Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խանձարուի Մանուկն Ու Ալեհեր Ծերունին

April 26, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Այս  անգամ քսանչորս ապրիլին Աստուած Պապան ժպտեցաւ մեր երեսին, տասնօրեայ աննպաստ կլիմայի պսակումը` արեւոտ գարնանային պայծառ օր մը շնորհելով, երբ լիբանանահայութիւնը ոտքի ելաւ Այնճարէն մինչեւ Թրիփոլի, որոնց միացանք Պէյրութ ապաստանած սուրիահայերս:

Իրենց երակներուն մէջ ՀԱՅՈՒ ԱՐԻՒՆ հոսողներու  եռագոյն դրօշակներով զարդարուն  ծով մըն էր քայլարշաւի ընթացքը, երբ Նահրի կամուրջի բարձրակէտին կանգնած, ետ ու առաջ դիտելով, գլուխները կը գլէր տեսողութեան սահմանները, «Արմենիա» պողոտայի ամբողջ երկարութեամբ,  մինչեւ Մար Մըխայէլ:

Բացօթեայ հոգեհանգիստ մը` ԱՊՐՈՂ սերունդներու կենդանի երթով դէպի Նահատակաց հրապարակ, ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ անմեռ յիշատակը աղաղակող եւ Հայ դատի անկորնչելիութեան լոզունգներով բազմալեզու պաստառներով:

Հոն էին անխտիր գաղափարական տարբեր հոսանքներէն եւ բոլոր դասակարգերէն, խանձարուրի մանուկն ու ալեհեր ծերունին, յետեղեռնեան հարիւրամեակի հինգ սերունդներ:

Ճամբու ընթացքին հայ պետականութեան մանրանկար` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ջուր կը բաժնէր: Տարիներու երկարութեամբ դէպի Տէր Զօր ուխտագնացութեան երանելի օրերուն Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի հանդիպակաց հրապարակին վրայ տեղացիներ ջուրով, զովացուցիչով, սուրճով եւ թէյով կը հիւրասիրէին մեզ, անոնցմէ ոմանք «ընդում խուալնէ» (դուք մեր քեռիներն էք) կը յորջորջէին:

Արդարեւ, Ցեղասպանութեան եօթանասունամեակին` 1985-ին, երբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ Տէր Զօրի կիսաւեր Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ եւ ծխական վարժարանի շրջափակին մէջ Նահատակաց յուշահամալիրի հիմնարկէքը կատարուեցաւ, մուտքին  տեղացի կիներու յատուկ լաչակներով, երեսները դաջուած ծերունազարդ կիներու խումբ մը դիմաւորեց հայոց կաթողիկոսը. «Ցկեանս նահատակներ»-ն  էին անոնք, որոնք իրենց արեան կանչին հետեւելով` հոն էին այդ օր:

Հիմա այդ եղեռաբախտներն ալ պատմութիւն եղան եւ գացին ու միացան իրենց նահատակ հարազատներուն եւ «Եփրատ նետուող» քոյրերուն:

Բախտաւորներն ալ անօթի, սակայն թշուառութեան մէջ, աւազին վրայ  Ա. Բ. Գ. սորվեցուցին իրենց հոգեհատորներուն:

Հայ մայրը իր վեհ դերին մէջ է այսօր ալ, ան կը շարունակէ իր մայրական կաթին հետ Հայ դատը որպէս կենսական սնունդ ներարկել խանձարուրի մէջ նորածիններուն եւ մանուկներուն, ասոր ականատեսը եղանք քայլարշաւին ընթացքին, որոնց կողքին կը քալէին ամբողջ կեանք մը իրենց առօրեան հայապահպանումը կիզակէտ դարձուցած եւ յոգնութիւնը  չճանչցող ալեհեր հայ ծերունիներ:

Կեանքի  յիշարժան եւ անմոռանալի օր մը ապրեցանք` վերանորոգելով մեր անկորնչելի Դատին հաւատքը եւ հայապահպանման մեր ուխտը:

 

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Ժողովուրդը Գիտէ Նաե՛ւ Դաստիարակել (Քայլարշաւի Խոհեր)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.