Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական Հանդիպում Բեմադրիչ Գարմէն Լապաքիի Հետ

April 23, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 22 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9:30¬ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ հանդիպում մը` բեմադրիչ Գարմէն Լապաքիի հետ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ 98 տարի առաջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեամբ թուրքը կարծեց, որ հայութեան գերեզմանը փորած է արդէն եւ զայն բնաջնջած է գոյութենէն, սակայն ան բացարձակապէս սխալած էր, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ապրող, կերտող եւ գոյատեւող հայը հակադարձող զէնք հանդիսացաւ թուրքին ծրագիրներուն: Անոր համաձայն, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայուն դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները թէեւ մեծ էին, դժուարութիւնները բազմաթիւ էին, սակայն ան կրցաւ յաղթահարել այս բոլորը եւ կրկին շարունակել հայու վայել երթը:

Լ. Գալուստեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին վերաբերող բազմաթիւ հրատարակութիւններու, ժապաւէններու, որոնք նաեւ պատրաստուեցան օտարներու կողմէ, որոնց կարգին է Գարմէն Լապաքին, որ քանի մը ժապաւէններով անդրադարձած է հայութեան, Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին:

Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ան ողջունեց Գարմէն Լապաքիի ներկայութիւնը, անոր տարած աշխատանքը, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ դիտել տուաւ, որ աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը կը մնայ պահանջատէր, իսկ դատը պիտի մնայ կենդանի, այնքան ատեն որ հետապնդող եւ պահանջող սերունդներ կան:

Ապա ան ներկայացուց Լապաքին եւ անդրադարձաւ անոր պատրաստած ժապաւէններուն:

Անկէ ետք Քրիստինա Սրապոնեան յուզումով եւ տպաւորիչ կերպով ընթերցեց իր մօր` Այտա Մահսէրէճեան¬Սրապոնեանի գրած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան գոյատեւման վերաբերող մտորումները:

Իր պատրաստած ժապաւէններէն հատուածներ դիտելէ առաջ Գարմէն Լապաքի անդրադարձաւ հայութեան հետ ունեցած իր կապին, հայութեան նկատմամբ ունեցած իր յարգանքին ու սիրոյն, որոնք մղած են զինք անոնց մասին ժապաւէններ պատրաստելու, անոնց դատը լուսարձակի տակ առնելու: Ան նշեց, որ նկատի ունենալով իր ամուսինին հայ ըլլալը, ան իր զաւակները` Յովհանն ու Վանան հայօրէն կը դաստիարակէ, անոնց կը սորվեցնէ իրենց մայրենի լեզուն, որովհետեւ ամէն մարդ պէտք է պահպանէ իր ինքնութիւնը: Լապաքի դիտել տուաւ, որ կը ցաւի, երբ տեսնէ, թէ խառն  ամուսնութիւններ կնքող ընտանիքներուն մէջ հայոց լեզուն կ՛անտեսուի, որովհետեւ մարդուն ինքնութիւնը կը սկսի իր լեզուով:

Բեմադրիչը հաստատեց, որ հայ ազգը հզօր ազգ է, որ կրցած է յաղթահարել բազմաթիւ խոչընդոտներ:

Անդրադառնալով «Մըն Արամ իլա Արամ» ժապաւէնին` ան յայտնեց, որ Արամը իւրաքանչիւր հայու պատմութիւնն է` հաստատելով, որ ինք մեծ յարգանք կը տածէ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ու նոր կեանք կերտողներուն նկատմամբ: Ան մաղթեց, որ Հայ դատը լուծուի, արդարութիւնը իր ճիշդ ուղին կը գտնէ:

Ապա ներկաները դիտեցին Գ. Լապաքիի պատրաստած ժապաւէններէն ազդեցիկ եւ յուզիչ հատուածներ, որոնք նաեւ մեծ պատգամ կը փոխանցէին: Անկէ ետք բեմադրիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

«Շնորհակալութիւն Զուիցերիոյ` Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ Իր Ցուցաբերած Զօրակցութեան Համար» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Հալէպի Յոյն Ուղղափառ Եւ Ասորի Ուղղափառ Համայնքներուն Առաջնորդները Առեւանգուած

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.