Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ.«ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԻ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

May 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 17 մայիս 2011-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած Ազգային վարժարանի յիսնամեակի պաշտօնական հանդիսութեան:

Արդարեւ, հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, վեհափառը շեշտեց կազմակերպուածութեան ու գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը գաղութի մը կեանքին մէջ: Ան ըսաւ. «Գաղութ մը անհատներու կամ կառոյցներու պատահական ամբողջութիւն մը չէ՛, այլ` պատմութիւն ու նկարագիր, ինքնութիւն ու նպատակ ունեցող ամբողջութիւն է գաղութը իր անդամներով ու կառոյցներով: Հետեւաբար, գաղութ մը որքա՛ն կազմակերպ ըլլայ, ու անոր կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն միջեւ որքա՛ն ներդաշնակ ու սերտ գործակցութիւն ըլլայ, այնքան աւելի գաղութը կը դառնայ հզօր ու կենսունակ»:

Ապա անդրադառնալով Քուէյթի հայ գաղութին ու յատկապէս Ազգային վարժարանի յիսնամեակին` Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց երեք կարեւոր երեւոյթներ. «Ա.- Խումբ մը ազգայիններու յարատեւ աշխատանքը, ամբողջանուէր նուիրումը, որով կարելի դարձաւ դպրոցի յիսնամեակը վերածել համասփիւռքեան դէպքի մը, Բ.- դպրոցի եւ այլ կառոյցներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը, որ դարձաւ յիսուն տարիներու ընթացքին այս դպրոցի յաջողութեան երաշխիքներէն մէկը եւ Գ.- երբ յիսնամեակի առիթով յուշակոթող կը կանգնենք եւ յուշամատեան կը հրապարակենք, անցեալը պէտք է յիշենք ու միաժամանակ յիշեցնենք մեր նոր սերունդին` իր իրագործումներով ու մեծերով»:

Նոյն հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան իր գնահատանքը յայտնեց դպրոցի կատարած դաստիարակչական մեծ գործին եւ ապա կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի գիրը: Այս առիթով նախարարը նախագահին անունով յուշանուէր յանձնեց Ազգային վարժարանին:

Յաջորդաբար խօսք առին դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան եւ Քուէյթի ազգայիններէն տոքթ. Ժան Պեպեճեան: Անոնք ներկայացուցին այս առիթով պատրաստուած յուշամատեանն ու յուշակոթողը: Յայտնենք, որ հանդիսութեան սկիզբը վեհափառը կատարած էր յուշակոթողին բացումը:

Վեհափառին մեկնումէն ետք հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ, որուն ընթացքին յիսնամեակի յանձնախումբին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան յիսնամեակի կազմակերպման նպաստած ազգայիններու:

«ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԸ ԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ»
ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Երկար տարիներ Քուէյթի հայութիւնը ներկայ եկեղեցւոյ շուրջ իր հոգեւոր կեանքը կազմակերպեց. մասնակից դարձաւ անոր կեանքին ու առաքելութեան, եւ զանազան աշխատանքներուն: Ժամանակը հասած է, որ այլեւս սեփականատէրը դառնանք այս եկեղեցւոյ կալուածին: Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծանօթ իրողութիւն է, որ մենք վարձակալ ենք, եկեղեցին` իբրեւ քարեղէն կառոյց, ազգապատկան չէ, պէտք է զայն դարձնենք մե՛ր եկեղեցին բառին ամբողջական առումով: Այս ընելու համար անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրենց մասնակցութիւնը բերեն այս նուիրական աշխատանքին: Սփիւռքի կեանքին մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց տուներուն կողքին շինեցին ազգին տունը` եկեղեցի ու դպրոց: Այս տարի 50-ամեակն է դպրոցին. 50-ամեակի հանդիսութիւններու աւարտին, Քուէյթի հայութեան նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ սեփականատէրը դառնալ իր եկեղեցւոյ: Սա նուիրական, սրբազան պարտք է ձեզի համար», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս Քուէյթ այցելութեան առաջին գիշերը` ի պատիւ իրեն տրուած ժողովրդային ճաշկերոյթի ընթացքին:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը յիշեցուց, որ «եկեղեցին հոգեւորականը չէ՛, եկեղեցին ժողովո՛ւրդն է: «Մենք եւ դուք»ի հասկացողութիւն եւ յարաբերութիւն գոյութիւն չունի եկեղեցւոյ մէջ: Մենք մէ՛կ ամբողջութիւն ենք. եւ այդ մէկ ամբողջութեան շրջագիծին մէջ տարբեր դերեր ունինք: Եկեղեցին ճշմարտօրէն եկեղեցի կը դառնայ ժողովուրդի՛ն մասնակցութեամբ ու ժողովուրդի կեանքի՛ն մէջ: Եկեղեցին հեղինակութեան աղբիւր չէ՛, այլ` ծառայութեա՛ն աղբիւր. ծառայութեա՛մբ է, որ եկեղեցին իր կոչումը կ՛իրագործէ ու ճշմարտօրէն ինքզինք կ՛ըլլայ», իր խօսքը եզրակացուց վեհափառը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ
Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

Քուէյթ իր այցելութեան առաջին օրը, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն տուաւ Հայ առաքելական Ս. Վարդանանց եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ:

Ազգային առաջնորդարանի դարպասին առջեւ վեհափառը ընդունուեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, քահանայ հայրերուն, Ազգային իշխանութեան անդամներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը նուագեց Քուէյթի ու Հայաստանի քայլերգները: Ապա վեհափառը թափօրով ու դպրաց դասին կողմէ  «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Ապա կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը յանուն Ազգային իշխանութեան եւ թեմի ժողովուրդին ողջունեց վեհափառին գալուստը: Ան ըսաւ, որ վեհափառին այցելութիւնը վստահաբար նոր կենսունակութիւն պիտի տայ մեր կառոյցներուն, առաւել պիտի պայծառացնէ մեր եկեղեցին իր կեանքով ու առաքելութեամբ ու հոգեւոր վերազարթօնք եւ ազգային շունչ պիտի բերէ մեր համայնքին:

Վեհափառը իր պատգամին սկիզբը գոհութիւն տալէ ետք Աստուծոյ, որ հինգ տարիներ ետք դարձեալ կ՛այցելէ Քուէյթ, ըլլալու համայնքի զաւակներուն հետ, յայտնեց, որ ներկայ այցելութեան հիմնական նպատակը անձամբ ներկայ գտնուիլ է Ազգային վարժարանի 50-ամեակի տօնակատարութեան, որպէսզի իր գնահատանքը յայտնէ կէս դարու մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ յաջորդ օրը առաւօտուն հանդիպում պիտի ունենայ Քուէյթի իշխանին հետ, որպէսզի անոր փոխանցէ մեր ժողովուրդի երախտագիտութիւնը` համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն ու հոգածութեան համար: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց կաթողիկոսական նախկին փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանին, որ անցնող 8 տարիներուն նուիրումով ծառայեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի հայութեան, ապա ներկայացուց նոր նշանակուած կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ սրբազանը` իրեն մաղթելով յաջողութիւն իր եկեղեցաշէն ծառայութեան մէջ:

Վեհափառին պատգամին հիմնական առանցքը այն էր, որ ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին պէտք է մնան մեր հոգեկան կեանքին ամուր կռուանները:

«Ընտանիքը մեր ժողովուրդին համար սովորական կառոյց չէ: Ան սոսկ այր եւ կնոջ միացեալ կեանքը չէ: Աստուծոյ կողմէ հաստատուած եւ եկեղեցւոյ կողմէ օրհնուած կառոյց է ընտանիքը. հետեւաբար` ան նուիրական է իր խորքով ու նպատակով, իր ծնունդով ու էութեամբ: Մեր ժողովուրդը եւ եկեղեցին բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ մօտեցած են հայ ընտանիքին` զայն նկատելով նոյնիսկ փոքր եկեղեցի: Այսօր հայ ընտանիքը կոչուած է նոյն գիտակցութեամբ ինքզինք վերահաստատելու ու իր կոչումը աւելիով բիւրեղացնելու` դառնալով բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու աղբիւր, հեռու մնալով զինք հայ կեանքէն օտարացնող ու հեռացնող ազդեցութիւններէ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս խօսելով հայ դպրոցին մասին, ըսաւ. «Հայ դպրոցը եւս մեր ժողովուրդին համար դարձած է նուիրական կառոյց: Հայ դպրոցը իր մթնոլորտով, հայեցի դաստիարակութեամբ, մարդակերտումի առաքելութեամբ վճռական դեր կատարած է հայապահպանման մեր պայքարին մէջ: Հետեւաբար, հայ դպրոցը պէտք է պահել առողջ եւ կենսունակ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ: Մեր ժողովուրդի ապագան երաշխաւորող մեր նուիրական կառոյցներէն մէկն է հայ դպրոցը», շեշտեց վեհափառը:

Ի վերջոյ նուիրական եռեակին միւս սիւնը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով` վեհափառը Օծութիւնը ըսաւ. «Եկեղեցին մեզի համար սոսկ աղօթքի տուն չէ՛ դարձած, այլ` Աստուծոյ կենսաւորիչ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան դարձած է բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու շտեմարան: Իր ազգակերտ առաքելութեամբ հայ եկեղեցին դարձած է նաեւ մեր գոյութեան ու յաւերժութեան կռուանը: Նո՛յնն է նաեւ այսօր մեր եկեղեցին: Հետեւաբար, այս երեք նուիրական կառոյցներուն շուրջ պէտք է համախմբուիլ, զանոնք պահենք պայծառ, որպէսզի անոնցմով պայծառանանք», իր խօսքը եզրակացուց վեհափառը:

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ
ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ»
ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Պասսամ Նաամանիի կողմէ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց Լիբանանի հայութեան ամուր կապուածութիւնը իր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: «Իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, մենք պիտի շարունակենք մեր պարտաւորութիւնները լիովին կատարել` միաժամանակ տէր կանգնելով մեր իրաւունքներուն: Լիբանանը զանազանութիւններու երկիր է: Այս է Լիբանանին հարստութիւնը եւ միաժամանակ պատգամը ամբողջ աշխարհին: Սակայն անհրաժեշտ է, որ մեր զանազանութիւնները պահելով հանդերձ, մեր միասնականութիւնը ամրապնդենք», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ, որ ներկայ աշխարհին մէջ հակառակ կրօններու, մշակոյթներու եւ ազգերու ունեցած տարբերութիւններուն, անոնք կոչուած են միասին ապրելու` յարգելով իրենց տարբերութիւնները: Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, ու ներկայ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներուն:

Խօսելով հայութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած հայկական սփիւռքը: Այս ծիրին մէջ ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ արաբական աշխարհի ցուցաբերած սիրոյ ու եղբայրական ոգիին հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը` ի խնդիր արդարութեան:

Վեհափառին խօսքէն առաջ բարի գալուստի խօսք արտասանած էր Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Պասսամ Նաամանի: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան դրական դերին, ինչպէս նաեւ վեհափառի դերակատարութեան, թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ» ԲԱՐԻ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱԹՈՍԵԱՆԻ

Յաջորդը

ՔՈՒԷՅԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՍԻՒՆՆԻ ԵՒ ՇԻԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.