Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

April 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 7 ապրիլին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցին նշեց իր անուանակոչութիւնը հանդիսաւոր Ս. պատարագով, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը Ժունիէ հասաւ առաւօտեան ժամը 9:30-ին: Եկեղեցւոյ թաղի մուտքին զինք դիմաւորեցին եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղականութիւնը, շրջանի ազգայինները, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ժունիէի մասնաճիւղերու սկաուտները: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, սրբազանը իր շքախումբով ուղղուեցաւ եկեղեցի, որուն մուտքին տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում:

Հանգստանալէ ետք եկեղեցւոյ դահլիճը, սրբազանը դպրաց դասին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներով լեցուն եկեղեցին: Յընթացս Ս. պատարագին իր տուած քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը բացատրեց օրուան խորհուրդը` շեշտը դնելով Քրիստոսի յարութեան նկատմամբ հաւատքին վրայ, որ մարդ անհատին պարգեւեց նոր կեանք` վանելով անոր վախն ու կասկածը:

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգիստ` նուիրատուներու ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

Պատարագը վերջ գտաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներու օրհնութեամբ: Ապա` առաջնորդ սրբազանը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեց ներկաներուն բարեմաղթութիւնները:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, բարեկամներն ու հիւրերը հաւաքուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ` «Մանարաթ Ալ Խայմէ» ճաշարանը: Թաղականութեան ատենապետ Սարգիս Բարմաքսըզեան արտասանեց յաւուր պատշաճի խօսք մը, որուն ընթացքին ան խօսեցաւ ցարդ կատարուած եւ տակաւին շարունակուող շինարարական աշխատանքին մասին, յատկապէս կեդրոնանալով եկեղեցւոյ սրահի ընդլայնումին ու բարեզարդ վերնատան շինութեան վրայ` նուիրատուութեամբ տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Լուսին Գոնիալեաններուն` ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդւոյն` Կարոյին: Վերոյիշեալ սրահին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յունիս ամսուան ընթացքին: Բարմաքսըզեան աւարտեց իր խօսքը բարի ախորժակի մաղթանքով, որմէ ետք սիրոյ սեղանը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:

 

 

Նախորդը

Տիգրան Քոթանճեան` Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Նոր Համալրում «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» Մամուլի Ուսումնասիրութեան Կենտրոնի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.