Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ Երկիրը` Վատիկանը

April 20, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վատիկանը կը գտնուի Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի կեդրոնը: Զայն կը կառավարէ պապը, որ կաթողիկէ եկեղեցիին պետն է:

Սկզբնական օրերուն Վատիկանը Հռոմի բլուրներէն մէկն էր: Հին ժամանակներուն հոն կառքի մրցումներ տեղի կ՛ունենային, եւ քրիստոնեաները հոն կը չարչարուէին:

Անոնց կարգին էր սուրբ Պետրոս: Անոր գերեզմանին վրայ է, որ կը շինուի Սուրբ Պետրոսի տաճարը, մօտաւորապէս Ք.Ե. 350 թուականին: Մօտաւորապէս 830 թուականին պարիսպներ կը շրջապատեն` անոր շէնքերը: Շինութիւններու այս խմբակը «Պորկօ» կը կոչուի:

Պապերը հոն կը հաստատուին 1377 թուականին: Վատիկանը անկախ երկիր մը կը դառնայ 1929 թուականին:

* * *

Ո՞վ Կ՛ապրի Վատիկանի Մէջ

Վատիկանի մէջ կ՛ապրին կղերական պատասխանատուներ, ինչպէս` կարտինալները, որոնք ցկեանս նշանակուած են պապին կողմէ: Անոնց տարազը, երկար հագուստ մը, միշտ կարմիր գոյնի կ՛ըլլայ. այս գոյնը կը յիշեցնէ խաչին վրայ Յիսուսին արիւնը: Ան կը ներկայացնէ անոնց համաձայնութիւնը` եկեղեցիին ծառայելու մինչեւ մահ:

Կղերականներուն կողքին, Վատիկանը բնակավայրն է նաեւ զուիցերիացի պահակներուն: Աւելի քան 500 տարիներէ ի վեր այս զինուորներն են, որ ստանձնած են պապը եւ Վատիկանը պաշտպանելու պաշտօնը: Այս պահակներու վաշտը կազմուած է 110 զինուորէ, անիկա աշխարհի ամէնէն փոքր բանակն է: Անոնք գունաւոր տարազ մը կը հագուին 1914 թուականէն ի վեր. այդ տարազին գոյները ներշնչուած են Վերածնունդի իտալական պատերուն վրայի գեղանկարներէն:

 

 

 

 

 

Մշակոյթի շրջան մը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ Վատիկանի պետութիւն-քաղաքը  արձանագրած է մարդկութեան առհաւական ժառանգութեան ցանկին մէջ, անոր տաճարին եւ պալատին համար: Ան կ՛ընդգրկէ Սիքսթինեան մատուռը, որուն առաստաղը զարդարած է նշանաւոր Միքէլանճելոն, պապին յարկաբաժինը Վատիկանի գրադարանը, ինչպէս նաեւ` թանգարաններ:

2012 թուականին աւելի քան 5 միլիոն զբօսաշրջիկ, կաթողիկէ կամ այլ, այցելած է այս վայրը:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

Տարածք – 44 հեկտար

Բնակչութիւն – նուազ քան` 900 բնակիչ

Պետութեան ղեկավարը – Պապը

Լեզու – Հոն բնակիչները կը խօսին իտալերէն, անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն. սակայն դիւանագիտական լեզուն (միւս պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու ընթացքին) ֆրանսերէնն է, իսկ ատենական լեզուն (գրուած վաւերագիրեր)` լատիներէնը:

Վատիկանը, ունի իր անձնական դրօշակը, քայլերգը, դրամը (պապին պատկերով տպուած եւրօ), իր նամակատունը եւ թերթը:

 

Հարցարան.

Հին Հռոմէական Աշխարհը

1.- Ո՞վ կրնար քուէարկել հին Հռոմի մէջ.

ա.- Բոլոր այն անձերը, որոնք քաղաքին մէջ կ՛ապրէին,
բ.- Միայն այր մարդիկ,
գ.- Միայն բարձր դասակարգի ազնուականները:

2.- Ո՞վ իսկապէս օրէնքները կը դնէր հին Հռոմի մէջ:

ա.- Ծերակոյտը (խորհրդարանը),
բ.- Կայսրը,
գ.- Ծերակուտականներուն եւ կայսրին կիները:

3.- Հռոմի ծեր կայսրը մահամերձ է: Ո՞վ պիտի դառնայ յաջորդ կայսրը:

ա.- Հին կայսրին ընտանիքէն այր մարդ մը,
բ.- Այր մարդ մը եւ կին մը` մահամերձ` կայսրին ընտանիքէն,
գ.- Հռոմէայեցի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած անձ մը:

4.- Ի՞նչ կը դնէին հռոմէացի կայսրերը իրենց գլխուն վրայ` իրենց կարգը նշելու համար:

ա.- Թագիր,
բ.- Դափնիի տերեւներ,
գ.- Թութի տերեւներ:

5.- Ք. Ա. 45 թուականին Յուլիոս Կեսար որոշեց, թէ տարին քանի՛ օր պէտք է ունենայ:

ա.- 100ք,
բ.- 355,
գ.- 365:

6.- Ի՞նչ բաժանում տեղի ունեցաւ Ք. Ե. 395 թուականին:

ա.- Երկու պապեր նշանակուած էին,
բ.- Կայսրութիւնը երկուքի բաժնուած էր` արեւելեան եւ արեւմտեան,
գ.- Քաղաքացիական պատերազմ մը Հռոմը բաժնեց:

7.- Կայսրութեան մէջէն ո՞ր երկիրը հռոմէացիներուն կը հայթայթէր որսի շուներ, բուրդէ վերարկուներ, արծաթ եւ կապար:

ա.- Սպանիա,
բ.- Անգլիա,
գ.- Կոլ (հին Ֆրանսա):

8.- Օրուան մը աշխատանքը որքա՞ն կը տեւէ, եթէ դուն ագարակի մը մէջ աշխատող հռոմէացի մըն էիր:

ա.- Արեւածագէն մինչեւ կէսօրէ ետքի կիսուն,
բ.- Առտուան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00,
գ.- Արեւածագէն մինչեւ արեւմար:

9.- Ի՞նչ նիւթ Հռոմ կը բերուէր հին աշխարհի հսկայական փոխադրակառքերով:

ա.- Եգիպտացորեն` Եգիպտոսէն,
բ.- Գինի` Յունաստանէն,
գ.- Ձէթ` Սպանիայէն:

10.- Ի՞նչ կ՛ընէին հռոմէացիները, երբ իրենց նուաճած հողերուն վրայ նոր քաղաքներ կը շինէին:

ա.- Կը փորձէին ամէն ինչ ձգել այնպէս, ինչպէս որ էր,
բ.- Կ՛ուզէին Հռոմի մէջ գտնուած շինութիւններուն նման կառոյցներ:
գ.- Կ՛ուզէին ուրիշ հռոմէական քաղաքներու մէջ գտնուած շինութիւններէն աւելի լաւ կառոյցներ:

11.- Ի՞նչ նորութիւն բերաւ Հատրիէն կայսրը:

ա.- Երկար մազ,
բ.- դէմքեր փոշի ներկ,
գ.- մօրուք:

12.- Ի՞նչ կը սորվէին հարուստ հռոմէացի մանչերը գրելու եւ կարդալու կողքին:

ա.- Ինչպէս օգնել տան մէջ,
բ.- Ինչպէս կռուիլ եւ ձի վարել,
գ.- Ինչպէս բանաստեղծութիւն գրել:

13.- Ի՞նչ խաղ կը խաղային հռոմէացի մանուկները:

ա.- Գնդիկ,
բ.- Մոնոփոլի,
գ.- Ֆութպոլ:

14.- Ո՞վ էին կարմիրները, կապոյտները, կանաչները եւ ճերմակները հին Հռոմի մէջ:

ա.- Ֆութպոլի խումբեր,
բ.- Կլատիա թորներու խումբեր,
գ.- Մրցումի կառքերու խումբեր:

15.- Ո՞վ կը կատարէր ամէնէն ծանր աշխատանքներուն մեծ մասը Հռոմէական կայսրութեան մէջ:

ա.- Ստրուկները,
բ.- Շինարարները,
գ.- ուսուցիչները:

16.- Ըստ հռոմէացի գրողներուն, ո՞վ «պէտք է ըլլայ անձ մը, որ վարժուած է ագարակի ծանր աշխատանքներուն իր մանկութենէն» եւ «պէտք է ըլլայ առտուն առաջին արթնցող անձը եւ ամէնէն վերջը քնացողը»:

ա.- Ագարակի ստրուկ մը,
բ.- Ագարակի պատասխանատու մը,
գ.- Ագարակապանի մը կինը:

17.- Ո՞վ էր ամէնէն կարեւոր անձը հռոմէական ընտանիքի մը մէջ:

ա.- Մայրը,
բ.- Հայրը,
գ.- Մեծ հայրերը:

18.- Եթէ կին մը ուզէր բարձր աստիճանի պաշտօն մը ստանձնել հին Հռոմի մէջ, ի՞նչ պէտք է դառնայ ան:

ա.- Փաստաբան,
բ.- Խորհրդական,
գ.- Քրմուհի:

19.- Հռոմէացիները իրենց նուաճած երկիրներու ժողովուրդներէն որդեգրեցին բազմաթիւ չաստուածներ: Անոնց ամէնէն կարեւոր չաստուածները եկած են:

ա.- Յունաստանէն,
բ.- Եգիպտոսէն,
գ.- Անգլիայէն:

20.- Ինչպէ՞ս կը տօնէին հռոմէացիները իրենց չաստուածներուն նուիրուած յատուկ օրերը:

ա.- Անոնք փառատօներ կը կազմակերպէին,
բ.- Անոնք տարեդարձի հաւաքոյթ մը կը կազմակերպէին,
գ.- Անոնք թափօրի մը կը մասնակցէին:

 

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:
Կրնա՞ս ոստիկանին օգնել` գտնելու համար կարկանդակին ճամբան

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս թիւերը զետեղել իրենց համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել հերոսին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1.- բ. Միայն Հռոմի քաղաքացի այր մարդիկն է, որ կրնային քուէարկել: 2) բ. Հին Հռոմի մէջ կայսրը ամենահզօր էր: 3) ա. Կայսրերը միշտ այր մարդիկ էին: Անոնք սովորաբար նախկին կայսրին (որդեգրուած) որդիներն էին, բայց երբեմն կրնային նաեւ հեռաւոր ազգականներ ըլլալ: 4.- Կայսրերը չէին ուզեր, որ մարդիկ իրենց մասին մտածեն իբրեւ թագաւոր, հետեւողաբար դափնիի տերեւներով կազմուած պսակ մը կը դնէին իրենց գլխուն վրայ` խորհրդանշելու համար իրենց զինուորական ուժը: 5.- գ. Ք. Ա. 45  թուականին Յուլիոս Կեսար յայտարարեց, որ տարին պէտք է ունենայ 365 օր, ամէն չորս տարին փետրուար ամսուն մէկ աւելորդ օրով մը: 6.- բ. Ք.Ե. 395 թուականին Թէոդոսիոս կայսրը կայսրութիւնը բաժնեց երկուքի` արեւելեան եւ արեւմտեան: 7.- բ. Անգլիան հռոմէական կայսրութեան հայթայթիչն էր որսի շուներու, բուրդէ վերարկուներու, արծաթի եւ կապարի: 8.- գ. Հռոմէական ագարակի մը մէջ աշխատանքը շատ ծանր էր եւ կը տեւէր արեւածագէն մինչեւ արեւմար: 9.- ա. հսկայական նաւեր եգիպտացորենը Եգիպտոսէն կը փոխադրէին ուտելիք հայթայթելու համար Հռոմի բնակչութեան: 10.- բ. Երբ հռոմէացիները նոր քաղաքներ կը շինէին, հոն հաստատուողները կ՛ուզէին Հռոմի մէջ իրենց տեսած շինութիւններուն նման կառոյցներ: 11.- գ. Մօրուքը շատ ժողովրդականութիւն չունէր հռոմէացի այր մարդոց մօտ, մինչեւ որ Հատրպիէն կայսրը այդ նորոյթը մտցուց Ք. Ե. 2-րդ դարուն: 12. բ. Հռոմէացի մանչերը կը սորվէին այնպիսի գիտելիքներ, որոնք կրնային պէտք գալ պատերազմի պարագային, ինչպէս` ձիավարել, կռուիլ եւ զէնքեր գործածել: 13. ա. Հռոմէացի մանուկները կը խաղային ապակիէ կամ կաւէ շինուած գնդիկներով: 14.- գ. Կարմիրները, կապոյտները, կանաչները Հռոմի կառքերու մրցումի գլխաւոր խումբերն էին, որոնք ունէին իրենց թունդ համակիրները, 15.- ա. Հռոմէական կայսրութեան մէջ ստրուկները կը կատարէին բոլոր ծանր աշխատանքները, ինչպէս` շինարարութիւն, ագարակապանութիւն, մրցարանին մէջ կռիւ: 16.- բ. Ագարակապանի պատասխանատուն կամ «Վիլիքուս»ն է, որ պէտք է մանկութենէն վարժուած ըլլայ ագարակի աշխատանքներուն եւ ըլլայ առաջին արթնցող եւ վերջին քնացող անձը: 17.- ա. Հռոմէական ընտանիքին մէջ ամէնէն կարեւոր անձը հայրն էր, կամ` «փաթերֆամիլիաս»-ը: Անոր կը պատկանէին ընտանիքին միւս բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ` տան մէջ աշխատողներն ու ստրուկները: 18.- գ. Եթէ կին մը ուզէր բարձր դիրքի պաշտօն մը ստանձնել հին Հռոմի մէջ, ան պէտք էր քրմուհի դառնար. միւս բոլոր գործերը միայն այր մարդոց համար էին: 19.- ա. Հռոմէացիներուն համար ամէնէն կարեւոր չաստուածները Ողիմպոս լերան վրայէն յոյն չաստուածներն էին: Անոնց տրուած էին հռոմէական անուններ, ինչպէս, օրինակի համար, Զեւս դարձաւ Ժիւփիթեր: 20.- ա. Հռոմէակիները իրենց չաստուածներուն նուիրուած յատուկ օրերը կը տօնէին կազմակերպելով փառատօներ, որոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենային թափօրներ եւ հաւաքոյթներ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Ապրիլ 1963)

Յաջորդը

Մկրտիչ Միքայէլեանին Կիթառի Համերգը

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.