«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Ապրիլ 3-էն սկսեալ Վանէն ուղղակի թռիչքներ պիտի կատարուէին դէպի Երեւան, եւ երբ կը սպասուէր, որ կայանար առաջին թռիչքը, թրքական կողմը անակնկալ որոշումով մը սառեցուց զանոնք: Հայկական կողմը, որ անակնկալի մատնուած էր այս զարգացումներուն դիմաց, յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի մատը խառն է այս որոշման մէջ:
Թէեւ Երեւան-Վան թռիչքէն առաջ Հայաստանէն ուղղակի թռիչքներ կ՛իրականանան դէպի Պոլիս, Անթալիա եւ Պոտրում, բայց ազրպէյճանական իշխանութիւնները, ըստ հայաստանեան աղբիւրներու, Վանի թռիչքի առնչութեամբ տարօրինակ ու անիմաստ աղմուկ մը բարձրացուցին:
Թրքական կողմը տակաւին չէ յայտնած, թէ ի՛նչ նպատակով սառեցուած են Երեւան-Վան թռիչքները, սակայն Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աճապարեց եզրակացնել, թէ այդ որոշումը տրուած է իրենց պահանջով: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը թռիչքներու յետաձգման առնչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ:
