Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիս Թաղամասը Կորսնցուց Ազգասէր Եւ Նուիրեալ Հայ Մը

April 13, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ. Ա.

«Ամէնքս էապէս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուճ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գո՛րծն  է խօսում լաւ ու վատ,
Ա՛խ, երանի ով մա՛րդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ»:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Քսանմէկերորդ դարուն, երբ արհեստագիտութիւնը իր սրընթաց արագութեամբ նորութիւններ կը ներմուծէ աշխարհին որպէս բարիք, միւս կողմէ մարդկութիւնը կը վերածէ ելեկտրականացած մեքենայի մը` դատարկելով անկէ հիմնականը` մարդկային արժէքը: Դժբախտաբար, այս օրերուն մենք մտահոգ ենք մարդկային յարաբերութիւններու խաթարման ահազանգող երեւոյթէն: Ասոր կը միանան նաեւ գաղափարական եւ ազգային արժէքները, որոնց բացակայութիւնը օր մը մեզ պիտի վերածէ  անգոյն եւ աննպատակ հաւաքականութեան մը: Բայց ժողովուրդ մը անպայման կը ծնի իւրայատուկ անձնաւորութիւններ, որոնք մնայուն յուշարարներ են մեզի` իրենց կեանքով ու գործով:

Այս գաղափարները մեր միտքը խուժեցին, երբ քառասուն օրեր առաջ լիբանանահայութիւնը, Պուրճ Համուտը եւ Նոր Սիս թաղամասը յատկապէս կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը` հաւատաւոր կուսակցական, իսկական հայ, նուիրեալ միութենական եւ անձնուէր հայ մը` Սարգիս Տէր Խաչատուրեանը:

Մարդկային բացառիկ կարողութիւններով օժտուած այս իւրայատուկ հայը մեր ազգային կեանքին մէջ մնաց միշտ պատնէշի վրայ: Հմուտ եւ լաւատեղեակ ըլլալով հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններէն` ան ձեռնարկներու ընթացքին մնայուն կերպով մէջբերումներ կը կատարէր ներկաներուն անուղղակի կերպով փոխանցելով այն պատգամը, թէ միշտ պէտք է կարդանք, սիրենք մեր պատմութիւնը: Ազգային մեծ յիշատակութեանց ընթացքին Սարգիս Տէր Խաչատուրեան կը քաջալերէր ներկայ բազմութիւնը իր բարձրականչ ձայնով` խանդավառելով հազարաւոր հայորդիներ:

Իր բազմաշնորհ ձիրքերը ի սպաս դրաւ նաեւ հայ թատրոնին: Երբ լուրջ նիւթով թատերախաղ մը պիտի բեմադրուէր Սարգիս Տէր Խաչատուրեանին կը վստահուէր կեդրոնական դեր մը: Ան խաղարկութեան ընթացքին կը փոխանցէր  մարդկային տարբեր հոգեվիճակներ, արժանաւոր հայու մը անհատականութիւն եւ յուզումնախառն ապրումներ: Այլ խօսքով, ան իր ստանձնած դերը լաւապէս եւ իւրովի կը մարմնաւորէր բեմին վրայ:

Այս բոլորին վրայ կու գային աւելնալու նաեւ հայ կեանքին մէջ սերունդներու դաստիարակի իր դերը: Ան երկար տարիներ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ, ինչպէս նաեւ Զահլէի նախկին Ազգային Պալիգճեան վարժարանին մէջ ուսուցչական թէ տնօրէնի հանգամանքով հայ ազգի կեանքին մէջ իր անուրանալի ներդրումը ունեցաւ: Ան իսկապէս տագնապեցաւ հայ ուսուցիչին հետ եւ պայքարեցաւ տգիտութեան դէմ` դաստիարակելով բազմահարիւր աշակերտներ, որոնք այսօր յարգանքով կը խոնարհին իր մեծ վաստակին առջեւ:

Տակաւին, կայ աւելին, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր սէրը կ՛արտացոլար նաեւ իր շարականագիտութեամբ եւ եկեղեցագիտութեամբ:

Ան հաւատաւոր դաշնակցական մըն էր եւ փնտռուած ու սիրուած անձնաւորութիւն մը ամէնուրեք:

Յովհաննէս Թումանեանի «Ով մարդ կը գայ ու մարդ կ՛երթայ անարատ» բնորոշումը լաւագոյնս կը յարմարի Սարգիս Տէր Խաչատուրեանի անձին: Դժբախտաբար Ս. Տէր Խաչատուրեանի նման հայութեամբ շնչող եւ մարդկային արժէքներով հարուստ հայու մը վաղաժամ կորուստը մեծ բացակայութիւն պիտի ձգէ մեր կեանքին մէջ:

Իր յիշատակը եւ կեանքին օրինակը երբ կենդանի կը մնայ, այն ատեն Սարգիս Տէր Խաչատուրեանի հոգին իր յաւիտենական հանգիստը պիտի  գտնէ:

Յիշատակդ անթառամ մնայ սիրելի՛ պարոն Սարգիս:

 

Նախորդը

Սարգիս Տէր Խաչատուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Գործին Հաւատացող Դաշնակցականը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.