Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ Նուաճած Է Ազատ Ինքնորոշման Իրաւունքը

April 23, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 6 մարտին, Քոնկրեսի Քենըն պատմական պալատին մէջ, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս միացաւ մեծ թիւով այլ քոնկրեսականներու եւ նշեց Արցախի նուաճած ազատութեան քսանհինգամեակը: Այս ձեռնարկը էապէս տօնախմբումն էր Արցախի մէջ անշեղօրէն շարունակուող ժողովրդավարութեան ու ազատութեան երթին: Նախորդող օրերուն բազմաթիւ քոնկրեսականներ նաեւ ելոյթ ունեցած էին Քոնկրեսի նիստերուն` արձանագրելու համար իրենց գնահատանքը Արցախի քսանհինգամեայ ազատութեան:

Բնականաբար այս նախաձեռնութիւնները արդար մատուցումներ են անցնող քսանհինգ տարիներուն ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան իրագործումներուն ժողովուրդի մը կողմէ, որ իր ազատագրական պայքարը սկսաւ 1988-ին ու բռնութեան կապանքները թօթափեց` հռչակելով իր անկախութիւնը 1991-ին: Ասոնք նաեւ կը հանդիսանան վկայութիւնը այժմ հաստատուած այն իրականութեան, որ Արցախ ոչ միայն նուաճած է իր ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, այլեւ շահած է իր անկախութեան իրաւունքը:

Իբրեւ անկախ երկիր թէ իբրեւ վախճանականօրէն Հայաստանի մէկ անքակտելի մասը` Արցախի հայկական ինքնութիւնը անառարկելի է: Արցախ պատմական Հայաստանի տասնհինգ նահանգներէն մէկն էր: Երբ օտար ներխուժող հորդաները կը մասնահատէին Հայաստան աշխարհը, Արցախ պահպանեց իր հայկական իւրայատուկ հողատարածք մը ըլլալու նկարագիրը: Պարսկական կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին Արցախ գոյատեւեց իբրեւ անջատ ու կիսանկախ իշխանապետութիւն` մելիքութիւն:

Խորհրդային շրջանին Մոսկուա ընդունեց Արցախի հողային անջատ ինքնութիւնը եւ, առ այդ, 1923-ին Արցախ վերածուեցաւ «ինքնավար մարզ»-ի, որուն վարչական տնօրինումը յանձնուեցաւ նորաստեղծ Ազրպէյճանին: (Պէտք է արձանագրել, որ պատմականօրէն ու իրաւականօրէն Ազրպէյճան գոյութիւն չէ ունեցած նախապէս: Միայն 1918-ին էր, որ Ազրպէյճան  ի յայտ եկաւ իբրեւ երկիր եւ պետութիւն):

Թէ՛ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները եւ թէ՛ Արցախի ժողովուրդը բողոքեցին Մոսկուայի 1923-ի վարչական տնօրինումին դէմ: Իրականութեան մէջ այս մոսկովեան տնօրինումը արդիւնք էր Եոսեֆ Ստալինի «ազգութիւններու քաղաքականութեան», որ կը միտէր մասնահատել ազգային փոքրամասնութիւնները եւ զանոնք իրարու դէմ լարել:

Ի տես շարունակուող հայկական բողոքներուն եւ դիմումնագրերուն, 1989-ի յունուարին  Մոսկուա վերափոխեց Արցախի կարգավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը վերածելով «ազգագրական-հողային վարչատարածքային միաւոր»-ի, որուն վերահսկումը յետայնու պիտի կատարէր Մոսկուան եւ ոչ թէ Պաքուն:

Իբրեւ Մոսկուայի վերահսկողութեան ենթակայ միաւոր, Արցախի ժողովուրդը, հետեւելով Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան եւ միութենէն անջատման օրէնքներու տրամադրութեանց, դեկտեմբեր 10, 1991-ին ձեռնարկեց հանրաքուէի, որ կատարուեցաւ օտար դէտերու ներկայութեան: Սոյն հանրաքուէի ճամբով Արցախի ժողովուրդը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրեց անկախութիւնը: Այսօր, ազատութեան ոգիի ու գործի կիրարկման, պահպանման ու տարածման քսանհինգամեայ տենդագին աշխատանքէ ետք Արցախ կը ներկայանայ իբրեւ ամէնէն ժողովրդավար, ազատ, թափանցիկ ու արդար երկիրը` ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ մնացեալ բոլոր նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ:

Արցախ ծնաւ ազատութեան պայքարէն ու կը գոյատեւէ ազատութեան կենսագործման համար: Հետեւաբար նման երկրի ու նման ժողովուրդի ծննդեան իրաւունքն է ազատ ինքնորոշումը:

Արցախն ու իր ազատատենչ ժողովուրդը օրինակելի վկայութիւնն են ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հարազատ սահմանումին: Անոնք ունին միատարր ու համերաշխ ինքնութիւն, որ կը կոչուի հայութիւն: Անոնք խոր արմատներով կապուած են հողատարածքի մը, որ կը կոչուի Արցախ: Անոնք ապացուցած են իրենց սեփական ճակատագիրը ժողովրդավարական սկզբունքներով վճռելու կամքը: Անոնք փաստած են ազատ ապրելու եւ ազրպէյճանական հետեւողական հալածանքներէ ազատագրուելու իրենց ձգտումը:

Հողային ամբողջականութեան տեսութիւնը ազատ ինքնորոշման սկզբունքէն գերադասելու ազերիական պատճառաբանութիւնները սին ու դատարկ են: Նախ, Արցախ երբեք, նոյնիսկ խորհրդային շրջանին, ազրպէյճանական հողատարածքին մասը չէ եղած: Երկրորդ, Եւրոպական ապահովութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ 1999-ին Պոլսոյ մէջ որդեգրուած Եւրոպական ապահովութեան ուխտը կը տրամադրէ, որ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ բախումները կառուցողականօրէն կարելի է լուծել միայն ժողովրդավարական դրութեամբ օժտուած երկիրներու մէջ: Այն պարագային, երբ տուեալ երկիրը ժողովրդավարութեամբ չէ օժտուած, խնդրոյ առարկայ ազգային փոքրամասնութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը գերադասէ հողային ամբողջականութեան սկզբունքը: Արցախի ու իր ժողովուրդի պարագային, Ազրպէյճան կը հանդիսանայ ամէնէն հակաժողովրդավար ու բռնակալ պետութիւնը:

Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին դէմ հողային ամբողջականութեան ու անջատողականութեան տեսութիւնները ցցող ազերիական փորձերը անտեղի են իրաւականօրէն, քաղաքականօրէն ու պատմականօրէն:

Նման փորձեր կատարուեցան անցեալին, 1991-ին, երբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնած էր ամերիկեան ծերակոյտին կողմէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման օրինագծի մը որդեգրման: Օրինագծին նկատմամբ ամէնէն ազդու ընդդիմացողն էր ծերակուտական Ճեսի Հելմզ` ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի հանրապետական ղեկավարը: Ըստ Հելմզի, իր ընդդիմութիւնը հիմնուած էր իրեն տրուած այն բացատրութեան վրայ, թէ օրինագիծը անջատողականութիւնը կը քաջալերէր: Երբ Հայ դատի ներկայացուցիչները իրեն բացատրեցին օրինագծի ճիշդ էութիւնը, Հելմզ փոխեց իր դիրքորոշումը: Ապա Հելմզ յայտարարեց օրինագծին իր զօրակցութիւնը` յայտնելով, թէ ինք սկիզբը դէմ էր այն թիւր համոզմամբ, թէ անջատողականութեան քաջալերանք կը կատարուէր, ինչ որ ցաւագին կերպով կ՛ընդունուէր  քաղաքացիական պատերազմ տեսած Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Սակայն իրեն համար ա՛լ յստակ է, թէ Ղարաբաղի ազատագրումն ու անոր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը հայրենիքի միաւորման կը ձգտին:

Երբ օրինագիծը ծերակոյտի լիագումար նիստին ներկայացաւ, ծերակուտական Ճեսի Հելմզ կողմնորոշուեցաւ ի նպաստ Արցախի ազատ ինքնորոշման:

Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող ծերակոյտին օրինագիծը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ:

 

 

Նախորդը

Զսպաշապիկ Պաքուի՞ Համար, Թէ՞ ԼՂՀ-ի Ճանաչման Յաղթարշաւը Սկսուած Է

Յաջորդը

Ճատրակ. Ալեխինի Միջազգային Մրցաշարք. Արոնեան Պարտուեցաւ Իր Կատարած Առաջին Մրցումին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.