Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էնկին Արտըչ` Ոչ Իսլամներու Մասին. «Թող Վերադառնան. Բայց Դուք Ալ Անոնց Ձեռքէն Բռնեցէք»

April 5, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Սապահ»-ի սիւնակագիր Էնկին Արտըչ վերջերս իր սիւնակին մէջ անդրադարձած էր փոքրամասնութիւնները ետ կանչելու ուղղութեամբ կատարուած կոչերուն: Նշանաւոր յօդուածագիրը դիտել կու տար, որ չէր բաւեր միայն վերադառնալու կոչ ընել, պէտք էր նաեւ դիւրացնել անոնց վերադարձը, զանազան միջոցներով դիւրութիւններ ընծայել վերադառնալ ուզողներուն: Տրամաբանական այս մուտքէն ետք ան կարգ մը դիտողութիւններ ալ կ՛ընէր փոքրամասնութիւններուն հասցէին:

Արտընչ կ՛ընէր հետեւեալ խորհրդածութիւնը.

«Նորընտիր մշակոյթի նախարար Էօմեր Չելիքն ալ վերջապէս ըսաւ այն, ինչ որ մենք կ՛ըսէինք ասկէ առաջ շարունակ: Ան կոչ ըրաւ Թուրքիայէն հեռացած ոչ իսլամներուն եւ առաջարկեց, որ վերադառնան անոնք: Ըսաւ, որ վերադառնալ ուզողներուն պիտի օժանդակեն մեր դեսպանատուները: Զարմանալի է, որ ՃՀՓ կուսակցութեան նախագահի տեղակալներէն մէկն ալ, կէս բերան ալ ըլլայ, զօրակցեր է մշակոյթի նախարարին: Առ այժմ միայն զօրակցութեան պարապ խօսքեր կան, բայց եւ այնպէս ան աւելի լաւ է, քան թէ հակառակիլը: Այս կոչը անշուշտ այլեւս ուղղուած չէ 90 տարի առաջ գացողներուն եւ դուրսը արմատ արձակողներուն, այլ կ՛ուղղուի վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին գացողներուն: Մասնաւորաբար յոյներուն:

1948-ին Իսրայէլի հիմնադրութեան օրերուն Թուրքիոյ մէջ շերիաթականներու զարթօնքէն խրտչելով` երկրէն խոյս տուած հրեաները կը վերադառնա՞ն: Չենք կարծեր:

Սփիւռքահայերը կը վերադառնա՞ն: Հատուցում ալ վճարէք, չեն վերադառնար:

Իսկ յոյնե՞րը: Նոյնիսկ եթէ ուզեն, կը վախնան: Անոնք հոս գալէ առաջ կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ իսկապէս նոր Թուրքիա մը ծնունդ առած է: Անոնք կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ այլեւս  հակակշիռի տակ առնուած են այն ֆաշականները, որոնք կրնային չարիք գործել իրենց նկատմամբ: Պիտի սպասեն, որպէսզի վստահ ըլլան, որ վերադառնալէ ետք դարձեալ նոյն վերաբերումին պիտի չենթարկուին: Այսինքն կոչ ընելով` հարցը չի վերջանար: Պէտք է նիւթական զօրակցութիւն տալ: Եւ ատիկա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Նախ` վերադառնալու համար դիմում կատարողները կայծակնային արագութեամբ պէտք է ընդունուին Թուրքիոյ քաղաքացիութեան, պայմանաւ որ պահուի նաեւ անոնց Եւրոպայի քաղաքացիութիւնն կամ յունական անցագիրը: Վերադարձողներուն ցած տոկոսով վարկեր բանալ, նոր գործ հաստատելու դիւրութիւններ ցոյց տալ: Եթէ պէտք ըլլայ, պետութիւնը պէտք է վերստին գնէ անոնց բռնագրաւուած կալուածները եւ յարմար գինով մը զանոնք վերադարձնէ վերադարձողներուն: Այլ խօսքով, վերադառնալ ուզողներուն պայման է ցուցաբերել մարդասիրական վերաբերում:

Այնուհանդերձ, հակառակ ամէն բանի, պիտի գտնուին տրտնջացողներ, գանգատողներ: Օրինակ, հիմա կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որպէսզի մեր ոչ իսլամ հայրենակիցներն ալ կարենան պետական պաշտօնեայ դառնալ, բայց դիմող չկայ: Այսինքն անոնք մէկ կողմէ պիտի լան` ըսելով, որ չեն կրնար պետական պաշտօնեայ ըլլալ, միւս կողմէ ալ պիտի դժուարանան հրաժարիլ առեւտուրէն ու յանձնուիլ պետական համեստ ամսաթոշակներու: Է՜հ, ի՞նչ ընենք, սիրելի եղբայր, մենք ալ հիմա կայսրութի՞ւն մը հիմնենք ձեզի գոհացում պատճառելու համար: Քիչ մը իրատես եղէք: Եթէ հոն օր մը ձեր երկիրը դարձեալ յոյն ֆաշականներուն ձեռքը կ՛իյնայ, դուք ալ կը ցաւիք, մենք ալ կը ցաւինք»:

* * *

Ինչպէս կը տեսնուի, Էնկին Արտըչ մէկ կողմէ կը շինէ, միւս կողմէ ալ դիտողութիւններ կ՛ընէ իր պաշտպանած ոչ իսլամներուն հասցէին:

 

 

Նախորդը

Ժողովրդավարական Պայքարին Յաջողութեան Գրաւականը

Յաջորդը

Եկեղեցիին Տեղ Մզկիթ Շինեցին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.