Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բուրգերուն Միւս Երկիրը

April 13, 2013
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արդեօ՞ք Սուտանը Եգիպտոսէն աւելի բուրգեր ունի` պահուած իր աւազներուն տակ: Երեք տարուան ընթացքին հնագէտներ 35 բուրգեր յայտնաբերած են ափրիկեան այս երկրին մէջ:

Հնագէտները տարբեր չափի, տարբեր ձեւերով 2000 տարուան 35 բուրգեր գտած են Սուտանի հիւսիսը:

Ասիկա զարմանալի յայտնաբերում մըն է: Առաջին հերթին, որովհետեւ անոնց թիւը բարձր է, նաեւ` անոնք մէկը միւսին քով շինուած են: Օրինակի համար, 500 մեթր քառակուսի փոքր տարածքի մը վրայ կան 13 բուրգեր: Ամէնէն մեծ բուրգերուն հիմը 7 մեթր է, իսկ ամէնէն փոքրերունը` 78 սմ: Այս փոքրերը շինուած էին հաւանաբար երեխաներուն համար:

Այս բացառիկ շինութիւնները կը կազմեն շրջանին հին ժամանակներէն ամէնէն մեծ գերեզմաններու շրջանը:

 

 

 

 

 

 

 

Ասիկա զարմանալի չէ: Ք.Ա. 1000 թուականին Քուշի թագաւորութիւնը հոն հաստատուած էր: Անիկա գոյատեւեց աւելի քան հազարամեակ մը: Բազմաթիւ սովորութիւններ նոյնանման էին եգիպտացիներուն սովորութիւններուն, ինչ որ կը վերաբերի, օրինակի համար, կրօնին… եւ բուրգերուն:

Հետախուզական աշխատանքները սկսած են 2009 թուականին Նեղոսի գետէն ոչ շատ հեռու Սետենկայի հնագիտական վայրէն: Անիկա յայտնի էր 10-րդ դարու քրիստոնէական եկեղեցիի մը եւ տաճարի մը աւերակներով: Այլեւս անիկա նշանաւոր է իր բուրգերով:

Գիտէի՞ր, Թէ

– Սուտանի հիւսիսային շրջանը, ուր այդքան բուրգեր կը գտնուին, հին ժամանակներուն կը կոչուէր Նուպի: Քուշի թագաւորութիւնը այդ շրջանին վրայ իշխած է Ք.Ա. երրորդ հազարամեակէն մինչեւ Ք.Ե. 4-րդ դար:

– Եգիպտոսը միակ երկիրը չէ, ուր բուրգեր գոյութիւն ունին: Սուտանի բուրգերուն կողքին, մայաներուն բուրգերը տակաւին կանգուն են Մեքսիքայի կամ Կուաթեմալայի մէջ, Հարաւային Ամերիկա:

– Սակայն Եգիպտոսի մէջ է, որ մենք կը գտնենք ամէնէն մեծ թիւով ամէնէն վեհ բուրգերը…

– Այս ձեւով, նոր բուրգ մը գտնուեցաւ Լուքսորի մէջ (Եգիպտոս): Անիկա ունի մօտաւորապէս 12 մեթր բարձրութիւն եւ 15 մեթր լայնութիւն: Ներկայիս միայն անոր աւերակները մնացած են: Հաւանաբար անիկա փարաւոնի մը կարեւոր նախարարներէն մէկուն էր:

 

Հարցարան

Հին Եգիպտոսի Մասին

1) Ի՞նչ կը կոչուի Ռամսէս 2-րդին նախընտրած կինը:

ա – Կղէոպատրա, բ – Նեֆերթիթի, գ – Նեֆիրթարի

2) Քանի՞ զաւակ ունեցած է Ռամսէս 2-րդ:

ա – 6, բ – 13, գ – 120:

3) Կղէոպատրա 7-րդ դարու սկիզբը իշխեց իր եղբօր` Փթոլեմի 13-ի հետ. սակայն այս վերջինը զայն գահէն հեռացուց: Ո՞վ օգնեց հեռացուած թագուհիին` վերատիրանալու իր գահին:

ա – Մարկոս Անտոնիոս, բ – Յուլիոս Կեսար, գ – Փթոլեմի 14-րդ:

4) Ինչպէ՞ս մահացաւ Կղէոպատրա 7-րդ թագուհին:

ա – Ան արկած մը ունեցաւ խոհանոցի դանակով մը, բ – Անկողինին մէջ, ծերութենէն, գ – Ան ինքզինք թունաւորեց օձի մը խայթուածքով:

5) Ինչպէ՞ս մահացաւ Թութանխամոն թագաւորը:

ա – Հաւանաբար սրտի կաթուածով մը, բ – Ան թունաւորուեցաւ, գ – Ան գլխուն ետեւէն հարուած մը ստացաւ:

6) Ինչո՞ւ Հաթշեփսութ թագաւորը իւրայատուկ էր:

ա – Ան կին էր, բ – Ան բուրգերը շինեց, գ – Ան մերժեց եգիպտական թաղման ընդունուած աւանդութիւնները:

7) Ինչպէ՞ս կը գիտնար փարաւոնը իշխելու կերպը:

ա – Ան փորձեց իր առաւելագոյնը ընել, բ – Ան ունէր խորհրդականներու խումբ մը, որ իրեն կ՛օգնէր, գ – Ան իր ընկերներէն կը խնդրէր իրեն օգնել:

8) Երբ առանց ժառանգորդի փարաւոն մը կը մահանար, սովորաբար ո՞վ անոր կը յաջորդէր:

ա – Իր երկու վարչապետներէն մէկը, բ – Բարձրագոյն կղերականը, գ – Անոր ընտրած ընկերներէն մէկը:

9) Ո՞ր շինութիւնը ամէնէն կարեւորն էր եգիպտական քաղաքի մը մէջ:

ա – Դատարանները, բ – Տաճարը, գ – Քաղաքապետարանը:

10) Ինչո՞ւ Փունթի շրջանը (ուր եգիպտացիները կ՛երթային հեռաւոր վայրերէն եկած ապրանքներ փոխանակելու) խորհրդաւոր է:

ա – Մենք չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կը գտնուի ան, բ – Մենք չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս եգիպտացիները հոն կը հասնէին, գ – Փունթէն եգիպտացիներուն բերած ապրանքները հոն արտադրուած չէին կրնար ըլլալ:

11) Քանի՞ քարի կտորներ գործածուած են շինելու համար Քուֆույի Մեծ բուրգը:

ա – 200, բ – 20,000, գ – 200,000:

12) Ինչպէ՞ս զարդարուած էր Քուֆույի Մեծ բուրգը:

ա – Ամբողջովին ոսկիով պատուած է եւ գոհարեղէններով զարդարուած է, բ – Ճերմակ, ողորկ շաղախի մէջ մխրճուած է, գ – Ճերմակ կրահողով ծածկուած է եւ ունի ոսկի գագաթ մը:

Պատասխանները՝
վերջաւորութեան

 

Աշխարհի Ամէնէն Երկար Գետը`
Նեղոսը

Ափրիկէի մէջ Նեղոս գետին երկարութիւնն է 6,671 քմ, Ուկանտայի եւ Թանզանիոյ Վիքթորիա լիճին վտակներէն մինչեւ Միջերկրական ծով:

Անոր տարբեր խորութիւններուն պատճառով նաւերը կրնան նաւարկել միայն մօտաւորապէս 3,217 քմ-ի վրայ: Նեղոսը կ՛անցնի Ռուանտայէն, Ուկանտայէն, Սուտանէն եւ Եգիպտոսէն: Այս գետը կենսական է ափրիկեան այս երկիրներուն համար: Նեղոսին թանկագին ջուրը կը գործածուի արտերը ջրելու եւ ելեկտրականութիւն արտադրելու:

Եգիպտոսի մէջ կառուցուած Ասուանի ամբարտակը եւ Ասուանի Բարձր ամբարտակը կը գործածուին աշնան ողողումներուն ջուրը ամբարելու` հետագային գործածելու համար:  Նեղոսը կ՛օգտագործուի նաեւ գետին երկայնքին քաղաքէ քաղաք ապրանքներ փոխադրելու համար:

 

Վեհանձն Հրաբուխ Մը

2010-ի գարնան տարօրինակ անունով ֆինլանտական հրաբուխ մը (Էյժաֆժոլլ) իր մոխիրները արձակեց մթնոլորտին մէջ, բազմաթիւ շաբաթներու ընթացքին:

Այս ամպը արգելք եղաւ օդանաւերուն, որոնք չէին կրնար թռչիլ անոր ընդմէջէն: Սակայն ամպին մոխիրները օգտակար եղան ովկիանոսներուն:

Ըստ անգլիացի գիտնականներու, երկաթով հարուստ մոխիրները նպաստեցին ֆիթոփլանքթոններու աճումին: Ծովուն մէջ ապրող այս մանր բոյսերը ծովային բազմաթիւ անասուններու ուտելիքն է: Անոնք մեծ ուրախութեամբ «սեղան պիտի նստին»:

 

Տոկուն Սարդոստայնը

Անգլիացի գիտնականներ կը հաստատեն, թէ Սփայտըր-մենի սարդոստայնի նման ոստայն մը կրնայ դիւրութեամբ շոգեկառք մը կեցնել: Անոնք բազմաթիւ հաշիւներ ըրած են:

Ոստայնի թելին հաստութիւնը եւ տոկունութիւնը անոնց մտածել կու տան «Սփայտըր-մեն 2» ժապաւէնի տեսարանը, ուր հերոսը իր արձակած թելով շոգեկառք մը կը կեցնէ, կարելի է իրագործել:

Յաճախ կ՛ըսուի, թէ սարդոստայնի թելերը պողպատէն աւելի զօրաւոր են: Գիտնականները ուզած են գիտնալ, թէ այս հաստատումը կրնա՞ր իրական ըլլալ ժապաւէնին մէջի  տեսնուած իր չափով:

Եզրակացութի՞ւն: Այդ չափի ոստայնի թելի մը զօրութիւնը կարելի է:

 

Մարդամեքենայ Բարձեր

Ճափոնը նշանաւոր է իր հնարած տեսակաւոր մարդամեքենաներով: Անոր մասնագէտներուն ներկայացուցած վերջին մարդամեքենային օրինակը կը կոչուի «ԶԶԶօօ փիլոու» (ԶԶԶօօ բարձը):

Այս խաղալիքի նման մարդամեքենան կը շնչէ, ունի սիրտ մը, որ կը տրոփէ, եւ 37 ջերմաստիճան, մարդ արարածի մը նման: Ան քնանալու կ՛օգնէ:

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու վանդակները:
Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տղուն համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել վագրին հասցնող ճամբան:

 

 

Կրնա՞ս գտնել ովասիս հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել, թէ քանի՞ որդ կայ պատկերին մէջ. իսկ ընդամէնը` քանի՞ սեւ կէտ:

Պատասխաններ

1) գ – Նեֆիրթարի թագուհի Ռամսէս 2-ի նախասիրած կինն էր: 2) գ – Ռամսէս 2-րդ ունէր բազմաթիւ կիներ եւ հաւանաբար նուազագոյնը` 120 զաւակներ: 3) բ – Յուլիոս Կեսարը Կղէոպատրային առաջին հռոմէացի սիրականն էր: Ան օգնեց թագուհիին` գահը յափշտակելու իր  խորթ եղբայր Փթոլեմիէն: 4) գ – Կղէոպատրա ինքզինք թունաւորեց օձի մը խայթուածքով, երբ ան իր երկիրը կորսնցուց: 5) գ – Թութանխամոնին մոմիան կը բացայայտէ, որ երիտասարդ թագաւորը մահացած է գլխուն ետեւը ստացած հարուածի մը պատճառով: Ան հաւանաբար սպաննուած է: 6) ա- Կիները իրաւունք չունէին փարաւոն ըլլալու. հետեւաբար Հաթշեփսութ ինքզինք Հաթշեփսութ թագաւոր անուանեց երկրին վրայ կարենալ  իշխելու համար: 7) բ – Փարաւոնը ունէր խումբ մը ընտրուած խորհրդականներ, որոնց կարծիքը կը հարցնէր: 8) ա – Պատահած է, որ շարք մը պարագաներու վարչապետը գահ բարձրացած է փարաւոնին մահէն ետք: 9) բ – Տաճարը քաղաքի կեանքին կեդրոնն էր: Տաճարներուն մէջ կրնային գոյութիւն ունենալ գրասենեակներ, դատարաններ եւ երբեմն` հիւանդանոց մը կամ դպրոց մը: 10) ա – Հակառակ անոր, որ հին եգիպտացիները կը խօսին Փունթի մասին, մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ան ո՛ւր կը գտնուէր: 11) գ – Մօտաւորապէս 2 միլիոն քարի հսկայական կտորներ գործածուած են Մեծ բուրգը շինելու համար: 12) գ – Մեծ բուրգը ծածկուած էր ճերմակ կրահողով եւ անոր գագաթը պատուած էր ոսկիի թերթերով:

 

 

Նախորդը

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Մեկնեցաւ Մոսկուա

Յաջորդը

Արժանաւոր Նշում` Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի Մկրտութեան Յիսնամեակին

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.