Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 7 մայիսին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ:
Աւարտական այս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Շիրակն ու Փիւնիկը:


