Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Ռազմիկ Պերթիզեանի Եւ Տարիա Խտըշեանի «Զգացումներ` Գոյներ Եւ Գիծեր» Ցուցահանդէսի Բացում

April 20, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, երէկ` ուրբաթ, 19 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացումը կատարուեցաւ Ռազմիկ Պերթիզեանի եւ Տարիա Խտըշեանի «Զգացումներ` գոյներ եւ գիծեր» խորագրեալ ցուցահանդէսին:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան, որ ներկայացուց արուեստագէտները, անոնց անցած արուեստի ուղին: Ան նաեւ ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր նախարար Նիքոլա Սահնաուիին: Չոլոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին` հաստատելով, որ այս եւ նման այլ ձեռնարկներու կայացումը այս օրերուն խօսուն վկայութիւնն է այն անհերքելի իրողութեան, որ հակառակ Թուրքիոյ ի գործ դրած հայաջնջման քաղաքականութեան եւ մշակութային սպանդին, հայութիւնը շարունակեց իր ստեղծագործ երթը: Ան աւելցուց, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ հայը թանգարանային ներկայութեան վերածելու սադրանքներուն, հայութեան մշակութային բարձրորակ արուեստի նմուշներն են, որոնք կը զարդարեն այսօր աշխարհի մեծագոյն թանգարանները:

Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց օրուան հովանաւորը: Աւարտին նախարար Սահնաուի արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան բարձր գնահատեց ներկայացուած ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայութեան դիմադրականութեան եւ բոլոր արհաւիրքներէն վերջ գոյատեւելու ու զարգանալու անկոտրում կամքին: Ան հաստատեց, որ հայութեան հաւաքական յիշողութեան դիմաց բոլորս պէտք է ցուցաբերենք յանձնառու եւ պատասխանատու մօտեցում:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 30 ապրիլ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մնչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Աշակերտական Ոգեկոչում «Սիրելի՛ Հրանդ, Համբուրէ՛ Օրհնեալ Ճակատները Իւրաքանչիւր Նահատակի Ու Հերոսի, Եւ Անոնց Ըսէ՛, Որ Մենք Պիտի Շարունակենք Քալել Իրենց Սրբազան Ճանապարհէն» Հաստատեց Մեսրոպեանական Լորի Եթերեան

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արմենոֆասի Հանդիպումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.