Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարսողական Խանգարումներ» Նիւթով

April 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 3 ապրիլ  2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարսողական խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց վիրաբուժ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը

նշեց, որ մարսողական խանգարումներուն պատճառները այլազան են` ամէնէն պարզ անմարսողութեան ցաւերէն եւ խիթերէն մինչեւ բարդ հիւանդագին վիճակներ:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով վերին մարսողական ուղին եւ անոր բնական եւ անբնական վիճակներն ու կացութիւնները: Ան նշեց, որ մարսողական ուղին կը սկսի բերնի խոռոչով, այստեղ է, որ կը սկսի ածխաջուրերու մարսողական ընթացքը: Բերնի խոռոչին մէջ կը գտնուին թքարտադրութեան երեք գեղձեր, որոնց արտադրութեամբ կը սկսի մարսողական ընթացքը:

Բերնի խոռոչի շարունակութիւնը կը հանդիսանայ ըմպանը, որ իր կարգին կը բաժնուի շնչափողի ու կերակրափողի: Ըմպանին միջոցով է, որ ճաշը մինչեւ կերակրափող կլլելու եւ հասնելու ընթացքը տեղի կ՛ունենայ: Կուլ տալու տարբեր տեսակի խանգարումները ունին իրենց պատճառները` առնչուած ջղային համակարգի, ստամոքսի տարբեր խանգարումներու եւ այլն: Պէտք է յիշել, որ կուլ տալու տարբեր դժուարութիւնները կանուխ ազդանշան են ուղեղային տարբեր հիւանդութիւններու, զորս կրնայ խնդրոյ առարկայ անհատը դիմագրաւել:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան բացատրեց կերակրափողի պարտականութիւնները: Անիկա երկար խողովակ մըն է` կոկորդէն մինչեւ ստամոքս երկարող: Կերակրափողի տարբեր խանգարումներու ախտանշանը կրնայ ըլլալ կրծքացաւը: Դասախօսը բացատրեց, որ այս պարագային մասնագէտ բժիշկի դիմելը ճիշդ որոշում է` ճշդելու կրծքացաւի պատճառներուն մարսողակա՞ն, թէ՞ սրտանօթային ըլլալու հաւանականութիւնը:

Յաջորդ բաժինը  մարսողական համակարգի` ստամոքսն է: Նկատի պէտք է ունենալ, թէ սպիտակուցներու մարսողական ընթացքը կը սկսի ստամոքսին մէջ` ստամոքսի թթուի արտադրութեամբ: Ստամոքսը նաեւ կ՛արտադրէ պիքարպոնաթը, որ իր կարգին կը չէզոքացնէ ստամոքսի գերթթուայնութիւնը:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց, որ մեր ճաշի պատառները պէտք է ըլլան փոքր ու հանդարտօրէն պէտք է կուլ տանք զանոնք: Ասիկա կ՛օգնէ անհատին` ունենալու աւելի հանգիստ մարսողական ընթացք:

Դասախօսը յիշեց ստամոքսի հետ առնչուած երկու կացութիւն, առաջինը, երբ ստամոքսի թթուն տարբեր պատճառներով կը բարձրանայ մինչեւ կոկորդ, ասիկա կրնայ պատճառել տարբեր անհանգստութիւններ` կոկորդի եւ ստամոքսի: Երկրորդը ստամոքսի խոցի (իւլսեր) պարագան է, ասիկա ստամոքսի գերթթուայնութեան արդիւնքը կրնայ ըլլալ:

Մարսողական համակարգին հետ առնչուած երկու երեւոյթներու մասին խօսելով` տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան նշեց ստամոքսի ճողուածքը եւ անոր տարբեր տեսակները, յիշեց նաեւ աֆթի յայտնութիւնը եւ յաճախականութիւնը բերնին մէջ ու անոր պատճառները:

Աւարտին դասախօսը բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Յաջորդը

Վարուժ Ներկիզեան Պարգեւատրուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բարձրագոյն` Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Շքանշանով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.