Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաջորդաբար Երկրորդ Օրն Ըլլալով Տուած Իր Դասախօսութեամբ` Դոկտ. Քլոտ – Արմէն Մութաֆեան Խօսեցաւ «Հայերն Ու Լատին Արեւելքը` Խաչակիրներու Շրջանին» Նիւթին Շուրջ

April 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործակցաբար Մերձաւոր Արեւելքի ֆրանսական հիմնարկին եւ Մարդկային գիտութեանց  միջազգային կեդրոնին (Ժիպէյլ), հնագէտ-ճարտարագէտ Րաֆֆի Չերչեանի նախաձեռնած ու կազմակերպած դասախօսական երկրորդ  ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 5 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժիպէյլի պատմական բերդին կից  «Մինա»-ի հին  շուկային մէջ գտնուող  կեդրոնին մէջ: Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի խորհրդական ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեանի, ակադեմականներու, ուսանողներու եւ պատմասէր, մշակութասէր հայ եւ ոչ հայ բազմութեան ներկայութեան, լիբանանցի ծանօթ ակադեմական դոկտ. Ատոնիս Աքրա  ձեռնարկը բացուած յայտարարեց ողջունելով ներկաները: Ան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց  օրուան դասախօսը, ֆրանսահայ պատմագէտ,  Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (արտասահմանեան) անդամ դոկտ.  Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանը` հակիրճ տողերու մէջ փոխանցելով անոր կենսագրականը: Ապա խօսքը փոխանցեց դոկտ. Մութաֆեանին:

Աւելի քան մէկ ժամուան տեւողութեամբ, դոկտ. Մութաֆեան ֆրանսերէնով խօսեցաւ հայութեան պարզած իրավիճակին մասին Մերձաւոր  Արեւելքի մէջ` լատին-խաչակրական ազդեցութեան շրջանին: Դարձեալ սահիկներու օգնութեամբ պատմագէտ Մութաֆեան  անդրադարձաւ ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն Փոքր  Ասիոյ մէջ տիրող մթնոլորտին` խաչակիրներու հիմնած  պետութեանց  ազդեցութեան լոյսին տակ:  Հիմնուելով «Մերձաւոր Արեւելքի Հայաստանը` ԺԱ.-ԺԴ. դարերուն» խորագրեալ գիրքին մէջ  իր  պատմագրած տեղեկութեանց վրայ` դոկտ.  Մութաֆեան բացայայտեց այդ շրջանին լատին-խաչակիրներու եւ հայերու միջեւ զարգացող յարաբերութեանց ծալքերը, որոնք  հետեւանք էին  քաղաքական, ապահովական, մշակութայինի կողքին նաեւ խնամիական կապերու սերտացման: Փաստօրէն քրիստոնէութեան խորհրդանիշ նկատուող սուրբ քաղաքը` Երուսաղէմը ազատագրելու համար Եւրոպայի խորքերէն Արեւելք ժամանած խաչակրական արշաւանքի  բազմաթիւ հրամանատարներ, կոմսեր ամուսնացան հայ իշխանուհիներու հետ: Այս երեւոյթը թափանցած էր նաեւ Կիլիկիոյ  հայկական թագաւորական արքունիքին մէջ:  Մութաֆեան թուեց հայերէնի եւ ֆրանսերէնի միջեւ լեզուական փոխազդեցութեան նմուշներ, ինչպէս` «թագֆուր տէօ Սիս» (Սիսի թագաւոր) եւ այլն: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց լատին կոմսերու, Լուսինեաններու եւ այլ իշխանական տոհմերու հայերու հետ խնամիական յարաբերութեանց պարզած փոխազդեցութիւնը` քաղաքական, զինուորական, կրօնական, մշակութային, ընկերային, ամուսնական թէ լեզուական առումով: Խիստ տպաւորիչ կերպով ան ներկայացուց Կիլիկեան թագաւորութեան վերջին շրջանի հիմնական դէմքերը: Այդուամենայնիւ, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները իրենց ելեւէջը կ՛ապրէին ըստ տիրող աշխարհաքաղաքական կացութեան` հետեւելով երկու կողմերուն միջեւ համընկնող հասարակաց շահերուն, հետաքրքրութեանց կամ տարակարծութեանց:

Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Գինեձօն Լեւոն Վարդանի «Հարկերը Օսմանեան Եւ Պարսկական Կայսրութիւններուն Մէջ ԺԵ.-ի. Դար» Գիրքին – Բ. Հատոր, (Լ-Ֆ)

Յաջորդը

«Այս Գաղութին Մէջ Կը Գտնուի Սփիւռքի Գիտական, Մշակութային Եւ Կրթական Կարողականութիւնը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հայկ Դեմոյեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.