութիւնը օտար երկինքներու տակ շարունակելու, ատով ալ  հաւաքակա՛ն գոյութիւնը կորսնցնելու վտանգին ենթարկուելու ընտրանքին վրայ հիմնուեցաւ:

Ասիկա շատ պարզունակ ներկայացում մըն է, ի հարկէ, ու այդ ընթացքին, թէկուզ վերջին հազար տարուան ժամանակամիջոցին, այսուամենայնիւ հայը շարունակեց նաեւ պայքարիլ ու փրկել իր արժանապատուութիւնը: Ապա 1915-ին յաջորդեց 1918-ը, կորսուած հայրենիքին փոխարէն` կերտուեցաւ նաեւ հոգեկան հայրենիք մը, որ սփիւռք բնորոշումը ստացաւ:

Եթէ 2015-ը բան մը կրնայ փոխել մեզի համար, եւ այդ փոփոխութիւնը մեզմէ՛ պիտի գայ, այդ պիտի ըլլայ այն գիտակցումը, որ Եղեռնը կանգ չէ առած, որ աշխարհի երեսէն մեր տեսակի վերջնական բնաջնջումը կը մնայ տակաւին մեր «թշնամի»-ներուն ու մանաւանդ մեր «բարեկամ»-ներուն օրակարգին վրայ: Եթէ գիտակցինք ասոր, կը հասկնանք նաեւ, թէ ինչո՛ւ չակերտեցի այդ երկու բառերը, որոնք դիւրաւ կրնանք մէկը միւսին տեղ գործածել` առանց վարանումի: Մանաւանդ գիտակցիլ, որ «չկան յաւիտենական թշնամիներ ու յաւիտենական բարեկամներ, կան յաւիտենական շահեր»: Հռոմը մեր բարեկա՞մն էր, թէ՞ թշնամին: Բիւզանդիո՞նը: Պարսկաստա՞նը: Պաղտատի խալիֆայութի՞ւնը…

Ուրեմն,  եթէ մեր ազգային ռազմավարութիւնը հիմնուած ըլլայ մե՛ր շահին վրայ, այն ատեն աշխարհին կը նայինք տարբեր աչքով: Յաղթողի՛ աչքով, ո՛չ` պարտուողի: Յաղթողի՛, քանի որ բոլոր ջարդերէն ետք, բոլոր նախճիրներէն ետք, բոլոր ցեղասպանութիւններէն ետք բոլոր արտագաղթերէն ետք, վերապրե՛ր ենք: Ո՛չ թէ 100 տարի, ո՛չ թէ 1000 տարի, այլ 10,000 տարի: Զարմանա՞լ, որ այդքան նախանձ, այդքան ատելութիւն, այդքան սադրանք ու ոճիր կը շրջապատեն մեզ…

Այս բոլորին դէմ յանդիման, մերը ինքնապաշտպանութեան ռազմավարութիւն մըն է եղեր ցարդ, այն ալ` գուցէ ո՛չ այնքան յաջող, փոխանակ ըլլալու հակայարձակումի ռազմավարութիւն: Եւ խնդրարկուի` փոխանակ պահանջատէրի: Ինկեր ենք թակարդը: Թշնամի ու բարեկամ, իրե՛նք որոշեր են խաղին օրէնքները, ու մենք իրե՛նց խաղը կը խաղանք: Որքա՜ն ուժ, շունչ ու դրամ կը ծախսենք, որպէսզի պատմական անհերքելի իրողութիւն մը «փաստուի», ճանչնա՜ն մեր դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Մեզմէ ոմանք պիտի ըսէին` «ճիւերո՜ւս»: Պէտք ունի՞նք այդքան իրար անցնելու, թէ ճանչցե՞ր են, թէ՞ չեն ճանչցեր: Սա կրաւորական մօտեցում է, ինքնապաշտպանութեան մօտեցում է, որ սակայն մեր ուժերը քամելէ անդին` մեծ արդիւնքներու չի հասնիր, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհն ալ, դարձեալ` թշնամի ու բարեկամ, ընդունին, որ եղե՛ր է մարդկութեան դէմ այդ մեծ ոճիրը: Հարցը անկէ անդին անցնիլն է, ու ատիկա չի կրնար մեր ներկայ ռազմավարութեամբ իրականանալ: Պիտի դառնանք ներգործական, պիտի անցնինք հակայարձակումի:

Պիտի յարձակինք ա՛յն երեւոյթներուն վրայ, որ աշխարհը այս վիճակին հասցուցեր են, մարդկային հաւաքականութիւնը ենթարկեր են շամբերու օրէնքին, փոխանակ «ազատութեան, հաւասարութեան ու եղբայրութեան» օրէնքները դարձնելու ի զօրու: Եւ այս մեղքը միայն մէկ պետութեան, մէկ երկրի վզին չէ փաթթուած: Հզօրներէն մինչեւ տկարները նման կացութիւններ ստեղծած են` կեղեքելով թէ՛ ուրիշները, թէ՛ ալ իրենք իրենց ժողովուրդները:

Առանց համաշխարհային անարդար իրավիճակին լուծում գտնելու` չենք կրնար ակնկալել, որ Հայկական հարցին լուծում գտնուի: Սա գիտենք Պերլինի խորհրդաժողովէն ի վեր, 1878-էն, որմէ վերադարձին Խրիմեան Հայրիկ «Երկաթէ շերեփ»-ի իր պատմական ճառը արտասանեց:

Երկաթէ շերեփը այն ատեն հրացանն էր` մոսին հրացանը, որ ուսերուն առած` լեռ բարձրացան հայոց մարտիկները` ջա՜ն ֆետայիները: Եւ եղեւ Խանասորի արշաւանք: Եղեւ Սարդարապատ: Այսօր ան ձեւ փոխած է, սակայն Հայոց Հայրիկին պատգամին էութիւնը չէ՛ փոխուած: Այսօր  ռազմադաշտը նոյնը չէ, կռուելու զէնքերը նոյնը չեն, բայց հակայարձակումի ռազմավարութեան կարիքը կը մնայ նոյնը: Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային թէ ընկերային բնագաւառներուն մէջ է կռիւը: Ու մենք բացակայ ենք: Մեր ձայնը լսող չկայ: Ձայն չունինք, որ լսուի: Ձայն, որ պիտի համոզէր բոլորը` թշնամի ու բարեկամ, չակերտաւոր թէ անչակերտ, թէ մեր ներկայութիւնը կենսական է աշխարհի այդ երկրամասին վրայ` որպէս քաղաքակրթիչ ազդակ, որպէս հաւասարակշռող գոյութիւն: Որպէս խաղաղութեան երաշխիք: Հիւսիսի ու Հարաւի, Արեւելքի ու Արեւմուտքի անշրջանցելի խաչմերուկ: Բայց բացակայ ենք: Մեր ապրած երկիրներուն մէջ, թէ` համաշխարհային առումով:

Բոլոր հաւանականութիւնները ի դերեւ հանելով վերապրած ժողովուրդի մը վայել չէ նման բացակայութիւնը աշխարհի բեմերէն, ուրկէ՛ պիտի ըլլայ, պէ՛տք է ըլլայ  հակայարձակումը բոլոր անարդարութիւններուն դէմ:

Եթէ` անկիւնադարձ, ա՛յս իմաստով անկիւնադարձ թող ըլլայ 2015-ը:

Իսկ ինչո՞ւ տակաւին երկու տարի եւս սպասենք…

 

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Պաշտամունք «Ապագան Յիշել»

Յաջորդը

Մոմավառութիւն Եւ Կոմիտաս «Ֆայհա» Երգչախումբին Ելոյթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.