Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 4 ապրիլին, տեղի պիտի ունենան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:
Նշենք, որ առաջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախանցեալ օր, հիւրընկալ երկու խումբերն ալ` ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ, յաղթանակ արձանագրեցին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մութթահետ Թրիփոլի Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Իսկ երկրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), երեկոյեան ժամը 20:30-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ Անդրանիկ Պէյրութը եւ Ռիատի Պէյրութը:


